Նահատակ գրագէտ Ռուբէն Սեւակի դուստրը՝ 102-ամեայ Շամիրամ Սեւակ


Տիգրան Եկաւեան auroraprize.com-ի վրայ կը գրէ‚ որ Շամիրամ Սեւակի Ֆրանսայի Նիս քաղաքի իր տան մէջ պատուոյ տեղ կը գրաւէ մանկութեան լուսանկար մը‚ որուն մէջ անոր կողքին են անոր եղբայրն ու մայրը։ Սակայն այս մէկը ընտանեկան արձակուրդի մը ուրախալի պահի մը անմահացումը չէ։ Խոժոռադէմ նշեալ երեք անձերը լուսակարուած են 1915-ի աշնան՝ Պոլսոյ մէջ։ Անոնց մայրը սեւ հագած է՝ իբրեւ սուգի նշան‚ անոնց հայրը յաւիտեանս հեռացած է։ Մեծ դժբախտութիւն մը անդառնալի կերպով փոխած է այս ընտանիքին ճակատագիրը։

«Այս էր լուսանկարը այն անցագրին‚ որուն շնորհիւ Գերմանիոյ դեսպանին օժանդակութեամբ կարողացանք փախուստ տալ»‚ կ’ըսէ Շամիրամ։ 1915-ին‚ ան հազիւ մէկ տարեկան էր‚ իր եղբայրը՝ Լեւոնը՝ 3։ Անոնց մայրը՝ Ճենին կը փորձեր Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն կապ հաստատել Գերմանիա գտնուող իր աներ հօր հետ։ «Չէինք կրնար դուրս ելլել‚ սահմանները փակուած էին»‚ կը վերյիշէ Շամիրամ՝ աւելցնելով. «Պատերազմ էր եւ ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ էր։ Բնաջնջումի վտանգը կը դիմագրաւէինք»։

Հայրական Ուժեղ Կերպար մը

Շամիրամ ծնած է Պոլիս 10 յուլիս 1914-ին։ Ան չէ ճանչցած իր հայրը։ Վերջինս ձերբակալուած է‚ երբ ան երեխայ էր եւ երբեք չէ վերադարձած։ Սակայն անոր ազդեցութիւնը այսօր եւս կը զգացուի‚ ընտանիքին եւ ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ։ Ռուբէն Չիլինկիրեան կը շարունակէ հայ գրականութեան մէջ ականաւոր դէմք մը մնալ։ Շամիրամ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին շարունակած է մնալ կախարդական ազդեցութեանը տակ իր հօր‚ որ բացակայ է‚ սակայն զարմանալիօրէն ամենուրեք։ Շամիրամի սենեակը զարդարուած է իր սիրելի ծնողքին լուսանկարներով։ «Անոնցմէ երբեք չեմ բաժնուիր»‚ կ’ըսէ ան՝ աւելցնելով. «Տեղ մը յաւիտեանս մնացած եմ մանուկ մը»։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՊՈԼԻՍ

1914-ի սկիզբը‚ պատերազմի սկիզբէն առաջ Ռուբէն կ’որոշէ վերադառնալ Պոլիս։ Ճենին‚ որ Շամիրամով յղի էր՝ նուազ խանդավառ էր։ «Հայրս չէ ուզած մտիկ ընել մօրս։ Ան այս ծրագիրին դէմ էր»‚ կ’ըսէ ան։ Ռուբէն իբրեւ բժիշկ նկատառելի համբաւ շահած էր‚ սակայն կ’երազէր վերադառնալ եւ իր ժողովուրդին ծառայել։ Կ’ուզէր հայերէն բժշկական պարբերաթերթ մը հրատարակել եւ ժամանակը յատկացնել բանաստեղծութեան ու գրական աշխատանքի։

Երբ պատերազմը սկսաւ‚ Ռուբէն Օսմանեան բանակի բժշկական բաժանմունքին մէջ սպայ մըն էր։ Անոր թուրք հրամանատարները Չանաքալէի պաշտպանութեան ընթացքին անոր քաջութիւնն ու հաւատարմութիւնը մատնանշած են։ Սակայն երբ վերադարձաւ Պոլիս‚ մարդիկ անոր դուռը զարկին եւ հրամայեցին որ դուրս գայ։ Օրը 22 յունիս 1915 էր։ «Հայրս ձեւով մը գիտէր‚ որ մօրս վերստին երբեք պիտի չտեսնէ»‚ կ’ըսէ Շամիրամ՝ աւելցնելով. «Վերջին խօսքերը եղան. «Երբեք մի մոռնար‚ որ զաւակներդ հայ են»։ Հայ մտաւորականներու շարքին ձերբակալուելով՝ Ռուբէն վեց օր ետք աքսորուեցաւ Չանկիրի‚ ուր թուրք զինեալ աւազակի մը՝ հայասպան Աթապաշ Իսմայիլի դուստրը դարմանեց։ Երբ անոր աղջիկը սիրահարուեցաւ երիտասարդ բժիշկին՝ անոր հայրը Ռուբէնին կոչ ուղղեց իսլամանալու‚ աղջկան հետ ամուսնանալու եւ խաղաղութեամբ ապրելու։ Ռուբէն մերժեց։ 28 օգոստոս 1915 թուակիր վերջին հեռագիրին մէջ Ռուբէն իր կնոջ յայտնեց‚ որ իր բարեկամին՝ Դանիէլ Վարուժանին հետ զիրենք կը փոխադրեն Այաշ։ Անոնք երկուքը սպաննուեցան նոյն օրը՝ Սափալի մօտ ճամբուն վրայ։

 

 

ՃԵՆԻԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

Ռուբէնի ձերբակալութենէն ետք՝ Ճենին դիմեց իր հօր օժանդակութեան։ Ան կը յուսար‚ որ գերմանական բանակէն հանգստեան կոչուած Ֆրանց Ափփել Տոր պիտի կարողանայ գերմանական եւ օսմանական իշխանութիւններուն մօտ ազդեցութիւն բանեցնելով իր ամուսինին ազատ արձակումը ապահովել։ Հարցը հասաւ իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակին‚ սակայն ի զուր։ «Մայրս հրաժարեցաւ Գերմանիոյ հպատակութենէն եւ 1918-ին ստացաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը։ Մեզի հետ երբեք գերմաներէն չխօսեցաւ եւ միշտ մերժեց այդ երկիր վերադառնալ։ Ես կէս գերմանացի եմ‚ սակայն երբեք Գերմանիա չեմ այցելած»‚ կ’ըսէ Շամիրամ։

 ՓՈՐՁ ՄԸ ԵՒՍ

Փոքր ընտանիքը հաստատուեցաւ Փարիզի մէջ։ Ճենի Աւետիս Ահարոնեանին նամակ գրելով խնդրեց‚ որ իր զաւակներուն հայերէն կրթութիւն ստանալուն օժանդակէ։ 1918-ին պատերազմը վերջացաւ եւ Ռուբէն Սեւակի ծնողքը Շամիրամն ու անոր եղբայրը հիւրընկալեցին Սիլիվրիի մէջ‚ ուր մեծ ագարակ մը ունէին։ Սակայն երբ քեմալականները դաշնակից ուժերը երկրէն վտարած են Շամիրամի մայրը իր զաւակներուն վրայ վախնալով վերադարձած է Փարիզ։

Շամիրամ շատ մը առիթներով այցելած է Հայաստան եւ հպարտ էր տեսնելով երկրին հերոսներու անուններուն շարքին իր հօր անունը։ Նոյնիսկ այսօր ան կը հաւատայ‚ թէ իր ընտանիքին պատմութիւնը պատմելը կարեւոր է։ «Բան մը զիս պաշտպանեց։ Զիս հոգացող կար եւ այդպիսով վկայի մը վերածուեցայ։ Տակաւին կենդանի եմ‚ որովհետեւ պէտք վկայութիւն տամ»‚ կ’ըսէ ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.