Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Քէպէքի Միացեալ Մարմնի Կոչը


ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

 Սիրելի հայրենակիցներ.

Գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք թէ համագործակցութեան այն ոգին, որու միջոցաւ մեծ յաջողութեամբ իրագործուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու շարքը Գանատայի տարածքին, կը քաջալերէ մեզ որ նոյն ոգիով եւ համաժողովրդական մակարդակով շարունակենք նշել Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը, արժանավայել կերպով յարգելու մեր նահատակներու անմոռաց յիշատակը եւ հաստատելու մեր արդար պահանջատիրութեան եւ հաւաքական աննկուն կամքը:

Այդ նպատակաւ նախնական քայլերը առնուած են ու կազմուած է Միացեալ Յանձնախումբ մը, համագաղութային տարողութեամբ ընթացք տալու միացեալ ձեռնարկներու կազմակերպութեան, սկսելով յառաջիկայ Ապրիլեան նշումներու շարքէն: Այս գործակցութիւնը պիտի ստանայ մնայուն բնոյթ ամբողջ տարուան ընթացքին համագաղութային չափանիշով նշելու համար համազգային տարողութեամբ միջոցառումներ:

Միասնականութեան նախընթացը որ ստեղծուեցաւ վերջին շրջանին Գանատայի հայ գաղթօճախի տարածքին եւ որ հետզհետէ յաւելեալ թափով կը ծաւալի, վստահ ենք թէ պիտի արժանանայ մեր ժողովուրդի բարձր համարումին ու քաջալերութեան:

Յարգանքներով՝

Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Քէպէքի Միացեալ Մարմին

Մոնթրէալ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.