Հայկական Հարցը Թաղելու Կոչուած Մոսկուա֊յի Դաշնագրի 95-ամեակ
Նազարէթ Պէրպէրեան
1Մարտ 16-ին, 95 տարի առաջ, Լենինի Ռուսաստանն ու Մուսթաֆա Քեմալի Թուրքիան պաշտօնապէս ստորագրեցին Հայկական Հարցը թաղելու կոչուած միջ-պետական պայմանագիր մը։
16 Մարտ 1921-ին կնքուած տխրահռչակ Մոսկուայի Դաշնագրով՝ պոլշեւիկեան Ռուսաստանը եւ քեմալական Թուրքիան պաշտօնապէս «նուիրագործեցին» նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան յօշոտումն ու, իբրեւ պատերազմական գողօնի, բաժանումը իրենց միջեւ։
Դաշնագիրը ինքնին իրաւական ոչ մէկ ուժ կը ներկայացնէր. ո՛չ ստորագրող կողմերը իրենք, պայմանագրի կնքման պահուն, միջազգային ճանաչում վայելող պետութիւններ կը ներկայացնէին, ոչ ալ իրենց կնքած «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» Դաշնագիրը, միջազգային իրաւունքի օրէնքով, կրնար պարտաւորիչ ըլլալ պայմանագրութեան մասնակից չեղող Հայաստանի համար։
Բայց ի՜նչ Միջազգային Իրաւունք, ի՜նչ Միջազգային Օրէնք։
Լենիններն ու Քեմալները արդէն գաղտնաբար կնքած էին սադայէլական զինակցութիւն մը՝ ընդդէմ այսպէս կոչուած «Եւրոպական Կայսերապաշտութեան»…
Յանուն Ցարիզմի եւ Սուլթանութեան տապալման ու սեփական իշխանութեան հաստատման՝ Լենինի «պոլշեւիկներ»ը եւ Քեմալի «ազգայնականներ»ը կենաց-մահու կռիւ կը մղէին։ Եւ ինչպէս Ցարի ու Սուլթանի ժամանակ բազում անգամներ, այս անգամ եւս, թուրք եւ ռուս պետական քաղաքականութիւնները, իրարու դէմ կռուելու փոխարէն, «բնական դաշնակիցներ» գտած էին իրար մէջ…
Թուրքեւխորհրդային այդ գաղտնի զինակցութիւնը իր առջեւ նպատակ դրած էր՝ Օգոստոս 1920-ին կնքուած Սեւրի Դաշնագիրը խափանելու համար, առաջին հերթին կործանել անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ ճզմելով ազատ, անկախ ու միացեալ ապրելու հայ ժողովուրդին արդարագոյն իրաւունքն ու անկապտելի ձգտումը։
Այդօրինակ մեղսակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 1920-ին, Կարմիր Բանակն ու Քեմալական Զօրքը միաժամանակ խուժեցին Հայաստանի վրայ, երկու կրակի մէջ առին հայոց անկախ պետականութիւնը, գրաւեցին Հայաստանի մեծ մասը եւ հանգիստ չառին՝ մինչեւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրեցին անձնատուութիւնը եւ… պոլշեւիկեան իշխանութեան հաստատումը։
Հետեւաբար, պոլշեւիզմն ու քեմալիզմը իրողապէս զգետնած էին արդէն Հայաստանը 1921-ի սկզբնաւորութեան, երբ ռազմաքաղաքական իրենց գաղտնի զինակցութեան «մեղքի պտուղ»ը, պաշտօնապէս եւ օրինականօրէն ամրագրելու համար, Հայաստանի ռազմի դաշտերէն հեռու՝ դէպի Մոսկուա տեղափոխեցին եւ բանակցութեանց սեղաններուն շուրջ շարունակեցին թուրքեւռուսական զինակցութիւնը…
Ի վնաս Հայաստանի՝ ողբերգութիւնը նաեւ այն էր, որ 1921 թուականին ամբողջ աշխարհը բռնուած էր անտառի օրէնքով շարժելու խելացնոր տենդէն։ Իրաւունք, Արդարութիւն եւ Օրէնք պարզապէս կապուած էին զօրեղներու սուրի ծայրին։ Ով ուժ ունէր՝ կը յափշտակէր ինչ որ կ՛ուզէր եւ ինչ որ կրնար ձեռք ձգել։ Եւրոպայի առանցքին շուրջ թաւալող հին աշխարհը իր վերջալոյսը կ’ապրէր։ Դաշնակից Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան խօլ մրցապայքարի մէջ էին՝ Ա. Աշխարհամարտին պարտութիւն կրած Կայսերական Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարական թագաւորութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան լուծին տակ գտնուող տարածքները, իբրեւ պատերազմական աւարի, իրենց միջեւ բաժնելու համար։
Մեծապետական եւ աշխարհատիրական այդ անյագ մրցավազքին փաստօրէն լծուեցան նաեւ Քեմալական Թուրքիան ու Լենինեան Ռուսաստանը, որոնց առաջին զոհը դարձաւ հայոց պետականութիւնը՝ ռազմական ծանրագոյն պարտութիւն կրելով եւ հիմնական հողեր կորսնցնելով։
Թուրքեւխորհրդային բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ պաշտօնապէս սկսան 1921-ի Փետրուար 26-ին եւ պսակուեցան «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դաշնագրի» մը ստորագրութեամբ Մարտ 16-ին։
Խորհրդահայ աղբիւրներու համաձայն՝ թուրքեւխորհրդային նախնական համաձայնութիւնը ա՛յն էր, որ Մոսկուայի բանակցութիւնները ընթանային քառակողմ հիմունքով՝ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Այդ նպատակով Մոսկուա ժամանած էր նաեւ Հայաստանի Փետրուար 18-ի համաժողովրդային Ապստամբութեան հետեւանքով իշխանութենէն վտարուած պոլշեւիկներու Հայաստանի Յեղկոմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ «Արտաքին գործերի Կոմիսար» Ալ. Բեկզադեանի գլխաւորութեամբ: Նոյն աղբիւրները կ’աւելցնեն, թէ հայկական կողմը պատրաստուած էր Մոսկուայի բանակցութեանց ընթացքին պահանջելու, որ վերականգնուի մինչեւ 1920 թուականի Հայ-Թրքական պատերազմը եղած սահմանագիծը եւ Հայաստանին վերադարձուին Կարսի ու Սուրմալուի գաւառները:
Սակայն թրքական կողմը կտրականապէս դէմ կեցաւ բանակցութիւններուն հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեան: Այդպէս ալ եղաւ եւ բանակցութիւնները ընթացան երկկողմ՝ հակառակ անոր, որ ուղղակիօրէն Հայաստանի ճակատագրին կը վերաբերէին։
Եւ 1921 թուի Մարտ 16-ին կնքուեցաւ Մոսկուայի ռուս-թուրքական «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» պայմանագիրը, որ կը բաղկանար 16 յօդուածներէ եւ յաւելուածներէ: Ստորագրող երկու կողմերը կը համաձայնէին չճանչնալ որեւէ հաշտութեան պայմանագիր կամ միջազգային քայլ, որ կողմերուն կը պարտադրուէր՝ ուժի կիրարկումով:
Ռուսաստանը կը համաձայնէր չճանչնալ Թուրքիոյ վերաբերեալ եւ անոր Ազգային Մեծ Ժողովին (Քեմալի ապստամբական շարժման ձեւական խորհրդարանը) կառավարութեան կողմէ չճանչցուած որեւէ միջազգային քայլ։ Անշո՛ւշտ, խօսքը կը վերաբերէր առաջին հերթին Սեւրի Դաշնագրին եւ զայն մերժելու թուրքեւխորհրդային պայմանաւորուածութեան:
Դաշնագրով կը ճշդորոշուէր Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը, որ Հայաստանը եզերելով պիտի անցնէր Ախուրեան եւ Արաքս գետերով: Թուրքիոյ կը զիջուէր Կարսի մարզը, ինչպէս նաեւ երբեւէ Թուրքիոյ կազմին մէջ չգտնուած Սուրմալուի գաւառը: Դաշնագրի 3-րդ յօդուածով, իբրեւ ինքնավար տարածք, երրորդ կողմին (այսինքն՝ Հայաստանին) չզիջելու պայմանով, Ատրպէյճանին կը յանձնուէր Նախիջեւանը: Ռուսաստանը կը պարտաւորուէր Անդրկովկասեան Հանրապետութիւններու նկատմամբ ձեռնարկել քայլերու, որպէսզի անոնք ճանչնային Դաշնագրին մէջ առկայ եւ իրենց վերաբերող յօդուածները:
Վերջին կէտով Ռուսաստանի վրայ դրուած պարտաւորութիւնը կ’ակնարկէր յատկապէս Հայաստանի, ուր Փետրուար 18-ի համաժողովրդական ապստամբութեամբ պոլշեւիկներու Յեղկոմը տապալած էր եւ իշխանութեան գլուխ անցած էր Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն։
Քեմալական Թուրքիան կը պահանջէր Խորհրդային Ռուսաստանէն, որ «կարգի հրաւիրէ» Հայաստանը եւ անոր պարտադրէ Մոսկուայի Դաշնագիրը, յատկապէս սահմանագծման հարցով։
Ոչ միայն Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն, այլեւ Մայիս 1921-էն ետք իշխանութեան վերադարձած նոր Յեղկոմը մերժեցին ենթարկուելու Մոսկուայի Դաշնագրի տրամադրութիւններուն։ Ամիսներու վրայ երկարած ճնշումներէ ետք, միայն Սեպտեմբեր 1921-ին, Մոսկուա ի վիճակի եղաւ Հայաստանի իր գաղափարակիցներուն ստիպել, որ պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը մասնակցին Կարսի մէջ բացուած թուրքեւխորհրդային բանակցութեանց լրացուցիչ փուլին։
1921 թուի Սեպտեմբեր 26-ին, Կարսի մէջ, Ռուսաստանի մասնակցութեամբ՝ մէկ կողմէ Թուրքիոյ, իսկ միւս կողմէ Խորհրդային Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսան բանակցութիւններ՝ Մոսկուայի Դաշնագրի հիման վրայ միջ-պետական սահմանային հարցերը իբր թէ կարգաւորելու համար:
Այդպէ՛ս, 13 Հոկտեմբեր 1921-ին նաեւ Խ. Հայաստանի կողմէ ստորագրուած Կարսի Դաշնագրով՝ Խորհրդային Ռուսաստանը խորքին մէջ ստիպեց Հայաստանին, որ ճանչնայ եւ ընդունի Մոսկուայի Դաշնագրով Թուրքիոյ ի նպաստ կատարուած բոլոր զիջումները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հաշւոյն։
Ահա թէ ի՛նչ առումով տխրահռչակ եղաւ Մոսկուայի Դաշնագիրը, որուն ստորագրութեան 95ամեակը կը լրանայ այսօր՝ Մարտ 16-ին։
Տխրահռչակ, բայց նաեւ միջազգային Իրաւունքի ու Օրէնքի առումով անվաւեր մնաց Մոսկուայի Դաշնագիրը։
Եւ պատահական չէ, որ թրքական պետութիւնը մինչեւ այսօր կը փորձէ, պատեհ թէ անպատեհ ամէն առիթ չարաշահելով, Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին պարտադրել Մոսկուայի Դաշնագրին հետեւողութեամբ միջ-պետական պայմանագրի մը ստորագրութիւնը, որպէսզի միջազգային օրինականութիւն ապահովէ հայ ժողովուրդէն բրտօրէն իր խլած հայրենի մեր հողերուն… իւրացման։
Թրքական այդ սադրանքին վերջին, այլեւ նորագոյն վկայութիւնը եղան այսպէս կոչուած Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները, որոնք վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան փորձեցին պարտադրել բռնագրաւեալ մեր հողերը ցեղասպան ու զաւթիչ թուրք պետութեան զիջելու… դաւաճանութիւնը։
Ճիշդ է, հայ ժողովուրդի անվեհեր ծառացումին շնորհիւ սառեցուած է այսօր Հայեւթուրք Արձանագրութեանց վաւերացումը, բայց Հայաստանի պաշտօնական ստորագրութիւնը դեռ ետ չէ առնուած եւ Մոսկուայի Դաշնագրին ուրուականը, Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութեանց տեսքով, կը շարունակէ սպառնալ մեր ժողովուրդի սրբազան դատին ու պահանջատիրական պայքարին։