ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը $160 հազար տոլար կը նուիրէ ՀՕՄ-ի վարժարանի մանկամսուրին
Մանկամսուրը կոչուեցաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մանկամսուր
«Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նշանաբանին հաւատարիմ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը $160 000 տոլարի իշխանական նուէրով կը մասնակցի Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի մանկամսուրի շինարարական աշխատանքներուն, որուն պաշտօնականացումը տեղի ունեցաւ 10 Փետրուար 2016-ին։
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք նաեւ որ մանկամսուրը անուանակոչուեցաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մանկամսուր։
«Ռուբինա» մասնաճիւղը կը շարունակէ տարեկան դրութեամբ 45 հազար տոլարի նուիրատութեամբ մասնակցիլ դպրոցի ի նպաստ թելեթոնին։ Այսպէս 2015-2016 տարեշրջանին ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին դպրոցի նպաստը կը հասնի $205.000-ի, հարիւր շնորհակալութիւն եւ վարձքերնին կատար բոլոր ընկերուհիներուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ ՀՕՄ-ի հայանպաստ, կրթական, մարդասիրական, առողջապահական, ընկերային, հասարակական, հայրենանուէր ընդհանուր գործունէութեան ամէնուրէք։
ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէ Թորոնթօ