Ազատամարտիկ Դուշման Վարդանը այսօր կը դառնար 50 տարեկան


Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի հրա­շա­զօր յաղ­թա­նա­կը ազ­գո­վին նո­ւա­ճե­ցինք հե­րո­սա­կան հա­յոր­դի­նե­րու թան­կա­գին ա­րեամբ՝ ա­նոնց ա­նե­րեր հա­ւատ­քին եւ ան­սա­կարկ անձ­նա­զո­հու­թեան ան­պար­տե­լի ու­ժով։

Ա­զա­տա­մար­տիկ այդ ­Սե­րուն­դին ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն էր կրա­կի մկրտու­թեամբ ­Դուշ­ման ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած ­Վար­դան Ս­տե­փա­նեա­նը, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Մարտ 9ին։

Դուշ­ման ծնած էր 1966ին, Ե­րե­ւան: ­Հիմ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած էր Ե­րե­ւա­նի ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ա­նո­ւան թիւ 32 միջ­նա­կարգ դպրո­ցին մէջ, ուր ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած էր իր գե­րա­զանց յա­ռա­ջա­դի­մու­թեամբ, ինչ­պէս որ կը վկա­յեն կեն­սա­գիր­նե­րը: ­Ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն շատ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցած է գրա­դա­րա­նի մէջ, ուր կ­þաշ­խա­տէր մայ­րը: Իր ըն­թեր­ցում­նե­րուն ծան­րու­թեան կեդ­րո­նը ե­ղած են ­Չա­րենց, ­Թու­մա­նեան եւ ­Շի­րազ: ­Գիր­քե­րու աշ­խար­հին հետ իր այդ կա­պո­ւա­ծու­թեամբ ­Վար­դան ­Դուշ­ման մտաւ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի հնո­ցը, ուր թրծո­ւե­լով՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց.-

«- Ե­րա­նի այն մար­դուն,որ ­Մա­սիս սա­րը տուն կը բե­րի:

«- ­Սա­տա­նա­յի հետ էլ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցեմ, միայն թէ ազ­գին ծա­ռա­յե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն լի­նի:

«- Ես այն կու­սակ­ցու­թեան զի­նո­ւո­րը կը լի­նեմ, ով զէնք կը տայ հայ­րե­նի հողն ու հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:

«- ­Հայ ա­սե­լով՝ ես հաս­կա­նում եմ Ե­ղեռն, ­Պայ­քար, ­Տա­ռա­պանք ու ­Վե­րա­կեն­դա­նա­ցում»։

1983ին, ա­ւար­տե­լով դպրո­ցը՝ ­Վար­դան աշ­խա­տան­քի ան­ցած է Ե­րե­ւա­նի բուր­դէ հիւ­սո­ւածք­նե­րու գոր­ծա­րա­նին մէջ: 1984ին կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ան­ցած է Աֆ­ղանս­տան տե­ղա­կա­յո­ւած խորհր­դա­յին բա­նա­կի կազ­մին մէջ: Ինչ­պէս ինք պի­տի խոս­տո­վա­նէր հե­տա­գա­յին, ­Վար­դան իր բա­նա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան ժա­մա­նակ կ­þե­րա­զէր տի­րա­պե­տել ռազ­մա­կան ա­րո­ւես­տի հմտու­թիւն­նե­րուն: ­Կար­ծէք կը նա­խազ­գար, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կը սպա­սո­ւէր պա­տե­րազմ մը, որ պի­տի ըլ­լար աֆ­ղա­նա­կա­նին չափ եւ ա­ւե­լիով դա­ժան ու ա­րիւ­նա­լի.

– «Աֆ­ղանս­տան ծա­ռա­յե­լու գնա­ցի կա­մա­ւոր, ու­զում էի լաւ կռո­ւել սո­վո­րել եւ կռո­ւե­ցի: ­Վատ զի­նո­ւոր չեմ ե­ղել եւ միշտ հա­ւա­տա­ցել եմ, որ մի օր ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի զի­նո­ւոր եմ լի­նե­լու»…

Զօ­րաց­րո­ւե­լէ ետք, ­Վար­դան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի Ի­րա­ւա­բա­նա­կան բա­ժի­նը: Ուս­ման նո­ւի­րո­ւած այդ ժա­մա­նա­կը շատ կարճ տե­ւեց սա­կայն։ 1988ին բռնկե­ցաւ Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան շար­ժու­մը եւ 22ա­մեայ հա­մալ­սա­րա­նա­կա­նը, իր սե­րուն­դի «լա­ւա­գոյն տղերք»ի օ­րի­նա­կով, ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խեան պայ­քա­րին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մե­րօ­րեայ շղթա­յա­զեր­ծու­մին յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն դառ­նա­լով։

Շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ փու­լե­րէն ­Վար­դան ճա­նա­չում ու յար­գանք նո­ւա­ճեց ոչ միայն ա­զա­տա­մար­տիկ իր ըն­կեր­նե­րուն, այ­լեւ ժո­ղովր­դա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Իր կեն­դա­նու­թեան իսկ դար­ձաւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րոս։

«­Դուշ­ման» մակ­դի­րը ստա­ցաւ՝ ռազ­մի ճա­կատ­նե­րուն վրայ իր քա­ջա­գոր­ծու­թեանց եւ մար­տու­նա­կու­թեան հա­մար։

Ար­ցա­խեան իր գոր­ծու­նէու­թեան սկզբնա­կան փու­լին իսկ ­Վար­դան միա­ցած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին եւ գա­ղա­փա­րա­կան այդ պոր­տա­կա­պը մղում տո­ւաւ ­Դուշ­մա­նի հե­րո­սա­կան եր­թին։ Ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց ֆե­տա­յա­կան խո­յան­քը Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին՝ ­Նի­կոլ ­Դու­ման­նե­րու եւ Հ­րայր Դ­ժոխք­նե­րու հա­րա­զատ ժա­ռան­գորդն ու մե­րօ­րեայ կեն­դա­նի մարմ­նա­ւո­րու­մը դառ­նա­լով։ Ֆե­տա­յա­կան այդ ներշն­չու­մով ալ ­Դուշ­ման չէր ծամծ­մեր բա­ռե­րը՝ երբ ընդվ­զու­մով կը խա­րա­նէր պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը իր սերն­դա­կից­նե­րուն.

– «Ա­մօթ՝ այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րի հա­մար, ով­քեր գնում են ­Ռու­սաս­տան եւ դառ­նում այն­տեղ հնո­ցա­պան կամ մե­խա­նիկ: ­Թուր­քիան մեր դա­րա­ւոր թշնա­մին է, ո՞վ պէտք է դառ­նայ զի­նո­ւոր կամ սպայ, ո՞վ պէտք է կռո­ւի»:

Դուշ­ման միայն 26 տա­րի ապ­րե­լու բախտ ու­նե­ցաւ. ե­րի­տա­սար­դա­կան իր լա­ւա­գոյն չորս տա­րի­նե­րը՝ 1988էն 1992, նո­ւի­րա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան։ ­Քա­ռա­մեայ այդ հե­րո­սա­պա­տու­մը նաեւ ար­ձա­նագ­րո­ւած է հա­մա­պա­տաս­խան գրա­կա­նու­թեամբ եւ ­Դուշ­ման այն ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րէն է, ո­րոնց մար­տա­կան կեն­սագ­րու­թիւնն ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը բաց եւ յա­ւերժ ու­սա­նե­լի գիրք են հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ ­Նաեւ՝ մար­տա­կան իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ յղա­ցո­ւած եր­գե­րով եւ տե­սա­նիւ­թե­րով ան­մա­հա­ցան գործն ու կեր­պա­րը ­Վար­դան ­Դուշ­մա­նի, ո­րուն մօտ հայ­րե­նի հո­ղին պաշ­տա­մուն­քը ան­հուն եւ ան­սահ­ման էր։

Ա­կա­նա­տես կեն­սա­գիր­ներ կը վկա­յեն, թէ ձեռ­քով կը վերց­նէր բուռ մը հող եւ կ­þու­տէր զայն՝ պա­հան­ջե­լով, որ նոյ­նը ը­նեն նաեւ իր մար­տիկ տղա­նե­րը: ­Յե­տոյ կը սկսէր խօ­սիլ՝ պատ­գա­մե­լով, որ «մեր եր­կի­րը, մեր հո­ղը մեր մայրն է, եւ աշ­խար­հում նրա­նից ա­ւե­լի քաղցր բան չկայ: ­Սի­րէք նրան, ինչ­պէս սի­րում էք ձեր հօրն ու մօ­րը, ո­րով­հե­տեւ մեր հո­ղը մեր բո­լո­րիս ծնողն է»:

Յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի են ­Դուշ­մա­նի գոր­ծու­նէու­թեան վեր­ջին ա­միս­նե­րու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան Ար­ցա­խեան պայ­քա­րի յաղ­թա­նա­կով պսա­կու­մին մէջ։

Ինչ­պէս որ կեն­սա­գիր­նե­րը կը պատ­մեն՝

«1991ի ­Հոկ­տեմ­բե­րի 30ին, «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» ջո­կա­տի կազ­մում, ո­րի հրա­մա­նա­տարն էր Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նը (­Բե­կոր), ­Դուշ­ման մաս­նակ­ցում է Լ.Ղ.Հ. ­Հադ­րու­թի շրջա­նի ­Տող գիւ­ղի ա­զա­տագր­ման մար­տե­րին: Այ­նու­հե­տեւ ­Վար­դա­նի ջո­կա­տը մտնում է ­Քա­րագ­լուխ գիւղ, ո­րը ադր­բե­ջան­ցի­նե­րի կող­մից ի­րա­կա­նա­ցո­ւած «Օ­ղակ» օ­պե­րա­ցիա­յի ար­դիւն­քում ա­ւե­րակ էր դար­ձել:

«­Վար­դա­նի տղեր­քի յա­ջորդ յաղ­թա­նա­կը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ա­րո­ւար­ձան Կրկ­ժա­նի` ադր­բե­ջա­նա­կան ա­մուր յե­նա­կէ­տի ոչն­չաց­ման ուղ­ղո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւնն էր` 1992 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւա­րի 22ին: Կրկ­ժանն ու­ղիղ կապ ու­նէր ­Շու­շիի հետ, որ­տե­ղից թուր­քերն ա­նընդ­հատ մարդ­կա­յին ու ռազ­մա­կան հա­մալ­րում էին ստա­նում: Կրկ­ժա­նի հա­մար մղո­ւող դիր­քա­յին մար­տե­րը տե­ւե­ցին ա­ւե­լի քան մէկ ա­միս եւ ա­հա ե­կել էր վճռա­կան յար­ձակ­ման անց­նե­լու պա­հը: ­Հայ­կա­կան գրո­հը սկսո­ւեց գի­շե­րը՝ եր­կու ուղ­ղու­թեամբ: ­Քա­րին ­Տա­կի յաղ­թա­նա­կը դար­ձաւ հայ­կա­կան ու­ժե­րի ա­ռա­ջին խո­շոր յաղ­թա­նա­կը Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մում: ­Սա դրեց հա­յե­րի ի­րար յա­ջոր­դող յաղ­թա­նակ­նե­րի սկիզ­բը:

«­Յա­ջորդ կա­րե­ւո­րա­գոյն յաղ­թա­նակ­նե­րից էին ­Խո­ջա­լո­ւի կրա­կա­կէ­տե­րի ոչն­չա­ցու­մը ­Փետ­րո­ւա­րի 25-26ի գի­շե­րը եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի ու Ս­տե­փա­նա­կերտ-Աս­կե­րան աւ­տօ-ճա­նա­պարհ­նե­րի բա­ցումն ու ա­զա­տագ­րու­մը ա­զե­րի­նե­րից: ­Գոր­ծո­ղու­թիւնն ի­րա­կա­նա­ցո­ւեց փայ­լուն կեր­պով եւ դար­ձաւ անգ­նա­հա­տե­լի յաղ­թա­նակ Լ.Ղ.Հ. մայ­րա­քա­ղա­քի ու շրջա­փակ­ման մէջ գտնո­ւող բնա­կա­վայ­րե­րի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար:

«­Դուշ­մա­նը վստա­հու­թիւն էր ներշն­չում իր տղա­նե­րին: Ն­րա հա­մո­զո­ւա­ծու­թիւ­նը, որ հա­յե­րը ան­պայ­ման կ­þա­զա­տագ­րեն Ար­ցախ աշ­խար­հի պատ­մա­կան ­Շու­շի մայ­րա­քա­ղա­քը, ո­գեպն­դում էր տղեր­քին: ­Շու­շի մտած ա­ռա­ջին հրա­սայ­լը «­Հայ­րե­նի­քի ա­նու­նից սխրանք­ներ գոր­ծել եւ հա­ւա­տալ յաղ­թա­նա­կին՝ ա­հա սա՛ է մեր ու­ժի աղ­բիւ­րը»: Եւ հայ զէն­քի, հայ զի­նո­ւո­րի իս­կա­կան սխրան­քը դար­ձաւ հնա­մե­նի ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը ադր­բե­ջա­նա­թուր­քա­կան 72ամ­յա գրա­ւու­մից: Ա­նա­ռիկ բերդ յի­շեց­նող ­Շու­շի մտած ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րի մէջ ա­ռա­ջին­նե­րից էր Ա­շոտ ­Բե­կո­րի գլխա­ւո­րած ա­ռա­ջին՝ դաշ­նակ­ցա­կան վաշ­տը, ո­րի մէջ մտնում էր նաեւ ­Դուշ­ման ­Վար­դա­նի գլխա­ւո­րած խում­բը»:

…­Մա­յիս 1992ի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Վար­դան ­Դուշ­ման գրո­հի մէջ ե­ղաւ՝ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու հայ­րե­նա­կերտ մեծ խո­յան­քին յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րէն։ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք հա­լա­ծեց ա­նարգ թշնա­միի տա­կա­ւին դի­մադ­րող ու­ժե­րը եւ միշտ յաղ­թա­նա­կով պսա­կեց իր ձեռ­նար­կած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ ը­սո­ւած խօսք է ­Դուշ­մա­նի այն կան­խա­տե­սու­մը, թէ՝ «Ես պա­տե­րազ­մին շատ եմ պէտք, ինձ գնդակ չի կպչի, իսկ ե­թէ զո­հո­ւեմ, միայն դա­ւա­դիր ա­կա­նից կը լի­նի»։ Ինչ­պէս կ­’ը­սեն՝ մե­ծե­րը կը նա­խազ­գան գա­լի­քը… Այդ­պէս ալ ե­ղաւ. ­Դուշ­ման զո­հուե­ցաւ 1992 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 3ին, Ար­ցա­խի ­Միւ­րի­շէն գիւ­ղի մեր­ձա­կայ­քը, դա­ւա­դիր ա­կա­նի պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով… երբ իր ըն­կեր­նե­րուն՝ Ե­րո­յի (Ար­մէն Ե­րի­ցեան) եւ Ա­րա­յի­կի (Ա­րա Ա­ւա­գեան) հետ մար­տա­կան ա­ռա­ջադ­րանք կը կա­տա­րէին Լ.Ղ.Հ. ­Մար­տու­նի շրջա­նին մէջ։ Իր կտակն էր՝ «Ե­թէ զո­հո­ւեմ` զի­նո­ւած, մա­քուր հագ­նո­ւած կը գաք թաղ­մանս ու գլխիս տակ դա­շոյն կը դնէք, որ էն աշ­խար­հում էլ պայ­քա­րեմ»։

Վար­դան ­Դուշ­մա­նի մար­մի­նը յանձ­նո­ւե­ցաւ իր այդ­քա՜ն սի­րե­լի հո­ղին` Ե­ռաբ­լու­րի մէջ։

Դուշ­ման ­Վար­դա­նի մայ­րը՝ տի­կին ­Զա­րի­կը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով իր որդ­ւոյն գոր­ծը շա­րու­նա­կող­նե­րուն, ա­ռի­թով մը ը­սած է.

«- Ես սգա­ւոր մայր չեմ, ես ­Դուշ­ման ­Վար­դա­նի մայրն եմ, ես մայր եմ հե­րո­սի, ո­րի միակ պա­կա­սը օ­տա­րի ոտ­քե­րի տակ տնքա­ցող հողն էր»:

Իսկ հե­րո­սին քոյ­րը՝ տի­կին Ար­մի­նէ, եղ­բօր յի­շա­տա­կին յայտ­նած է, որ՝

«- ­Վար­դա­նը ի­մը չի, մօր բա­ժի­նը չի, մեր ըն­տա­նի­քի­նը չի, էս ժո­ղովր­դի՛նն է: Ա­մէն մարդ իր հո­գու խոր­քում իր ­Վար­դանն ու­նի, ու ամղն մարդ իր սէրն է ար­տա­յայ­տում իր բա­ժին ­Վար­դա­նի նկատ­մամբ»:

Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ֆե­տա­յա­կան խո­յան­քը մարմ­նա­ւո­րած ան­մո­ռա­նա­լի ­Դուշ­մա­նի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ­þար­ժէ եզ­րա­փա­կել ազ­գա­յին հե­րո­սի մար­տա­կան ըն­կե­րոջ՝ այժ­մու Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի կող­մէ ­Վար­դան ­Դուշ­մա­նի ­Տուն-­Թան­գա­րա­նի յու­շա­մա­տեա­նին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.

– «Ես խո­նարհ­ւում եմ մեր բո­լոր հե­րոս­նե­րի յի­շա­տա­կի առ­ջեւ, ո­րոնց շնոր­հիւ այ­սօր հայ ժո­ղո­վուրդն իր խա­ղաղ կեան­քով է ապ­րում: Ես խո­նարհ­ւում եմ ­Վար­դա­նի ո­գու առ­ջեւ, որ այ­սօր էլ սփռւում է ­Հա­յաս­տա­նով մէկ եւ դաս­տիա­րա­կում մա­տաղ սերն­դին, եւ խո­նարհ­ւում եմ մայ­րե­րի առ­ջեւ` յան­ձին (­Վար­դա­նի մօր) տի­կին ­Զա­րու­հու, որ նրանք պահ­պա­նում ու բազ­մա­պատ­կում են հե­րոս­նե­րի սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը»։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.