Թուրքիոյ կայսերական ախորժակները եւ հաճոյակատարներու կամաւոր կուրութիւնը


            Եթէ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ արդարութեան մասին ճառող ղեկավարութիւնները դադրէին բառերու եւ ճկոյթի ետին թաքնուելու խաղէն…

Քաղաքագէտներ եւ մեկնաբաններ չեն վարանիր խօսելու Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի կայսերապաշտական շահերու հիման վրայ առաջին աշխարհամարտէն աւարտին գծուած սահմաններու մասին:

            Ոչ ոք կը համարձակի խօսիլ նոյն առաջին աշխարհամարտի աւարտին օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ստեղծուած Թուրքիոյ սահմաններուն մասին, որոնց մէջ ներառնուած են ճնշուած եւ ճնշուող ժողովուրդներու հայրենիքներ, որոնց համար ոչինչ փոխուեցաւ, Օսմանի տիրապետութեան տակ էին, մտան ազգայնամոլ թուրք իշխանութեան  տիրապետութեան տակ, ուր աղօթքի պէս, դպրոցներու եւ բանակի մէջ կը կրկնուէր՝ «Երանի անոր որ թուրք եմ կ’ըսէ» (Նէ մութլու թիւրք իմ տիյանէ)…:

            Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արեւմուտքը գիտէր, գիտէ: Պաղ պատերազմի հրամայականները կը ստիպէին չլսել եւ չտեսնել, եւ Թուրքիոյ ձեռքերը ազատ կը ձգէին նոր Հանրապետութեան մէջ փոքրամասնութիւն դարձած ժողովուրդներուն հետ ըստ կամս վարուելու: Արտօնեալի թելադրած տրամաբանութեամբ, Թուրքիոյ մէջ զարգացաւ բռնագրաւուած հայրենիքներու թրքացումը, հալածանքները անպակաս եղան, տուրքեր դրուեցան փոքրամասնութիւններու վրայ, բռնագրաւուեցան կալուածներ, Հայկական Հարց եւ ցեղասպանութիւն գիրքերէ եւ հանդիսութիւններէ անդին չանցան:

            Ներկայի անբնական կացութիւնը կը յիշեցնէ ֆրանսական առածը, որ կ’ըսէ, թէ վանեցէք բնականութիւնը եւ ան քառասմբակ կը վերադառնայ (chassez le naturel, il revient au galop): Հիմա աշխարհ կը գտնուի իր ցարդ տեսնել չուզած քաոսին առջեւ: Թուրքիոյ նախագահը հաստատած է դէպի բռնատիրական վարչակարգ ընթացացք. «փոքրամասնութիւններ»ուն դէմ հալածանք, ռազմական բրտութեամբ յարձակումներ, քաղաքներու ռմբակոծում: Բիւզանդիոնի ոստանը, դարձած Իստամպուլ, ամէն օր թատերաբեմ է բախումներու, կամայականութիւններու, օրէնքի անտեսման, ձերբակալութիւններու: Կը փակուին թերթեր, կը լռեցեն դէպի ազատութիւն արթնցող գիտակցութիւնը, լրագրողներ կը բանտարկուին, կրնան ցկեանս բանտի մէջ մնալ:

            Այս է իրականութիւնը: Բերանաբաց թոշակառու զբօսաշրջիկները միշտ կրնան հիանալ Վոսփորի գեղեցկութեան, տեսնել եւ լուսանկարել մզկիթի վերածուած Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական եկեղեցին, երթալ թանգարան այլ ժողովուրդներու մշակութային իւրացուած ժառանգութիւնը դիտելու: Անոնք հետաքրքրուած չեն պայթումը նախորդող ժողովրդային եւ ժողովուրդներու ցասումի դղրդիւնով:

            Արեւմուտքն ալ ինքզինք կը խաբէ գունաւոր պատկերներու տողանցքով եւ կը շարունակէ պաղ պատերազմի օրերու շահագրգռութիւններու սովորութեամբ անտեսել կայսերական երազանքով զարգացող Թուրքիոյ հիմերու ցնցումը: Գիտնականններ եւ թրքական հարցերու մասնագէտներ առարկայական կերպով կը գնահատեն նոր դրութիւնը, բայց պետութիւններ չեն լսեր, կը խցեն իրենց ականջները, չեն ուզեր հաւատալ, որ միջազգային կացութիւնը ոչ հեռու ապագային պիտի վատթարանայ եւ պիտի ունենայ աննախատեսիլի ծանրակշիռ հետեւանքներ: Ղեկավարները ունին ընտրուելու եւ իշխանութիւն պահելու մտահոգութիւն:  Թուրքիոյ մէջ եւ դուրսը անդրադարձողներ կան: «Ճումհուրիյէթ» եւ «Զաման» թերթերը շատ սուղ կը վճարեն իրենց մեղքին համար, ճշմարտութիւնները հրապարակելով եւ քննադատելով վարչակարգի դէպի բռնատիրութիւն շեշտուող ընթացքը: Հաստատուած է ոստիկանական դրութիւն: Կ’ամբաստանուին եւ կը դատապարտուին լրագրողներ, դատաւորներ, ընդդիմադիրներ: Եւ ինչպէս անցեալին, Օսմանի օրով, ամբոխի կիրքին, մոլեռանդութեան եւ ազգայնամոլութեան կեր կը հայթայթուի, այդ ամբաստանեալները կը ներկայացուին որպէս հայրենիքի դաւաճաններ:

            Զարմանալի է: Արեւմտեան աշխարհը Թուրքիոյ դէպքերուն նմանող այլ երկիրներու մէջ պատահածներուն համար որոշումներ կը կայացնէ, պատժամիջոցներ կ’որոշէ, երբեմն բանակ կը ղրկէ: Թուրքիոյ պարագային աչք կը խփէ եւ լիաբուռն յատկացումներ կ’ընէ: Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը (ՄԻԹ) ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ բանակ կազմած ծայրայեղականներուն զէնք կը ղրկէ, եւ այդ խաղքութիւնը հրապարակող թերթը կը հալածուի, յարձակման կ’ենթարկուի, գրասենեակները կ’աւերուին, լրագրողները կը բանտարկուին:

            Արեւմուտքը գիտէ, բայց Թուրքիան կը հրաւիրէ Պրիւքսէլ: Թուրքիան կը պահանջէ, միշտ իրեն վերապահուած ամենաթողութեան իրաւունքով,- տիքթաթով,-  որ իր քաղաքացիներուն Եւրոպա ազատ մուտքի արտօնութիւն տրուի: Իր վարչապետը, ինչպէս դար մը առաջուան իր հոգեւոր հայրերը ըրած էին հայերու պարագային, կ’ամբաստանէ քիւրտերը, որ անոնք կը գործակցին ռուսերուն: Իսկ հզօր Միացեալ Նահանգները ձայն ծպտուն չեն հաներ, հակառակ անոր այդ քիւրտերը, տեղւոյն վրայ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական բանակներու դէմ կռուող եւ յաղթանակ ապահով ոյժն են:

Թուրքիան պաշտօնապէս ծայրայեղականներու դէմ կռուող դաշնակիցներուն հետ է, բայց փամփուշտ չ’արձակեր, եւ առիթը օգտագործելով կը ճզմէ քիւրտերը: Այդպէս ըրած էր երկրորդ աշխարհամարտին, որուն ամբողջ տեւողութեան սիրաբանած էր հիթլերականներու հետ, կռիւի չէր մասնակցած, եւ վերջաւորութեան պատերազմ յայտարարած էր եւ գտնուած էր յաղթական դաշնակիցներու կողքին:

Առաջին աշխարհամարտի օրերուն Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հանրի Մորկանթաու ըսած էր, որ «Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է» (bandit politique)… Թուրքիոյ օժանդակելով, զայն հաւասարներու կողքին դասելով, ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց անունով խօսող երկիրները, իրենց հոգին կը ծախեն: Եւ պէտք չէ զարմանալ, որ ծայրայեղականները հետեւորդներ կը գտնեն, նոյնիսկ վատ ուժին առթած հիացումով:

Մինչեւ երբ օրէնքի պաշտպան աշխարհը, գիտնալով հանդերձ որ Թուրքիան ահաբեկչական եւ ծայրայեղական շարժումներու կ’աջակցի, իր սահմանները բանալով անոնց առջեւ, զէնք մատակարարելով, անոնց արտադրած նաւթը վաճառելով, որ զէնք գնուի, պիտի հանդուրժէ Սուրիոյ աւերման, եւ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ  նախագահները պիտի շարունակէ ամբաստանել յանուն մարկային իրաւանց: Բաղդատելին պէտք է բաղդատել եւ ընտրութիւն կատարել:

Արեւմտեան աշխարհը, նոյն հունով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պիտի կարենա՞ն քիչ մը նուազ հետեւիլ անհեթութեան եւ չառաջնորդուիլ անցեալի ալ ժամանակավրէպ սէրերով եւ շահերով, որոնք յղի են գալիք օրերու բացասականութիւններով:

Եթէ դէպքերը շարունակուին նոյն ընթացքով, պիտի հաշտուինք նոր խալիֆայութեան եւ սուլթանութեան ստեղծման հետ, նոր-օսմանեան կայսրութեան:

Քաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է: Դէպի ո՞ւր կ’երթայ Թուրքիան: Մարդկային իրաւանց պաշտպանները պիտի խօսի՞ն եւ պիտի պաշտպանե՞ն ժողովուրդներու իրաւունքները:

Մրցակցութիւներու համար հաւասարակշռութիւն ստեղծող քաղաքականութիւնը եղած է չարիք եւ պատերազմներու պատճառ:

Իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ հիմնուած հաւասարակշռութեան ստեղծման խնդիր ունի մարդկութիւնը:

Ժամանակակիցներս պիտի դատուինք եւ պիտի դատենք այս խնդրին բերուած լուծումով:

 Յ. Պալեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.