70 տարեկան Տերսիմցին կը վերադառնայ իր հայկական արմատներուն


Արմինէ Աւետիսեան «Անկախ» կայքի վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Տերսիմցի Յարութիւն Իրես (Երեցեան) 70 տարի Թուրքիոյ մէջ ապրած է իսլամական ինքնութեամբ‚ թուրքի պէս‚ բայց հասուն տարիքին որոշած է վերադառնալ իր հայկական արմատներուն։ Մկրտուած է Յարութիւն անունով եւ նոյնը պատգամած է իր սերունդներուն։

«Այս օրերուն Յարութիւնն ու ինքնութեան վերադարձած տերսիմցի քանի մը այլ հայեր Հայաստան են։ «Մոտուս Վիվենտի» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն‚ քաղաքագէտ Արա Պապեանի ջանքերով Յարութիւնի թոռնիկը՝ շարժանկարի բեմադրիչ‚ վաւերագրող Ուղուր Իկեմեն Իրեսը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ հասուն տարիքին արմատներուն վերադարձած իր մեծ հօր մասին նկարահանուած «Հոգիի անարատ վիճակ» շարժանկարը։

«Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին ինքնութիւնը վերագտած այս հայերը պատմեցին Հայաստանի մէջ իրենց զգացումներուն ու ապրումներուն մասին։ Անոնք այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր‚ թանգարաններ‚ ոմանք եկած են Հայաստանի մէջ մկրտուելու։

«Յուզուեցայ‚ լացի‚ բայ նաեւ հպարտ զգացի» կ’ըսէ Յարութիւն։

«Յարութիւնը կը պատմէ‚ որ փոքր հասակին իրենց միշտ մատնացոյց կ’ընէին իբրեւ հայ‚ իսկ ինք չէր հասկնար՝ ատիկա ինչ կը նշանակէ‚ միայն կը տեսնէր‚ թէ ինչպէս ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողները թաքուն կ’աղօթեն՝ առանց աղօթարանի։ Մեծերը պատմած են‚ թէ ինչպէս հայերուն մեքենայի մէջ լեցուցած‚ սպաննած‚ խեղդամահ ըրած ու նետած գետը. Այս պատճառով ալ այդ գետը ստացած է Լեշգետ անունը՝ դիակներու գետ։

«Ճնշումներու պատճառով Յարութիւնը դպրոցը չէ կրցած աւարտել‚

«Հինգերորդ դասարանը չաւարտած դպրոցը լքեցի եւ դերձակութեամբ զբաղեցայ։ Հետագային տեղափոխուեցանք Պոլիս եւ սկսայ իբրեւ քրիստոնեայ ապրիլ‚ երեխաներուս ու թոռներուս ըսի‚ որ նոյնը ընեն»‚ կ’ըսէ Յարութիւնը։

Յարութիւնի կինը‚ թէեւ հայուհի եղած է‚ շրջապատի ճնշումներուն պատճառով կրօնը փոխելու որոշումին դիմադրած է եւ իսլամացած է‚ սակայն Յարութիւնը անդրդում մնացած է ու վերադարձած հայկական արմատներուն։ Ինքնութեան մասին ամուսիններու վէճերուն ականատես թոռնիկը՝ Ուղուր Էկեմեն Իրեսը‚  կ’որոշէ շարժանկար նկարահանել կնոջ մը մասին‚ որ հայ էր‚ բայց մահէն ետք անոր թաղումը կը կազմակերպեն իսլամական ծէսով։ Շարժանկարը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կը ցուցադրուի‚ Թուրքիոյ մէջ կ’արժանանայ նոյնիսկ խաղաղութեան յատուկ մրցանակի։ Առաջին շարժանկարէն ետք‚ արմատներով հայ բեմադրիչը կ’որոշէ անդրադառնալ իր ընտանիքի պատմութեան եւ կը նկարահանէ «Հոգիի անարատ վիճակ» շարժանկարը՝ հիմնուած հայկական ինքնութեան շուրջ իր մեծ հօր ու մեծ մօր անվերջ վէճերուն վրայ»։

 ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԳՏԱԾ ՀԱՅ

«Մեծ մայրս կը խօսէր զազայերէն‚ որ չհասկնայինք‚ բայց քանի որ մեծ հայրս թրքերէնով կը պատասխանէր‚ կիսով չափ կը հասկնայինք։ Երբ համալսարանի մէջ կ՚ուսանէի եւ Պոլիս ծնողներս տեսնելու կ՚երթայի‚ մեծ մայրս կը պնդէր‚ որ ընտանիքը շրջապատին մէջ իբրեւ իսլամ ճանչցուած է‚ եւ քանի որ մեծ հայրս մկրտուած էր‚ կ’ըսէր պէտք չէ խօսիլ ու բացայայտել այդ մէկը։ Բայց կայ իրականութիւն մը‚ որ յիշողութիւն կը պարունակէ իր մէջ եւ շարժանկարի ընթացքին ատիկա ջուրի երես դուրս եկաւ»‚ կ’ըսէ Իրես։

«Բեմադրիչը կ’ըսէ‚ որ երկու տարի շարունակ իր մեծ հօր հետ աշխատելէ ետք միայն Յարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ խօսելու ցեղասպանութեան ցաւոտ թեմային մասին։

«Բեմադրիչի խօսքով՝ շարժանկարը ընտանեկան պատմութիւն է եւ ընտանեկանէն ելլելով՝ հասարակական իրականութիւնը ցոյց կու տայ։

«Այսօրուան իրականութեան մասին խօսելով՝ Տերսիմցի հայերու միութեան հիմնադիր Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին կը նշէ‚ որ Թուրքիան կը շարունակէ թուրքմեններով բնակեցնել այն բոլոր շրջանները‚ ուր հայեր կան‚ իսկ հայերը թէեւ դանդաղ‚ սակայն փորձեր կը կատարեն վերադառնալու ինքնութեան։ Այս հոլովոյթին մէջ‚ ըստ իրենց‚ սակայն‚ ամենէն շատ ետ մնացողը Հայաստանի կառավարութիւնն է։

«Վերջաւորութեան նշենք‚ որ Յարութիւնը‚ իր հինգ աղջիկներն ու հինգ տղաքը‚ բազմաթիւ թոռները բռնած են ինքնութեան վերականգնման ուղին‚ նոյնիսկ կը խօսին Հայաստան տեղափոխուելու հնարաւորութեան մասին։ Կը մնայ աջակցիլ ու սատար կանգնիլ ինքնութեան փնտռտուքի ճամբուն վրայ գտնուող միւս հայերուն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.