Սերպիոյ նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ ընդունեց հայկական պատուիրակութիւնը


Փետրուար 26, 2016-ին, Սերպիոյ հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ, Պելկրատի նախագահական պալատէն ներս, ընդունեց  հայկական պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէն, Ռումանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ եպսկ. Յակոբեան-Մուրատեանէն, Սերպիոյ հայկական համայնքի նախագահ՝ Սամուէլ Այվազեանէն եւ կիպրացի լրագրող, քաղաքագէտ Եանոս Խարալամպիտիսէն, որ հեղինակած է Արցախի շուրջ գիրք մը: Ներկայ էր նաեւ Սերպիոյ նախագահի խորհրդական, արտաքին գործոց նախկին նախարար՝ Իվան Մրքիչ, եւ այլ պաշտօնակատարներ:

 Մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Կարապետեան իր եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու երախտագիտութիւնը յայտնեց պրն. նախագահին, իր զոյգ այցելութիւններուն համար Հայաստան, յատկապէս Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ տեղի ունեցած յիշատակման հանդիսութեանց: Կարապետեան նաեւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Սերպիա երկկողմանի յարաբերութիւններու լուրջ բարելաւումը, պրն. Նիքոլիչի նախագահութեան ընթացքին, յայտնելով նաեւ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատրաստակամութիւնը ամեն կերպով օժանդակելու, ա’լ աւելի խորացնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

 Կարապետեան նաեւ անդրադարձաւ նաեւ Սերպոյ հայ համայնքին մասին, խնդրելով, որ պետութեան կողմէ հայկական համայնքին հողամաս մը տրամադրուի, ուր կարելի ըլլայ կառուցել եկեղեցի, դպրոց եւ հաւաքավայր մը: Խնդրանքին դրական կերպով ընդառաջեց հանրապետութեան նախագահը, յանձնարարելով իր օգնականներուն, որ համայնքին հետ գործակցաբար հարցին լուծում տրուի, որպէսզի Սերպիոյ հայութիւնը կարենայ պահպանել իր հաւատքը, լեզուն եւ աւանդոյթը:

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Տաթեւ Սրբազանը, որ Աստուածամօր սրբանկարը փոխանցեց նախագահ Նիքոլիչին, որպէսզի զայն զետեղէ իր ծննդավայրը կառուցած սերպ ուղղափառ եկեղեցիէն ներս: Տաթեւ Սրբազան նշեց նաեւ, թէ Սերպիոյ եւ Հայաստանի եկեղեցիներուն յարաբերութիւները շատ լաւ մակարդակի վրայ են, տեղեկացնելով նաեւ, թէ ապագային կ’ակնկալուի Սերպիոյ Պատրիարքին այցելութիւնը Էջմիածին:

Սերպիոյ հանրապետութեան նախագահը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառին թանկագին սրբանկարին համար, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տաթեւ Սրբազանին, որ անձնապէս այցելեց՝ փոխանցելու համար Վեհափառին ուղարկած սրբանկարը: Պարոն նախագահը Գասպար կարապետեանին իր գոհունակութիւնը յայտնեց հանդիպման համար: Անդրադարձաւ Սերպիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն մասին, շեշտելով, թէ իր երկու այցելութիւններուն թիրախը նաեւ այդ էր: Յատուկ նշում կատարեց այդ յուզումին մասին որ զգաց, երբ ներկայ եղաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման օրը, Ծիծեռնակաբերդ: Տեղեկացուց նաեւ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, աւելի պիտի սերտանան, եւ թէ այդ ուղղութեամբ ալ դերակատարութիւն պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Սերպիա, 2016-ի ընթացքին:

 «Այսօր, Սերպիոյ յարգարժան նախագահ պրն. Թոմիսլաւ Նիքոլիչը, պատիւը ըրաւ ընդունելու մեր պատուիրակութիւնը: Ունեցանք արդիւնաւէտ հանդիպում եւ խօսակցութիւններ: Նոյնանման անցեալը եւ արժէքները որ ունինք սերպ ժողովուրդին հետ, եւ պատրաստակամութիւնը երկու երկիրներուն աւելի խորացնելու իրենց յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը, պիտի ունենան տպաւորիչ արդիւնքներ: Պրն. նախագահը դրական կերպով ընդունեց մեր խնդրանքը՝ կապուած Սերպիոյ հայկական համայնքին, որ կը հաւատանք թէ, կարող է դերակատար ըլլալ երկու երկիրներուն հասարակութիւններուն միջեւ: Վստահ եմ, որ մօտ յառաջիկային, պիտի ունենանք առիթը քննարկելու սերպ պաշտօնակատարներու հետ, այլ քաղաքական հարցեր եւս, եւ հասնինք հասարակ յայտարարի մը, ի շահ մեր երկու երկիրներուն ժողովուրդներուն», նշեց Գասպար Կարապետեան հանդիպման աւարտին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.