Լոյս տեսաւ Արսէն Եարմանի «Հայ Բժշկական Միութիւն 1912-1922» Գիրքը


Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի հաստատութիւն մը որ բժշկագիտութենէ կ՛երթայ մինչեւ քաղաքականութիւն

Հեղինակ՝ Արսէն Եարման

480 էջ, 

 490 բժիշկ

100 դեղագործ

200 լուսանկար

 Իսթանպուլի մէջ Փարոս հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած է Արսէն Եարմանի «Հայ Բժշկական Միութիւն 1912-1922» հատորը:

Քսաներորդ դարու սկիզբը, ազատութեան այն յոյսը որ սկսած էր տիրապետել Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ, քանի մը տարի ետք օդը ցնդեցաւ Պալքանեան պատերազմի եւ Ա. Աշխարհամարտի պատճառով։ Հայ հաւաքականութիւնը, որ 1908 թուականին տէր կանգնած էր ազատութեան այդ յոյսին, կրնար առաջուց զգալ այն ուժեղ եւ բնաջնջող փոթորիկը, որ պիտի փչէր 1909-1915 թուականներու միջեւ։

1915-ին, Իսթանպուլի մէջ ափ մը հայ բժիշկներ, փոթորիկին ճիշդ մէջտեղը կը շարունակէին թէ՛ իրենց ասպարէզը գործադրել եւ թէ փաթթել պատերազմին եւ տեղահանութեան վէրքերը։ Այս բժիշկները, որոնք կը նախագահէին կամ կ՛անդամակցէին Բժշկական Միութիւններու, որոնք դասեր կուտային բժշկական վարժարաններու մէջ, կամ պատասխանատութիւններ կը ստանցնէին Կարմիր Խաչի կամ Հիլալի Ահմէր Միութիւններուն կամ Օսմանեան բանակին մէջ, ամենէն աննպաստ պայմաններու ներքեւ իսկ լրիւ կատարած են իրենց մասնագիտական եւ ընկերային պատասխանատուութիւնները, իրենց ընտանիքները տեղահանութեան եւ Մեծ Եղեռնի պատճառաւ կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ։

Հայ Բժշկական Միութիւն ¤Էրմէնի էթիպպա ճէմիյէթի¥ որ 1912-ին հիմնուած էր տասը տարի շարունակ ծառայութիւն մատուցանեց, 1912-1922  թուականներուն հրատարակեց Դարման անուն պարբերաթերթ մը, որ լեցուն է այդ շրջանին. Իսթանպուլի, Անատոլուի, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ ապրող բժիշկներուն հակասական կեանքի հետքերով։ Այս գիրքը , զոր ի ձեռին ունիք, կը պատմէ այս մտաւորական մարդոց հակասական զգացումները ինքնութեան, քաղաքականութեան եւ գաղափարախօսութեան նիւթերու շուրջ, անոնց օգտապաշտ շարժուձեւերը եւ մտածումները, ինչպէս նաեւ էթնիք եւ ազգային գաղափարախօսութիւնները, որոնք մեր պետական դրութեան դէմ էին, մերթ ալ կը միանային պետական դրութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.