Բ. Աշխարհամարտի Ֆրանսական Դիմադրութեան Հերոս Ալեքսանտր Փելթեքեան


Ֆրանսական դիմադրութեան պատմութեան յատկացուած museedelaresistanceenligne.org կայքը կը ներկայացնէ գերմանացիներու բռնագրաւումին դէմ ֆրանսական դիմադրութեան հերոսներէն Ալեքսանտր Փելթեքեանի պատմութիւնը։

Ալեքսանտր Փելթեքեան մաս կը կազմէ Դիմադրութեան այն անդամներուն, որոնք Շոլէ հասած են փախուստ տալով մէկ այլ շրջանի մէջ իրենց նկատմամբ ծաւալած Կեսթափոյի հետապնդումէն։

«Ծնած է 10 Յունուար 1912-ին, Տէօրթ Եոլ (Կիլիկիա): Ֆրանսական հպատակութիւն ստացած է 22 Մայիս 1932-ին», գրէ կայքը։ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը, Փելթեքեան արձանագրուելով ֆրանսական բանակին մէջ բանակ եւ կը մասնակցի պատերազմին։ 15 Մայիս 1940-ին, Պելճիքայի մէջ թշնամիի զրահապատ մեքենաներու յարձակումի մը ընթացքին կը վիրաւորուի, կը գերեվարուի եւ 19 Մայիս 1941-էն մինչեւ Օգոստոս 1941 կը բանտարկուի Շարլըվիլ-Մեզիերի մէջ, ուրկէ հետագային փախուստ կու տայ։ 2 Յունիս 1943-ին, կը միանայ Ազատագրութիւն-Հիւսիս շարժումին։

Փետրուար-Նոյեմբեր 1942-ին, Ակտէի, ապա Նիմի մէջ կը ղեկավարէ հնդկաչին աշխատաւորներու 65-րդ գումարտակը։ Այդ պաշտօնէն կը հրաժարի եւ Ապրիլ 1943-ին կը դառնայ Մարսէյլի դիմադրական ուժերու երիտասարդական շարքերու օգնական պատասխանատու։ Կը մտածէ Ալճերիա անցնելով միանալ Ազատ Ֆրանսայի ուժերուն։ 26 Օգոստոս 1943-ին Փերթուսի մէջ կը ձերբակալուի գերմանական գաղտնի սպասարկութեան՝ Կեսթափոյին կոմէ։ Կ՚արգելափակուի Փերփինիանի մէջ, ուրկէ չորս ամիս ետք կը յաջողի փախուստ տալ։ Մայիս 1944-ին կ՚ապաստանի Շոլէ, ուր մէկ այլ նախկին զինուորականի մը՝ Քոլայի հետ կը կազմակերպէ Ազատագրութիւն-Հիւսիսի 20 անդամներէ կազմուած խմբակ մը։

26 Օգոստոս 1943-ին, Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ազատ Ֆրանսայի ուժերուն միանալ փորձելուն ընթացքին վերստին կը ձերբակալուի Կեսթափոյի կողմէ։ Չորս ամիս կը բանտարկուի Սիթատել տը Փերփինիանի մէջ եւ 31 Դեկտեմբեր 1943-էն 1 Յունուար 1944 լուսցող գիշերը, գնդակահարուելուն նախօրեակին կը յաջողի կոյուղիներու ճամբով փախուստ տալ։

17 Օգոստոս 1944-ին, Շաթիյոն-սիւր-Սեւրի մէջ գործողութիւն մը ղեկավարելով կը յաջողի ձեռք ձգել գնդաձիրներ եւ ձեռնառումբեր։ 26 Օգոստոս 1944-ին, Սերքէօ-սու-Փասաւանի մօտ յարձակում կը գործէ գերմանական բանակի շարասիւնի մը թիկունքը ապահովող իտալական ուժերու վրայ։ Փելթեքեան իտալացիները կը գերեվարէ եւ կը գրաւէ անոնց զէնքերը, որոնց հետ իր զինեալ խմբակը 31 Օգոստոս 1944-ին կը մասնակցի Շոլէի ազատագրութեան գործողութեան։

30 Յուլիս 1945-ին, Ազատագրութիւն-Հիւսիսի շրջանային պատասխանատու Ալֆոնս Լեսթիւեց կը վկայէ, որ Ալեքսանտր Փելթեքեան «քաղաքի ազատագրութեան օրը պատիւը ունեցաւ Շոլէի առժամեայ հրամանատարը նշանակուելուն»։ Շոլէի ազատագրութեան կոմիտէի նախագահ Ռոժէ Կուրտոն 16 Յունուար 1945-ին կը վկայէ, որ Փելթեքեան այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ, որ քաղաքային եւ զինուորական իշխանութիւնը 31 Օգոստոս 1944-ի երեկոյեան շուրջ ժամը 7-ին հասնին քաղաք՝ աւելցնելով, որ Փելթեքեան այդ պաշտօնը վարած է ի շահ Շոլէի։

28 Սեպտեմբեր 1948-ին, Ֆրանսական ազատ բանակին պատկանելիութեան վաւերագիր մը կը նշէ, որ ան այդ ուժերուն մաս կազմած է 2 Յունիս 1943-էն 31 Օգոստոս 1944-ի ժամանակաշրջանի ընթացքին։

Հետագային գնդապետի աստիճան ստանալով Փելթեքեան կանոնաւոր բանակին մաս կազմելով՝ Ֆրանսական ազատ բանակին հետ կը մեկնի արեւելք։ Ապա Փետրուար 1945-ին կ՚ուղղարկուի Աւր, ուր պատերազմը կ՚աւարտէ Ռան գետի վրայ զօրավար Փաթընի հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերուն մէջ։

Ան ստացած է բազմաթիւ պարգեւատրումներ՝ Պատւոյ լեգէոնի ասպետ, զինուորական մետալ, պատերազմական խաչ 39/45 եւ Արտաքին գործողութիւններու թատերաբեմ, Դիմադրութեան մետալ, փախստականներու մետալ, կամաւոր զինուորի խաչ, ֆրանսական երախտագիտութեան մետալ եւ Դիմադրութեան կամաւոր զինուորի խաչ։ 

մահացաւ ֊1992-ին Ֆրանսայի մէջ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.