Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Տը Միսթուրայի հետ


Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ:

      Սուրիայէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան ու վերջին զարգացումներուն շուրջ տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը Սուրիական հարցին խաղաղ լուծման իր պատկերացումը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով:

      Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով որ նման տագնապներուն մնայուն ու ամբողջական լուծում կարելի չէ տալ սոսկ զինուորական միջամտութեամբ: Քաղաքական լուծում կ’ենթադրէ քաղաքական գործընթաց՝ մասնակցութեամբ խաղաղ լուծման յանձնառու բոլոր կողմերուն: Նման գործընթացին պէտք է մասնակցին կողմերը առանց նախապայմանի, որովհետեւ վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց Տը Միսթուրային, որ կողմերը նման յանձնառութեան մղող ու քաղաքական գործընթացին յստակ ուղղութիւն տուող «ճամբու քարտէս» մը պատրաստէ՝ յատուկ ուղեգիծով ու ժամանակացոյցով: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց Մ.Ա.Կ.ի պատուիրակին, որ բնականաբար նման նախաձեռնութեան գծով անհրաժեշտ է ունենալ միջազգային ու շրջանային ուժերուն օրհնութիւնը: Շարունակելով իր պատկերացումը, Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց Տը Միսթուրային, որ յիշեալ ծրագրի գործադրութիւնը աւելի հնարաւոր կրնայ դառնալ երկու անհրաժեշտ քայլերէ մեկնելով՝ առաջին, ընդհանուր զինաթուլ եւ արտաքին զինուորական օժանդակութիւններու դադարեցում ու երկրորդ՝ հանգրուանային մօտեցում թէ՛ «ճամբու քարտէս»ին մէջ ճշդուած սկզբունքներու գործադրութեան եւ թէ շրջաններու մէջ ապահովութեան հաստատման: Այս վերջին կէտին գծով, Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջարկեց սկսիլ Հալէպէն, նկատի ունենալով քաղաքին քրիստոնեայ-իսլամ նկարագիրը ու պատմական կարեւորութիւնը:

        Մ.Ա.Կ.ի պատուիրակը ամբողջութեամբ համաձայն գտնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին պատկերացումին ու առաջարկներուն, միաժամանակ ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց կարգ մը կողմերու մօտեցման, ինչպէս նաեւ արտաքին կողմերու հետապնդած նպատակներուն գծով: Ան նաեւ համաձայն գտնուեցաւ, որ Հալէպը դառնայ առաջին հանգրուանը Սուրիոյ տագնապը քաղաքական լուծման առաջնորդող գործընթացին: Այս շրջագծէն ներս, Տը Միսթուրա յիշեցուց Նորին Սրբութեան, որ դժբախտաբար արտաքին որոշ կողմ մը պատճառ հանդիսացաւ, որ ամիսներ առաջ Հալէպի համար պատրաստած իր ապահովական ծրագիրը ձախողութեան մատնուի:

        Վեհափառ Հայրապետը յիշեցնելով Տը Միսթուրային, որ հայ համայնքը Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկն է, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ համայնքին ու յատկապէս Հալէպի մէջ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.