Գաղութային Ներուժի Ամրապնդում


ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2015ին, տեղի ունեցաւ «Գաղութային Ներուժի Ամրապնդում» թեմայով քննարկում-խորհրդաժողովը, Քինկսթընի մէջ։

 Գանատայի տարածքէն համախմբուած 90 հոգինոց հաւաքական ղեկավարութիւնը, բաղկացած՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական թէ տեղական կոմիտէներէն, ՀՕՄի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի շրջանային թէ տեղական վարչութիւններէն, Ազգային Վարչութենէն եւ Եկեղեցիներու հոգաբարձութիւններէն եւ հոգեւոր հովիւներէն, մասնակցեցան միօրեայ խորհրդաժողովին ու աշխատանոցներուն։

 Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան որ յայտնեց թէ ՀՅԴաշնակցութեան Գանատայի շրջանը եւ անոր յարակից կամ հովանիին տակ գործող քոյր միութիւններն ու գործակից կազմակերպութիւնները բազմիցս կազմակերպած են խորհրդաժողովներ, որոնց ընթացքին արծարծած են Գանատայի գաղութի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ կատարած են ախատաճանաչումները եւ ահա հասած է ժամանակը յանգելու գործնական լուծումներու, որոնք պիտի ամրապնդեն գաղութիս ներուժը:

 

 

 Օրակարգի առաջին բաժինով, հոգեբան, հոգեդարմանող եւ Մոնթրէալի Համալսարանի հոգեմանկավարժական բաժանմունքի դասախօս՝ Տոքթ. Կարին Փափազեան-Զոհրապեան ներկայացուց սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանումի համար աշխատող միութիւններու հիմնական մարտահրաւէրները։  Զոհրապեան նախ սահմանեց «ինքնութիւն» (Identity) հասկացողութիւնը ու ապա ներկայացուց Ցեղասպանութեան դերը՝ հայկական ինքնութեան փոփոխութեան վրայ: Ապա շարունակեց բացատրելով հայկական ինքնութեան իւրայատկութիւնները, լուսարձակի տակ առնելով ինքնութիւնը զարգացնելու կամ անոր կառուցումին մասնակցելու ձեւերը: Ներկայացումի վերջին բաժինով, Զոհրապեան լայնօրէն անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան եւ հայապահպանումի համար աշխատող միութիւններու հիմնական մարտահրաւէրներուն:

 Օրակարգի երկրորդ բաժինով, մասնակիցները բաժնուեցան աշխատանքային խմբակներու, արծարծելու հետեւեալ թեմաները՝

1)   Աշխատելաձեւի Արդիւնաւէտութիւն՝ Նկատի ունենալով վերջին տարիներու արհեստագիտութիւնը, մեր աշխատանքի ծաւալի ընդլայնումը եւ անհատներու կամ ընկերներու ժամանակի սղութիւնը, արդեօ՞ք տուեալ կազմակերպութեան կամ միութեան աշխատելաձեւը արդիւնաւէտ է:

 2)   Յարաբերական Աշխատաքներ՝ Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք ձեր հաղորդակցութիւնը քոյր միութիւններուն, յարակից կազմակերպութիւններուն եւ գաղութէն ներս գործող այլ հայ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ:

 3)   Ղեկավարութիւն՝ Նկատի ունենալով աշխատանքի լայնածաւալութիւնը, անդամներու բազմազբաղութիւնը, արդեօ՞ք առկայ են դժուարութիւններ՝ վարչական անդամներ գտնելու, ծրագիրներ իրականացնելու կամ աշխատանքները ղեկավարելու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.