21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման Տօնը


Նազարէթ Պէրպէրեան 

Սեպ­տեմ­բեր 21-ին, ա­մէն տա­րի, ար­դէն 24 տա­րի­նե­րէ ի վեր, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման ի­րո­ղու­թիւնն ու դա­րա­կազ­միկ այդ քայ­լին գա­ղա­փա­րա­կան խոր­հուր­դը, աշ­խար­հի ողջ տա­րած­քին, ազ­գա­յին հպար­տու­թեան ան­խառն ապ­րում­նե­րով կը հա­մա­կեն հայ մար­դոց միտքն ու հո­գին։

Քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն ու հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ սփիւռ­քի մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր հա­յօ­ճախ­նե­րը, հայ մար­դը այս օ­րե­րուն կը տօ­նէ ու կը վեր­յի­շէ 1991 թո­ւի ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի հան­րա­քո­ւէն։ Այդ ա­տեն պաշ­տօ­նա­պէս ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ­Սո­ցիա­լիս­տա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թիւն կո­չո­ւող մեր երկ­րին մէջ, քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն 99 տո­կո­սի միա­հա­մուռ ձայ­նով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը «Ա­յո՛» պա­տաս­խա­նեց ­Հա­յաս­տա­նը ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան կազ­մէն դուրս բե­րե­լու եւ վերս­տին ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւն հռչա­կե­լու ­Հան­րա­քո­ւէի միակ հար­ցու­մին։

21 ­Սեպ­տեմ­բե­րի հան­րա­քո­ւէով՝ ի փառս ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Հա­յու­թեան, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը իր 99 տո­կո­սով՝ գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան միա­ձայ­նու­թեամբ ընտ­րեց ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման ու­ղին։

Ա­յո՛, ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի ­Մեծ ­Քայ­լով՝ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­ցին Ի­րա­ւա­կան եւ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­յաց­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման ու­ղին՝ յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ա­զատ ու ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման ա­նա­ւարտ ու­ղին դեռ մեր առ­ջեւն է՝ եր­կար ու ան­հարթ ճամ­բու մը բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով։ ­Հե­տա­գայ մեր ու­ղին խո­չըն­դո­տող դժո­ւա­րու­թեանց յաղ­թա­հա­րու­մը կա­խեալ է մեր հա­ւա­քա­կան կամ­քէն եւ միաս­նա­կան ու­ժէն, որ­պէս­զի նա­խա­պատ­րաս­տենք եւ պատ­րաստ գտնո­ւինք քա­ղա­քա­կան այն նպաս­տա­ւոր պա­հուն, երբ ազ­գո­վին պի­տի յա­ջո­ղինք իր տրա­մա­բա­նա­կան ա­ւար­տին հասց­նել 23 Օ­գոս­տոս 1990-ին հռչա­կո­ւած եւ 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991-ին ամ­րագ­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րու վե­րա­կանգն­ման պայ­քա­րը։

Յատ­կա­պէս 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991-ի տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, չենք կրնար մտա­հան ը­նել մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին վրայ հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող ար­տա­քին ճնշու­մը՝ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ա­զա­տու­թե­նէն ու ան­կա­խու­թե­նէն զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լու, այս կամ այն Ար­ձա­նագ­րու­թեանց եւ ­Պայ­մա­նա­գիր­նե­րու միա­նա­լու մի­ջազ­գա­յին պար­տադ­րան­քին ճամ­բով։

Այդ ա­ռու­մով ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէին տա­րե­դար­ձը նաեւ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ, որ­պէս­զի ազ­գո­վին ար­թուն հսկենք եւ յաղ­թա­հա­րենք ­Հա­յոց ­Պե­տա­կան ­Տան ղե­կը ստանձ­նած իշ­խա­նա­ւոր ու­ժե­րու դե­դե­ւում­նե­րը Հ.Հ. ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճա­կա­տին վրայ։

Այ­սօ­րո­ւան եւ ­Վա­ղո­ւան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս դի­մագ­րա­ւե­լու մեր ու­ժա­կա­նու­թեան ու պայ­քա­րու­նա­կու­թեան ամ­րապնդ­ման ի խնդիր է, որ ա­մէն տա­րի այս ա­ռի­թով լու­սար­ձա­կի տակ կ­’առ­նո­ւին եւ կը շեշ­տո­ւին ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի ­Հան­րա­քո­ւէին քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւնն ու գա­ղա­փա­րա­կան թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման շուրջ քա­ռորդ դա­րու եր­թը շատ դժո­ւար ե­ղաւ։ ­Խորհր­դա­յին փլու­զո­ւող կայս­րու­թե­նէն մեր ժո­ղո­վուր­դը ժա­ռան­գեց ան­դա­մա­լոյծ եւ սնան­կա­ցած տնտե­սու­թիւն մը, որ հա­սա­րա­կա­փո­խու­թեան դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ ուղ­ղա­կի ան­տի­րու­թեան, ծայ­րա­յեղ չքա­ւո­րու­թեան եւ ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թեան մատ­նեց հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը։

Ա­ռար­կա­յա­կան այդ դժո­ւա­րու­թեանց վրայ գու­մա­րո­ւե­լու ե­կան նո­րան­կախ մեր պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռա­վար­ման ղե­կը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն գոր­ծած քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ծանր սխալ­նե­րը, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ա­նար­դա­րու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած բնոյթ ստա­ցաւ մեր կեան­քին մէջ՝ ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թին յա­ւե­լեալ թափ տա­լով, ինչ որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ մեր օ­րե­րը։

Այդ բո­լո­րով հան­դերձ՝ մա­նուկ մեր ան­կա­խու­թիւ­նը ար­դէն քսան­չորս տա­րե­կան կը դառ­նայ այ­սօր։ Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ­Պե­տա­կան ­Տու­նը ար­դէն տո­կա­ցած է ժա­մա­նա­կի քննու­թեան, հիմ­նա­կան նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րած է եւ իր տե­ղը գրա­ւած է ազ­գե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան կեն­սու­նա­կու­թեամբ լծո­ւած է ան­ցեա­լի ընկր­կում­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ վա­ղո­ւան պայ­ծառ գա­լի­քը նո­ւա­ճե­լու զօ­րա­շար­ժին։

Ա­ւե­լի՛ն. նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դը իր եր­կու՝ հայ­րե­նա­կան ու սփիւռ­քեան թե­ւե­րով միաս­նա­բար կը դի­մագ­րա­ւէ ան­փո­խա­րի­նե­լի մեր ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րաց­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

Ինչ­պէս ը­սո­ւե­ցաւ, պայ­քա­րը դեռ մեր առ­ջեւն է եւ այն­քան ալ հարթ չէ Ա­զատ ու Ան­կախ, մա­նա­ւանդ նաեւ ­Միա­ցեա՛լ ­Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման ու­ղին։

Իսկ վա­ղո­ւան մեր եր­թին յաղ­թա­կան ըն­թաց­քը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ կտրո­ւած ու­ղիին ճիշդ գնա­հա­տու­մը, ան­ցեա­լի դա­սե­րէն օգ­տո­ւե­լու՝ սխալ­նե­րը չկրկնե­լու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը։

Ի­մաս­տու­թիւն, որ ա­ռա­ջին հեր­թին բաց ճա­կա­տով հա­շո­ւի պի­տի նստի սե­փա­կան ան­ցեա­լին հետ. ո՛չ մո­ռա­ցու­մի մատ­նէ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ոչ ալ յատ­կա­պէս խե­ղա­թիւ­րէ զա­նոնք՝ այս կամ այն քա­ղա­քա­կան ու­ժին ի նպաստ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նե­լու նեղ ու ան­հե­ռան­կար հա­շիւ­նե­րով։

Յի­շենք ու չմոռ­նանք, որ 23 Օ­գոս­տոս 1990-ին հաս­տա­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կագ­րով, մեր ժո­ղո­վուր­դը ո­րո­շած էր քա­լել 28 ­Մա­յիս 1918-ին նո­ւա­ճո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ա­նոր ծնունդ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ւան­դոյ­թը վե­րա­կանգ­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան հու­նով։

Այդ ա­ռու­մով ալ՝ ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման օրն է ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ը, ո­րով­հե­տեւ 28 ­Մա­յիս 1918-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը թան­կա­գին ա­րեան գնով նո­ւա­ճած էր ար­դէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը։

Յի­շենք ու չմոռ­նանք, նաեւ, որ ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէն փաս­տօ­րէն հա­կազ­դե­ցու­թիւն-պա­տաս­խան էր ­Մարտ 1991-ի ­Խորհր­դա­յին հա­մա­միու­թե­նա­կան հան­րա­քո­ւէին։ ­Կոր­պա­չո­վի ղե­կա­վա­րած խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շած էին հա­մա­միու­թե­նա­կան հան­րա­քո­ւէ մը կազ­մա­կեր­պել, որ­պէս­զի Խ. ­Միու­թիւ­նը բաղ­կաց­նող հան­րա­պե­տու­թեանց քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ձայ­նով ու ընտ­րան­քով պահ­պա­նեն բազ­մազգ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի այդ օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ե­կան շրջե­լու հա­մա­միու­թե­նա­կան այդ ­Հան­րա­քո­ւէին ա­ռանց­քա­յին հար­ցադ­րու­մը՝ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն ան­ջա­տա­բար ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան ընտ­րան­քի հար­ցը ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­րե­նի հա­յու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէի հա­ւա­նու­թեան։

Յի­շենք ու չմոռ­նանք, նոյն­պէս, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րը, այդ օ­րե­րուն, փաս­տօ­րէն յա­ռաջ կը մղո­ւէր ի­րա­րու ներ­հակ ռազ­մա­վա­րու­թիւն­նե­րով՝ «ան­կա­խա­կան» եւ «ան­ջա­տո­ղա­կան» ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

Մինչ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ա­ւան­դա­կան ու­ժե­րը կը շեշ­տէին Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մը հա­կա­խորհր­դա­յին ան­ջա­տո­ղա­կան շար­ժու­մին չստո­րա­դա­սե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ան­դին՝ նո­րա­յայտ գոր­ծիչ­ներ պար­զած էին ա­մէն գնով խորհր­դա­յին կոր­ծա­նուող «գնացք»էն դուրս «թռչե­լու» դրօ­շը…

Ան­ջա­տո­ղա­կան միեւն­յոն այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան ներշն­չու­մով էր, որ օ­րո­ւան Հ.Հ.Շ.ա­կան գոր­ծիչ­նե­րը մեր­ժե­լով մեր­ժե­ցին Ան­կա­խու­թեան ի­րա­ւա­կան հիմ­քը ստեղ­ծող ­Հա­յաս­տա­նի ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­խա­րէն յա­տուկ օ­րէնք ըն­դու­նե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նի ստեղծ­ման մա­սին, ո­րուն հա­մար ընտ­րու­թեանց թո­ւա­կան ճշդո­ւե­ցաւ 1991-ի Հոկ­տեմ­բե­րը։

Սեպ­տեմ­բեր 21-ի ­Հան­րա­քո­ւէին 24ամեակին ա­ռի­թով կ’ար­ժէ վեր­յի­շել մեր կտրած ու­ղիին այդ փշոտ անց­քե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգնման ­Մեծ ­Քայ­լի իր ի­մաս­տով, ար­ժէ­քով եւ փառ­քով տօ­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դին 99 տո­կո­սի միա­հա­մուռ «Ա­յո՛»ն՝ ի սպաս հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եր­թին։

Կ’ար­ժէ վեր­յի­շել, որ­պէս­զի մեր այ­սօ­րո­ւան քայ­լե­րուն եւ վա­ղո­ւան ընտ­րանք­նե­րուն մօ­տե­նանք հայ ժո­ղո­վուր­դի կեն­սա­փոր­ձին եւ սոր­ված դա­սե­րուն ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ։

Որ­պէս­զի բնաւ մտա­հան չը­նենք, որ՝

– ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը, յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան, պատ­րաստ է ա­մէն զո­հա­բե­րու­թեան, ան­գամ գե­րա­գոյ­նին։ ­Նոյ­նիսկ երբ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րը ծանր զրկան­քի եւ ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տաց­ման մատ­նե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դին, «խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու կա­րօ­տախտ» դրսե­ւո­րե­լով հան­դերձ, դար­ձեալ ազ­գո­վին մենք կառ­չած մնա­ցինք ան­կա­խու­թեան եր­թը ա­մէն գնով յա­ռաջ մղե­լու հա­ւա­քա­կան ուխ­տին ու յանձ­նա­ռու­թեան։ Եւ ե­թէ մի­լիո­նով հա­յե­րու ար­տա­գաղթ տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ զգա­լա­պէս դա­տարկուե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նը, պատ­ճա­ռը սոսկ կամ այն­քան սովն ու ա­նա­պա­հո­վու­թիւ­նը չէին, որ­քան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ընդվ­զումն էր ա­րա­գօ­րէն եւ վայ­րա­գօ­րէն յղփա­ցող իշ­խա­նա­ւոր վեր­նա­խա­ւի մը կազ­մա­ւոր­ման եւ բռնիշ­խա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ա­նար­դա­րու­թեան դէմ։

Սեպ­տեմ­բեր 21-ի Ան­կա­խու­թեան ­Հան­րա­քո­ւէն, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան իր ռազ­մա­վա­րա­կան դա­սե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եւ պատ­մա­կան մե­ծա­գոյն վե­րա­կանգ­նու­մի դժո­ւա­րին ու­ղին լու­սա­ւո­րող Ու­ղե­ցոյց է։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.