21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման Տօնը
Նազարէթ Պէրպէրեան
Սեպտեմբեր 21-ին, ամէն տարի, արդէն 24 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման իրողութիւնն ու դարակազմիկ այդ քայլին գաղափարական խորհուրդը, աշխարհի ողջ տարածքին, ազգային հպարտութեան անխառն ապրումներով կը համակեն հայ մարդոց միտքն ու հոգին։
Քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէն։ Այդ ատեն պաշտօնապէս Սովետական Հայաստանի Սոցիալիստական Հանրապետութիւն կոչուող մեր երկրին մէջ, քուէարկելու իրաւունք ունեցող իր քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ մեր ժողովուրդը «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ վերստին անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին։
21 Սեպտեմբերի հանրաքուէով՝ ի փառս Հայաստանի ու Հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը իր 99 տոկոսով՝ գրեթէ ամբողջական միաձայնութեամբ ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին։
Այո՛, Սեպտեմբեր 21-ի Մեծ Քայլով՝ Հայաստանն ու հայութիւնը նուաճեցին Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման ուղին՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։
Միացեալ Հայաստանի կերտման անաւարտ ուղին դեռ մեր առջեւն է՝ երկար ու անհարթ ճամբու մը բոլոր դժուարութիւններով։ Հետագայ մեր ուղին խոչընդոտող դժուարութեանց յաղթահարումը կախեալ է մեր հաւաքական կամքէն եւ միասնական ուժէն, որպէսզի նախապատրաստենք եւ պատրաստ գտնուինք քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ազգովին պիտի յաջողինք իր տրամաբանական աւարտին հասցնել 23 Օգոստոս 1990-ին հռչակուած եւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին ամրագրուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդներու վերականգնման պայքարը։
Յատկապէս 21 Սեպտեմբեր 1991-ի տարեդարձին առիթով, չենք կրնար մտահան ընել մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ հետզհետէ սաստկացող արտաքին ճնշումը՝ հայոց պետականութեան ազատութենէն ու անկախութենէն զիջումներ կատարելու, այս կամ այն Արձանագրութեանց եւ Պայմանագիրներու միանալու միջազգային պարտադրանքին ճամբով։
Այդ առումով Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին տարեդարձը նաեւ ահազանգ կը հնչեցնէ, որպէսզի ազգովին արթուն հսկենք եւ յաղթահարենք Հայոց Պետական Տան ղեկը ստանձնած իշխանաւոր ուժերու դեդեւումները Հ.Հ. արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ։
Այսօրուան եւ Վաղուան մարտահրաւէրները արժանաւորապէս դիմագրաւելու մեր ուժականութեան ու պայքարունակութեան ամրապնդման ի խնդիր է, որ ամէն տարի այս առիթով լուսարձակի տակ կ’առնուին եւ կը շեշտուին Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէին քաղաքական նշանակութիւնն ու գաղափարական թելադրականութիւնը։
Արդարեւ, Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման շուրջ քառորդ դարու երթը շատ դժուար եղաւ։ Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ հասարակափոխութեան դաժան պայմաններուն մէջ ուղղակի անտիրութեան, ծայրայեղ չքաւորութեան եւ ապագայի անորոշութեան մատնեց հայրենի հայութիւնը։
Առարկայական այդ դժուարութեանց վրայ գումարուելու եկան նորանկախ մեր պետականութեան կառավարման ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժերուն գործած քաղաքական եւ ընկերատնտեսական ծանր սխալները, որոնց հետեւանքով անարդարութիւնը համատարած բնոյթ ստացաւ մեր կեանքին մէջ՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու արտագաղթին յաւելեալ թափ տալով, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։
Այդ բոլորով հանդերձ՝ մանուկ մեր անկախութիւնը արդէն քսանչորս տարեկան կը դառնայ այսօր։ Ազգի եւ Հայրենիքի Պետական Տունը արդէն տոկացած է ժամանակի քննութեան, հիմնական նուաճումներ արձանագրած է եւ իր տեղը գրաւած է ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական կենսունակութեամբ լծուած է անցեալի ընկրկումները յաղթահարելու եւ վաղուան պայծառ գալիքը նուաճելու զօրաշարժին։
Աւելի՛ն. նոր ժամանակներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւէ անփոխարինելի մեր անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները։
Ինչպէս ըսուեցաւ, պայքարը դեռ մեր առջեւն է եւ այնքան ալ հարթ չէ Ազատ ու Անկախ, մանաւանդ նաեւ Միացեա՛լ Հայաստանի կերտման ուղին։
Իսկ վաղուան մեր երթին յաղթական ընթացքը ապահովելու համար, կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կտրուած ուղիին ճիշդ գնահատումը, անցեալի դասերէն օգտուելու՝ սխալները չկրկնելու եւ յաջողութիւնները ամրապնդելու իմաստութիւնը։
Իմաստութիւն, որ առաջին հերթին բաց ճակատով հաշուի պիտի նստի սեփական անցեալին հետ. ո՛չ մոռացումի մատնէ իրողութիւնները, ոչ ալ յատկապէս խեղաթիւրէ զանոնք՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին ի նպաստ ծառայութիւն մատուցանելու նեղ ու անհեռանկար հաշիւներով։
Յիշենք ու չմոռնանք, որ 23 Օգոստոս 1990-ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, մեր ժողովուրդը որոշած էր քալել 28 Մայիս 1918-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան հունով։
Այդ առումով ալ՝ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման օրն է Սեպտեմբեր 21-ը, որովհետեւ 28 Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդը թանկագին արեան գնով նուաճած էր արդէն իր անկախութիւնը։
Յիշենք ու չմոռնանք, նաեւ, որ Սեպտեմբեր 21-ի Անկախութեան Հանրաքուէն փաստօրէն հակազդեցութիւն-պատասխան էր Մարտ 1991-ի Խորհրդային համամիութենական հանրաքուէին։ Կորպաչովի ղեկավարած խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները որոշած էին համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել, որպէսզի Խ. Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութեանց քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ձայնով ու ընտրանքով պահպանեն բազմազգ Խորհրդային Միութիւնը։ Իսկ Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւնները եկան շրջելու համամիութենական այդ Հանրաքուէին առանցքային հարցադրումը՝ Խորհրդային Միութենէն անջատաբար Հայաստանի Անկախութեան ընտրանքի հարցը ներկայացնելով հայրենի հայութեան Հանրաքուէի հաւանութեան։
Յիշենք ու չմոռնանք, նոյնպէս, որ Հայաստանի վերանկախացման համար մղուող պայքարը, այդ օրերուն, փաստօրէն յառաջ կը մղուէր իրարու ներհակ ռազմավարութիւններով՝ «անկախական» եւ «անջատողական» ուղղութիւններով։
Մինչ հայ քաղաքական մտքի աւանդական ուժերը կը շեշտէին Արցախի ազգային-ազատագրումը հակախորհրդային անջատողական շարժումին չստորադասելու հրամայականը, անդին՝ նորայայտ գործիչներ պարզած էին ամէն գնով խորհրդային կործանուող «գնացք»էն դուրս «թռչելու» դրօշը…
Անջատողական միեւնյոն այդ ռազմավարութեան ներշնչումով էր, որ օրուան Հ.Հ.Շ.ական գործիչները մերժելով մերժեցին Անկախութեան իրաւական հիմքը ստեղծող Հայաստանի Սահմանադրութեան որդեգրումը։ Ընդհակառակն՝ Սահմանադրութեան փոխարէն յատուկ օրէնք ընդունեցան Հայաստանի Նախագահի պաշտօնի ստեղծման մասին, որուն համար ընտրութեանց թուական ճշդուեցաւ 1991-ի Հոկտեմբերը։
Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէին 24ամեակին առիթով կ’արժէ վերյիշել մեր կտրած ուղիին այդ փշոտ անցքերը, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման Մեծ Քայլի իր իմաստով, արժէքով եւ փառքով տօնենք մեր ժողովուրդին 99 տոկոսի միահամուռ «Այո՛»ն՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան երթին։
Կ’արժէ վերյիշել, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ։
Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝
– Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին։ Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին օրերը ծանր զրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, «խորհրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ, դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան։ Եւ եթէ միլիոնով հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը սոսկ կամ այնքան սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովրդային ընդվզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ բռնիշխանական կառավարման համակարգի անարդարութեան դէմ։
Սեպտեմբեր 21-ի Անկախութեան Հանրաքուէն, ազգային-քաղաքական եւ ընկերատնտեսական իր ռազմավարական դասերով, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան եւ պատմական մեծագոյն վերականգնումի դժուարին ուղին լուսաւորող Ուղեցոյց է։