Ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, Սարդարապատի ճակատամարտը յաւերժացնող յուշահամալիրի հեղինակը


Սեպտեմբեր 17ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծանուն արժէքներէն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի, որ յատկապէս «Սարդարապատի ճակատամարտը» յաւերժացնող իր յուշահամալիրով՝ բարձրադիր պատուանդան մը նուաճած է հայոց անմահ արժէքներու պանթէոնին ու, իբրեւ այդպիսին, հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Ռաֆայէլ Իսրայէլեան արժանաւորապէս կը հանդիսանայ հայկական ճարտարապետութեան տաղանդաւոր այն վարպետը, որ քարեղէն շնչաւորում տուաւ հայ ժողովուրդի ազգային խոյանքին եւ խրոխտ սլացքին։
Ինչպէս որ մեծատաղանդ ճարտարապետին նուիրուած կայքէջը կ’ընդգծէ՝
«Հայ ականաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը համադրել է ժամանակակիցն ու աւանդականը եւ ազգային ոգով լուծել արդի ճարտարապետութեան մարտահրաւէրները:
«Մեծ վարպետի ժառանգութիւնը յիրաւի զարդարում է Հայաստանի լեռներն ու ձորերը: Իսրայէլեանի արուեստում ամենաբարձր մակարդակով է ներկայացւում Հայաստանի անցեալն ու ապագան: Նրա ուղենշած ճանապարհը տանում է դէպի արդիականի եւ ազգայինի ներդաշնակութիւնը: Հէնց այս ճանապարհին է Մեծ ճարտարապետը դրսեւորել հայ ազգային ստեղծագործական ներուժը»:
Ռաֆայէլ Սարգիսի Իսրայէլեան ծնած էր 1908ի Սեպտեմբեր 17ին, Թիֆլիս։ Հայրը՝ Սարգիս Յակոբի Իսրայէլեան ծնած էր Շուշի եւ եղած էր Հայոց Լեզուի ու գրականութեան մասնագէտ, բանահաւաք՝ ծաալելով գիտական եւ կրթական աշխոյժ գործունէութիւն Արցախի տարբեր շրջաններուն եւ Թիֆլիսի մէջ։ Իսկ մայրը՝ Մարիամ Հախնազարեան ծնած էր Նախիջեւան (ներկայիս բռնակցուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ հայաթափուած)։
Կենսագրական արմատներով արդէն նախագծուած էր հայ արդի ճարտարապետութեան վարպետին ստեղծագործական ներշնչման ուղին։
Ռաֆայէլ Իսրայէլեան 1925ին աւարտեց Թիֆլիսի թիւ 72 Աշխատանքային դպրոցը։ 1926-1928ին ուսանեցաւ Վրաստանի Գեղարուեստի Ակադեմիայի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ։ 1929-1932 Ռ. Իսրայէլեան ուսումը կատարելագործեց Լենինկրատի Կոմունալ Շինարարութեան Հիմնարկի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ։
Իբրեւ ճարտարապետ¬նախագծող աւարտելով ուսումը՝ 1932-1934ին Ռ. Իսրայէլեան մասնագիտացման հետեւեցաւ Լենինկրատի Խ.Ս.Հ.Մ. Գեղարուեստի Ակադեմիայի Ի. Ե. Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկին մէջ եւ 1934ին աւարտեց Տիպլոմային Նախագիծերու նախապատրաստական դասընթացները։ «Գերազանցութեամբ» պաշտպանելով Տիպլոմային Նախագիծը՝ ան ստացաւ ճարտարապետ-արուեստագէտի կոչում։ Իսկ 1936ին աւարտելով միեւնոյն հիմնարկի Վարպետութեան կատարելագործման դասընթացները՝ Ռ. Իսրայէլեան ստացաւ ճարտարապետ-նկարիչի կոչում։
1936ին տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ մինչեւ 1941 աշխատեցաւ Հ.Խ.Ս.Հ. Կոմունալ Տնտեսութեան Ժողկոմատին առընթեր ճարտարապետական-Նախագծային թիւ 2 Արուեստանոցին («Հայպետնախագիծ») մէջ, իբրեւ ճարտարապետ։
1941-1943  աշխատեցաւ Հայաստանի Պատմական Յուշարձանների Պահպանութեան Կոմիտէին մէջ, իբրեւ աւագ գիտաշխատող։
Միաժամանակ՝ 1941էն սկսեալ մինչեւ 1963, Ռ. Իսրայէլեան դասաւանդեց Երեւանի Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտին մէջ, իբրեւ աւագ դասախօս, իսկ 1947էն ետք, իբրեւ դոցենտ։
1944ին կայացաւ Իսրայէլեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի Ճարտարապետների Տան մէջ։
Առաջին կարգի մրցանակի արժանացաւ Երեւանի մէջ կառուցուելիք Յաղթանակի Կամարի նախագծին համար կատարուած բաց մրցոյթին։
1945ին պարգեւատրուեցաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն Խորհուրդի պատուոյ գիրով։ 1947ին, ճարտարապետութեան երիտասարդ վարպետներու ստեղծագործութեանց 2րդ Համամիութեանական Ստուգատեսի ընթացքին արժանացաւ առաջին մրցանակի։
1947-1949 տարիներուն աշխատեցաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Նախարարներու Խորհուրդին առընթեր Ճարտարապետութեան Գործերի Վարչութեան Արուեստանոցին մէջ, իբրեւ ճարտարապետ-նախագծող։
1950ին ընտրուեցաւ Երեւանի Քաղաքային Խորհուրդի պատգամաւոր։
Նոյն տարին պարգեւատրուեցաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն Խորհուրդի պատուոյ գիրով։
1951ին Յաղթանակ յուշարձանի ճարտարապետութեան համար արժանացաւ Խ.Ս.Հ.Մ. պետական առաջին կարգի մրցանակի։
1952ին, Լենինկրատի Խ.Ս.Հ.Մ. Գեղարուեստի Ակադեմիայի Ի. Ե. Ռեպինի անուան գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան Հիմնարկին մէջ, պաշտպանեց «Իմ աշխատանքները ճարտարապետութեան մէջ» թեմայով ատենախօսութիւնը եւ ստացաւ ճարտարապետութեան թեկնածուի գիտական աստիճան։
1961ին, Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով, արժանացաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. Արուեստի վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչման։
Իսկ 1968ին, Հայկական Խ.Ս.Հ. Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով, արժանացաւ Հայկական Խ.Ս.Հ. վաստակաւոր ճարտարապետի պատուաւոր կոչման։
1970ին, Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան հրամանագրով՝ հայ մեծ ճարտարապետը արժանացաւ Խ.Ս.Հ.Մ. ժողովրդական ճարտարապետի պատուաւոր կոչումին։
Հայ Հոգիին եւ ազգային խոյանքին քարեղէն մարմնաւորումը իրագործած մեծատաղանդ ճարտարապետը վախճանեցաւ Երեւան, 1973 թուականի Սեպտեմբեր 8ին։
Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ստեղծագործական հարուստ ժառանգութեան մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի են՝
– «Արարատ» Տրեստի գինիի մառանները (Գ. Քոչարի համահեղինակութեամբ)։
– «Սարդարապատի Հերոսամարտի յուշահամալիրը», Արմաւիրի մարզ։
– «Չարենցի կամար» յուշակոթողը, Երեւան-Գառնի մայրուղի։
– «Յաղթանակ» զբօսայգիի մուտքի յաղթակամարը՝ Ազատութեան պողոտայ։
– «Յաղթանակի յուշարձան-թանգարան»ը, «Յաղթանակ» զբոսայգի։
– 1918ի Բաշ Ապարանի Հերոսամարտի յուշահամալիրը՝ Ապարան։
– «Մուսա Լերան Հերոսական Ճակատամարտը» յուշարձանը, գ. Մուսալեռ։
 – «1920 թուի Հաճընի Հերոսամարտը» յուշարձանը՝ Նոր Հաճըն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.