Յարգա՛նք Ձեզ (Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար)


ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ

Ծնած եմ 1989-ին: Բնականաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ոչ մէկ դէպք կամ պատահար կը յիշեմ: Բոլոր տեղեկութիւններս եւ գիտելիքներս ստացած եմ կա՛մ ուրիշներէ լսելով, կա՛մ կարդալով, եւ անոնց վրայ հիմնուելով է, որ կը գրեմ այս յօդուածը:

Հայու անբախտ ճակատագիրը անգամ մը եւս ի յայտ կու գար 1975-ին եւ կը հարուածէր սփիւռքի սիրտը համարուող լիբանանահայութիւը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներէ ձեւաւորուած այս գաղութը հազիւ ինքզինք գտած եւ վերականգնած` կ՛ապրէր իր ոսկեայ օրերը: Դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ, շուկայ եւ լաւորակ կեանք… Սակայն չարագուշակ օր մը` 13 ապրիլ 1975-ին, կը պայթէր 15 երկար տարիներու վրայ ընթացող պատերազմը: Բնականաբար, սկիզբը բոլորը կը կարծէին, թէ քանի մը ամսուան հարց է, եւ կը յուսային, որ լիբանանեան ոճով ու կախարդական ձեւով արագօրէն պիտի լուծուի: Բայց այդպէս չեղաւ: Լիբանանահայութիւնը վտանգուած էր:

Նախկին փորձառութիւններէ մեկնելով եւ լաւ գիտակցելով, թէ այսպիսի  պատերազմի մը միջամուխ ըլլալը անձնասպանութիւն կը նշանակէ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները տուին պատմական որոշում մը եւ յայտարարեցին դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը` յստակացնելով, որ զէնքի կը դիմուի միայն պաշտպանելու համար հայկական թաղամասերը: Եւ այսպէս, ամբողջ 15 տարի հայկական թաղամասերը համեմատաբար ապահով վիճակի մէջ մնացին: Ապահով մնալու համար կարիքը կար ինքնապաշտպանութեան: Եւ այդ ինքնապաշտպանութիւնը կատարեցին «Մեր տղաքը»: Այդ տղոցմէ ոմանք նահատակուեցան, ոմանք ծանր վնասուածքներ ստացան, իսկ ուրիշներ ալ վերապրեցան եւ վերաշինեցին գաղութը:

Բնականաբար ոչ մէկ ձեւով կարելի է արժեւորել նահատակներուն կատարած սխրագործութիւնները եւ արիական կեցուածքները: Շատ գրուած ու խօսուած է անոնց մասին եւ տակաւին շատ պիտի գրուի ու խօսուի:

Բազմաթիւ անգամներ մասնակցած եմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկներու, բայց այսօր կ՛ուզեմ յատուկ ձեւով գնահատել եւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք չնահատակուեցան, եւ որոնց անունները կը մնան լուսարձակներէ հեռու, բայց որոնք իրենց երիտասարդ տարիքին, մէկ կողմ դնելով կեանքի հաճոյքն ու անձնական շահը, փութացին բոլորին օգնութեան, կռուեցան, պահակութիւն ըրին, ջուր բաժնեցին, ուտեստեղէն հասցուցին… Անոնք այսօր թերեւս տակաւին ողջ են (խօսքը լիբանանահայութեան 45-70 տարիքի անձերուն մասին է) եւ կամ բնական մահով հեռացած են այս աշխարհէն: Անոնք պատերազմի աւարտէն ետք կեանքի շատ դժուար պայմաններու մէջ մնացին, որովհետեւ ամբողջ 15 տարի չմտածեցին իրենց ապագային մասին, մինչդեռ ուրիշներ առաջին կրակուած փամփուշտէն ետք լքեցին Լիբանանը ու փախան: Անոնցմէ ոմանք մինչեւ օրս կեանքի շատ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին եւ բացարձակապէս չեն զղջար իրենց կատարած ազգանուէր պարտականութեան համար: Անոնք կորսնցուցած են իրենց ամէնէն մտերիմ ընկերները, որոնք նահատակուած են, սակայն չեն ընկրկած եւ աւելի մեծ թափով ու վճռակամութեամբ շարունակած են իրենց առաքելութիւնը: Անոնցմէ շատեր այսօր հեռու են մեր առօրեայ կեանքէն, սակայն անոնք մեր այսօրուան ունեցած կեանքին հիմնաքարերն են:

Ոչ մէկ անգամ հանգիստ կամ դադար պահանջեցին, այլ միշտ պատնէշի վրայ էին: Անոնց թափած քրտինքը թոյլ տուաւ կազմաւորման նոր սերունդներու, որոնք այսօր կը շարունակեն անոնց աշխատանքը:

Այս տղոց ու աղջիկներուն յարգը ոչ միայն լիբանանահայութիւնը պէտք է գիտնայ, այլ նաեւ` ամբողջ սփիւռքահայութիւնը: Եթէ անոնք չըլլային, լիբանանահայութիւնը անհետացման վտանգին մէջ կ՛ըլլար, եւ լիբանանահայութեան անհետացումը կը նշանակէ` ամբողջ սփիւռքի գոյութեան վտանգ, տրուած ըլլալով, որ հակառակ բոլոր ցնցումներուն` լիբանանահայութիւնը տակաւին ամբողջ սփիւռքին մարդուժ ու ղեկավարութիւն կը հայթայթէ: Այսպիսով, անոնց կատարած զոհողութիւնը պէտք է սեպել Հայաստանի ազատագրութեան լայնածաւալ պայքարի օղակներէն մէկը:

Ես երախտապարտ եմ անոնց` այսօրուան ապրած կեանքիս համար: Յաճախած եմ անոնց պաշտպանած դպրոցը, ակումբն ու եկեղեցին, խաղացած ու վազվզած եմ անոնց պաշտպանած թաղամասերու մէջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ճանչնայ անոնցմէ անհատներ, ըլլան անոնք ընտանիքի անդամներ, բարեկամներ կամ ծանօթներ, լսած է անոնց պատմութիւնները եւ եզրակացուցած` անոնց անձնուիրութեան եւ զոհաբերութեան անժամանցելի կարեւորութիւնը:

Եւ տակաւին աննկարագրելի կը մնայ անոնց համեստութիւնը:

Յարգա՛նք ձեզի, խոնա՛րհ հերոսներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.