Անմոռուկը Մոնթրէալի քաղաքապետարանին առջեւ


2015 մայիսի կէսերէն մինչեւ սեպտեմբերի վերջը Մոնթրէալի քաղաքապետարան այցելողը մուտքին պիտի տեսնէ մեծ բուսախճանկար մը (mosaïculture), որ գունաւոր ծաղիկներով ու բոյսերով հարազատ պատկերը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարբերանշան հանդիսացող անմոռուկին, այն անմոռուկին որ կը զետեղուի Մեծ եղեռնի յիշատակման բոլոր ձեռնարկներու ազդերուն եւ անոր առնչուող բոլոր հրապարակումներուն վրայ։ Խճանկարին ներքեւ նաեւ ցուցատախտակի մը վրայ նշուած է առիթը՝ 100e anniversaire du génocide arménien – 24 avril 2015։ Այս նախաձեռնութիւնը արդիւնք է Park Extension ընտրաշրջանի հայազգի ներկայացուցիչ Մարի Տերոսի եւ քաղաքապետութեան Գործադիր վարչութեան փոխ նախագահ Յարութիւն Շիթիլեանի ջանքերուն։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.