Դամասկոսի հայաբնակ շրջանները ահաբեկիչներու հսկողութեան տակ չեն


Սուրիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը չի հաստատեր տեղեկութիւնները այն մասին, թէ ահաբեկիչները Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գրաւած են հայաբնակ շրջաններ:

«Սիրիայում ՀՀ դեսպանութեան տուեալներով լուրերը, թէ ահաբեկիչները գրաւել են Դամասկոսի հայաբնակ շրջանները` իրականութեանը չեն համապատասխանում»:

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` այս մասին Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

Աւելցնենք, որ նախօրէին տեղեկութիւններ  տարածուած էին այն մասին, որ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները գրոհով կը մօտենան Դամասկոսի կեդրոնին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.