Կռփամարտ. Անուշ Գրիգորեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան


anoush-krigoryan_8-23-15

Հունգարիոյ մէջ աւարտեցաւ կռփամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու աղջիկներու ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ամէնէն բարձր ծածանեցաւ նաեւ հայկական Եռագոյնը, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:

Լուրը փոխանցող ArmSport.am կայքը նաեւ հաղորդեց, որ 51 քկ դասակարգին մէջ Անուշ Գրիգորեան վստահ ելոյթներով յաղթեց իր բոլոր մրցակիցներուն եւ կանգնեցաւ պատուոյ հարթակին ամէնէն բարձր աստիճանին վրայ:

Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան աւարտականին Գրիգորեանի մրցակիցն էր յոյն Փլէա Ֆոթէին, որուն հայրենի մարզիկը ոչ մէկ կարելիութիւն տուաւ գերազանցելու զինք:

Նշենք, որ Անուշ Գրիգորեան 2014-ին նուաճած էր աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանի տիտղոսը, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.