Մուսա Լերան Վագըֆլը գիւղին մէջ խաղողօրհնէք


Մեր միւս սիւնակներուն մէջ արդէն արձագանգած ենք Ս. Աստուածածնի Տօնի առթիւ մեր կարգ մը եկեղեցիներէն ներս կատարուած արարողութիւններու ու խաղողօրհնէքի աւանդութեան։ Բայց այս տարի քիչ մը աւելին կատարուեցաւ Վագըֆլը գիւղի մէջ, ուր արարողութեան հանդիսապետելու եկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Սրբազան։ Արամ Սրբազանի օգնական կը հանդիսանար Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Հակառակ որ հանրութիւնը Պատրիարքարանի կողմէ տեղեակ չէր պահուած այս բացառիկ կարգադրութենէն, երկու Հայ երեսփոխաններ Սէլինա Տողան եւ Կարօ Փայլան եւս Վագըֆլը գիւղ գացած էին մասնակցելու համար խաղողօրհնէքի արարողութեան։ հոն էր նաեւ Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչ Տոքթ. Թորոս Ալճան։

Արամ Սրբազանի հանդիսապետութեան ներքեւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնութիւններ ստացաւ։ Արարողութենէն ետք հրաւիրեալները համտեսեցին օրհնուած խաղողըու հիւրասիրուեցան աւանդական Հարիսայով։
Երեսփոխան Սէլինա Տողան յայտարարեց որ ինք հոսկէ կը շնորհաւորէր ամբողջ Հայ ժողովուրդին Ս. Աստուածածնի Տօնը ու կը մաղթէր որ այստեղ կաթսայի մէջ եռացող Հերիսան ու օրհնուած խաղողը բերրիութիւն ու առատութիւն թող բերեն մինչեւ յաւերժութիւն։

Սէլինա Տողան ըրաւ քաղաքական կեանքի առընչութեամբ ալ ակնարկութիւն եւ ըսաւ որ ինք, անգամ մը որ Խորհրդարանը աշխատիլ սկսի, մասնաւոր աշխատանք պիտի տանի ատելութեան յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու համար։ «Երկիրը ընկերային խաղաղութեան, եղբայրութեան ու դրական զարգացումներու կարիքն ունի եւ պարտաւոր ենք ատոր համար յարմար գետին մը պատրաստելու», ըսաւ Սէլինա Տողան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.