Նահատակ գրագէտ Երուխանի գրչին պատկանող նոր գիրք մը հրատարակուեցաւ
- (0)
Երուխան (1870-1915), արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր անուններէն մէկը, իր նահատակութեան 100րդ տարին, կը ներկայանայ բոլորովին նոր հատորով մը: Երուանդ Սրմաքէշխանլեան իրապաշտական հոսանքի առաջատարներէն մէկն էր: «Ամիրային Աղջիկը» վէպը, ձկնորսներու կեանքէն քաղուած իր նորավէպերը արժանի տեղ մը ապահոված էին իրեն՝ Արփիարեանի, Բաշալեանի, Կամսարականի, Օտեանի նման հեղինակներու կողքին: 1896ին, համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով, Պոլիսէն դէպի Պուլկարիա եւ Եգիպտոս հեռացած արուեստագէտը, 1908ին, սահմանադրութեան վերահռչակման տարին, մայրաքաղաք վերադարձող հեղինակներէն մէկն էր նաեւ: Ահա այդ թուականին իսկ Երուխան դարձած էր «Ժամանակ»ի աշխատակիցներէն մէկը՝ ստորագրելով քաղաքական ու ազգային նիւթերուն վերաբերեալ հրապարակագրական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ քանի մը նորավէպեր: ՀՅ Դաշնակցութեան մամուլին համար յօդուածներ ստորագրող Երուխան «Ժամանակ»ի էջերուն վերստին կը յայտնուի 1913ին, երբ արդէն սկսած էր իր կեանքը ապրելու Խարբերդի մէջ, որպէս մանկավարժ:
Երուխանի «Ժամանակ»ին բերած աշխատակցութիւնը կարեւոր է նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ անիկա մանրանկարն է իր գրական ամբողջ գործունէութեան: Նախ զինքը կը ճանչնանք իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան պատկանող անուն մը՝ իր նորավէպերով: «Ժամանակ»ի էջերուն Երուխան ստորագրած է չորս նորավէպեր, որոնցմէ երկուքը առաջին անգամ է որ մաս կը կազմեն հատորի մը, իսկ միւս երկուքը նախապէս տպագրուած են հեղինակի կենդանութեան օրօք տպագրուած հատորին, ինչպէս նաեւ Փարիզի, Երեւանի ու Անթիլիասի հրատարակութիւններուն մէջ:
Եւ վերջին նորութիւն մը եւս: Երուխան նեղուած ու ձանձրացած Պոլսոյ միջավայրէն, մխիթարութիւն կ՛որոնէ հայրենի մթնոլորտին մէջ՝ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելով Խարբերդի մէջ, ուր կը դառնայ տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանի տեսուչը: Դէպի հայրենիք իր ճանապարհորդութիւնը եւ գաւառական կեանքը ան Պոլսոյ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Փոքր Ասիոյ Մէջէն» խորագրեալ յօդուածաշարով մը, որ ինչպէս միւսները, առաջին անգամ ի մի կը բերուին այս հատորին մէջ:
«Փոքր Ասիոյ Մէջէն» հատորը կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած է բանասէր ու գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան: Յառաջաբանի հեղինակն է սփիւռքահայ անուանի բանասէր Վարդան Մատթէոսեան: Կողքը պատրաստուած է տաղանդաւոր նկարիչ Արէտ Կըճըրի կողմէ: Տպագրութիւնը իրականացուած է «Ժամանակ»ին կողմէ, իբրեւ երկրորդ հրատարակութիւնը 100ամեակին ձօնուած մատենաշարին, Քասիմի «Օրուան Մտածումներ»էն ետք:
Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներէն Երուխան՝ եղերական վախճանին 100րդ տարելիցին, իր մոռցուած գործերով վերստին կը խօսի հայ հասարակութեան հետ:
