Համահայկական խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սասունի, Պիթլիսի, Տիարպէքիրի, Տէրսիմի եւ Վագըֆլիի խումբերը


ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 1999ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ կայացած Համահայկական խաղերը 2007էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուելու: Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն:

Նախապէս միայն Իսթանպուլի անունով մասնակցող Թուրքիոյ հայ խումբերը այս տարի աւելի զանազանութիւն կը ներկայացնեն: Առաջին անգամ 2011ի խաղերուն, Իսթանպուլի հաւաքականին կողքին բաւական մեծ թիւով մասնակցած էր նաեւ Սասունի հայրենակցական միութիւնը: Այդ մասնակցութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած էր յատկապէս բացման արարողութեան տողանցքի պահուն: Սասունցիներու այդ յաղթական համարձակութիւնը բարի նախանձ յառաջացուց այլ հայրենակցական միութիւններու մօտ եւս եւ այս տարի, բացի Իսթանպուլի եւ Սասունի հաւաքականներէն Պիթլիս, Տիարպէքիր, Տէրսիմ, Վաքըֆլըգիւղ եւ Սամաթիա թաղամասերն ալ զատ խումբերով կը մասնակցին մրցումներուն: Ներկայ դրութեան մէջ Թուրքիայէն մասնակցողներու թիւը կը հասնի 730ի, որոնց 400ը մարզիկներ եւ մարզիչներ են, իսկ մնացեալը՝ կազմակերպիչներ եւ համակիրներ:

Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձ ըլլալով ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր:
Արդարեւ, Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան անդամ Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութիւնով մը փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի դիմէ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Իսթանպուլէն զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:

Ըստ երեւոյթին, Օհանեանի նամակները համոզիչ չեն գտնուած, եւ բոլոր խումբերն ալ արդար հպարտութեամբ կը ժամանեն Երեւան:

Թուրքիոյ հայոց համար ուրախ հպարտութեան այլ երեւոյթ մըն է սիրուած երգչուհի Սիպիլի բացման արարողութեան մասնակցութիւնը: Շնորհալի երգչուհին, ինչպէս նախորդ խաղերուն, այս տարի ալ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեանի յատուկ հրաւէրով կը ժամանէ Հայաստան եւ բացման հանդէսի պահուն կը կատարէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Գետաշէն» երգը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.