Սուրուչը 1915ին
Սուրուչի վերջին պայթումին տխրահռչակ լուրը մեզ ակամայ կը տանի հարիւր տարի ետ, անցեալի նոյն քաղաքը։ Այնտեղ կը շրջին աքսորեալներու ուրուականները, որոնք կու գային Էրզրումէն (Կարին)։ Էրզրումցիներու երկրորդ կարաւանը, որ ճամբայ ելած էր 1915ի Յունիս 18ին, Սուրուչ պիտի հասնէր չորս ամիս ետք, Հոկտեմբերին։ 1300 ընտանիքներէն Սուրուչ հասած էր խղճալի 60 ընտանիքէ կազմուած փոքր խումբ մը։ Սուրուչը սակայն վերջին կայանը չէր այս մարդոց։ Անոնք պիտի մեկնէին տակաւին Սուրիական Անապատ։ Սուրուչը տեսակ մը վերջին կայանն էր անապատէն առաջ սակայն, այստեղ կը հաւաքուէին կարաւանները, ուղարկուելու համար Սուրիա, Արաբունար, այսինքն նոյն ինքն այսօրուան Քոպանին։
Խարբերդցիներն ալ անցած են Սուրուչէ։ Չմշկածակցիները եւ անոր շուրջի 21 գիւղերու 3000 բնակիչները ճամբայ ելած են Յուլիս 2ին, վեց շաբաթ ետք հասնելով Սուրուչ։ Սուրուչի մէջ անոնց խումբը բաժնուած է երկուքի, մէկ մասը երթալով անապատ Քոպանիի վրայով, միւս մասը ղրկուած Հալէպ։ Չենք գիտեր քանի հոգի հասած է Սուրուչ, գիտենք որ Սուրուչէն Հալէպ հասած են այս խումբէն 150 հոգի, անշուշտ կանայք եւ երախաներ միայն։
Սուրուչը եղած է գաղթակայան, հաւաքման վայր, ուր զանազան տեղերէ ողջ հասածներ կը խմբուէին, կազմելու համար 1000-1500 հոգինոց կարաւաններ, ղրկուելու համար Ռաքքա, Տէր Զօր, Քոպանի, Հոմս, Պապ եւ Հալէպ։ Ամասիացիներն իրենց կարգին անցած են Սուրուչէն, ամբողջութեամբ ղրկուելով Տէր Զօր, անոնցմէ ոչ ոք գիտէ թէ քանի հոգի փրկուած է։ Տէր Զօր գացողները ընդհանրապէս չէին փրկուեր։ Թերեւս անոնց հետքերուն կարելի է հանդիպիլ այսօրուան Տահէշականներու գրաւած անապատի գիւղերուն մէջ։ Ճակատագիր։
Սուրուչցի Սուլէյման Պեկը Ուրֆայի հայերուն վրայ երկու անգամ յարձակում ղեկավարած է, երկու անգամուն ալ յաջողելով հայկական թաղամասերը քանդել։ Սակայն իր յաջողութիւնը կը պարտի թնդանօթներուն եւ հրաձըգութեան։ Ուրֆայի փողոցներուն վրայ ռումբ կը տեղար երկինքէն, հայերը ստիպուած կ՚ըլլային ձգել իրենց թաղերը։ Սուլէյման Պեկը իրենց կը սպասէր 600 զինուորներով, 1915ի Հոկտեմբեր 1ին։
Մէկ բան եւս Սուրուչի մասին։ Սուրուչի գաղթականաց հիւանդանոցը։ Այստեղ գործած է չարաբաստիկ հիւանդանոց մը, ուր մտնողը ողջ չէ ելած։ Պատումները կ՚ըսեն, թէ հիւանդանոց կոչուածը լոկ վայրն էր մահացու հիւանդութիւնները տարածելու։ Այս հիւանդանոցին մէջ 1915ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1916ի Ապրիլը կեանք տուած է 30 հազար մարդ։ Ի վերջոյ գաղթականներէն ոմանք հաստատուած էին Սուրուչի մէջ, 1800 հոգի։ Անոնք առանձին հրամանով աքսորուած են Կիրակի օր մը առաւօտեան, Յունուար 9, 1916ին։
«Ակօս»