Հարցազրոյց հայրենադարձութեան «Repat Armenia» կազմակերպութեան տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ
«Նոր Յառաջ» – Յունիս 13ին, Փարիզի մէջ կայացած աշխատանքի տօնավաճառին մասնակցեցաւ «Repat Armenia»ի (Վերադարձ Հայաստան) գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեան։ Այս հաստատութեան շուրջ համախմբուած են մարդիկ, որոնք շրջագայած են աշխարհը, ունին կեանքի զանազան փորձառութիւններ, բայց վերադարձած են Հայաստան, ուր կ՚աշխատին եւ իրենց նպաստը կը բերեն երկրի զարգացման գործընթացին։ Անոնք կը քաջալերեն դէպի Հայաստան վերադարձը եւ փափաքողներուն ուղղութիւն ցոյց կու տան, կ՚առաջնորդեն, կ՚ուսումնասիրեն տարբեր կարելիութիւններ՝ անոնց օգնելու համար։
Վարդան Մարաշլեան ծնած է Հայաստան, 25 տարի ապրած է Մոսկուայի մէջ, իսկ 2010էն ի վեր վերադարձած ու իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Երեւան։ Ան 18 տարուան փորձառութիւն ունի եւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալի պաշտօնով մշակած է ԱՊՀ-ի երկիրներու հայ համայնքներու զարգացման ծրագիրներ՝ կազմակերպելով համահայկական մասնագիտական ֆորումներ։ Եղած է նաեւ Հայաստանի վարչապետի տնտեսական խորհրդականը։
Ստորեւ՝ օրին կայացած մեր տեսակցութեան ամփոփ պատկերը.-
«Նոր Յառաջ» – Երկու խօսքով կրնայի՞ք անդրադառնալ Փարիզ կազմակերպուած աշխատանքի տօնավաճառին։
Վարդան Մարաշլեան – Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, այս ձեռնարկը կ՚իրագործեն Ֆրանսայի Համարկումի գրասենեակը (OFII) եւ Գերմանիոյ Միջազգային գործակցութեան ընկերութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան կողմէ գանձատրուող «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագրի շրջագիծին մէջ։ Նպատակը այն է որ սփիւռքահայ մասնագէտներ վերադառնան Հայրենիք եւ իրենց գործունէութեամբ նպաստեն երկրի զարգացման եւ յառաջընթացին։ Այս տօնավաճառին զուգընթաց տեղի կ՚ունենայ նաեւ «Repat Armenia»ի «Երեւակայէ Հայաստանը» անունով ֆորումը, որ ինչպէս Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, այնպէս ալ հոս կը քաջալերէ կամաւորներու Հայրենիք վերադարձը։ Ելոյթ կ՚ունենան Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ հայրենադարձներ՝ ներկայացնելով իրենց փորձառութիւնն ու մշակած ծրագիրները։
«ՆՅ» – Այսօր Հայաստան ո՞ր մարզերու մէջ աւելի կարիքը ունի մասնագէտներու։
Վ.Մ. – Ըսեմ, թէ ներկայիս Հանրապետութեան տարածքին խիստ պահանջը կը զգացուի դրամատնային աշխատանքի, ֆինանսներու, գինեգործութեան, խորհրդատուական եւ ծրագրաւորումի ոլորտներէն ներս փորձառու մասնագէտներու։
«ՆՅ» – Տարբեր երկիրներու հայ համայնքներու համար կազմակերպուած ֆորումները ցարդ ի՞նչ արդիւնք տուած են։
Վ.Մ. – Եղած են յստակ պարագաներ, երբ հետաքրքրուողը ստորագրած է պայմանագիր մը եւ վերջնապէս փոխադրուած՝ Հայաստան։ Կան նաեւ կամաւորներ, որոնք առժամաբար Հայրենիք կուգան զանազան ծրագիրներ իրագործելու համար։ Յայտնեմ, թէ տարեկան շուրջ 500 հոգի մեզի կը դիմեն ու կը խորհրդակցին՝ Հայաստան կեցութիւն հաստատելու, աշխատանք գտնելու, եւ նմանօրինակ այլ հարցերով եւ մենք կ՚օժանդակենք անոնց։ Անշուշտ այդ 500 հոգիին բոլորը չէ, որ վերջնապէս կայք կը հաստատեն Հայաստան։
«ՆՅ» – Այս գործին մէջ արդեօք Սփիւռքի նախարարութիւնը կ՚օժանդակէ ձեզի։
Վ.Մ. – Մենք սեփական (privé) հաստատութիւն ըլլալով առանձին կ՚աշխատինք, սակայն կը գործակցինք անշուշտ պետական, բայց նաեւ ոչ-պետական կառոյցներուն հետ։
«ՆՅ» – Ի՞նչ տարիքի մարդիկ կը վերադառնան Հայրենիք։
Վ.Մ. – Մեծ մասամբ երիտասարդներ են, բայց մեր քով տարիքի սահմանափակում չկայ։ Գիտէք, այդ մարդիկը կու գան Հայաստան գործ կը գտնեն եւ աշխատավարձ կը ստանան, հետեւաբար նոյնիսկ տարիքոտ անձ մը իր փորձառութեամբ կրնայ օգտակար ըլլալ։
«ՆՅ» – Քանի տարիէ ի վեր կը վարէք «Repat Armenia»ի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը։
Վ.Մ. – Արդէն երեք տարի է որ այդ գործով կը զբաղիմ։ Մեր հաստատութեան հիմնադիրները 12 հոգի են, որոնք կու գան տարբեր երկիրներէ։
«ՆՅ» – Քիչ առաջ խօսեցաք ձեզի ներկայացուած դիմումներու մասին։ Ո՞ր երկիրներէն դիմումներ կը կատարուին։
Վ.Մ. – Դիմողներուն 15 տոկոսը Ամերիկայէն են, 12 տոկոսը՝ Ռուսաստանէն, 12 տոկոսը՝ Լիբանանէն, 5 տոկոսը՝ Պարսկաստանէն, 2 տոկոսը Գանատայէն, իսկ միւս երկիրներէն աւելի քիչ թիւով դիմողներ կան։ Ըսեմ նաեւ որ դիմում կատարողներուն մօտաւորապէս կէսը նախկին Հայաստանցի են եւ միւս կէսը՝ Սփիւռքէն։ Հայրենադարձները մեծ մասամբ կ՚աշխատին զբօսաշրջութեան, գինեգործութեան, հաղորդակցութեան բնագաւառներուն մէջ։
«ՆՅ» – Ո՞ր երկիրներու մէջ գրասենեակ ունիք։
Վ.Մ. – Առայժմ միայն Երեւանի մէջ գրասենեակ ունինք։ Կը մտածենք յետագային Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մօտ ալ ներկայացուցիչներ ունենալ։ Ունինք մնայուն երեք աշխատակից, որոնք անվճար ծառայութիւն կը մատուցանեն։ Իսկ մեր քով արձանագրուած են շուրջ 700 հայրենադարձներ, որոնք մեր միջոցաւ – ի հարկին – իրարու հետ կապ կը հաստատեն։
«ՆՅ» – Դուք իբրեւ խորհրդատու հաստատութիւն, կրնա՞ք նշել Հայաստանի մէջ այն ոլորտները, որոնք հայրենադարձներուն ձեռնտու չեն՝ աշխատանքի առումով։
Վ.Մ. – Օրինակի համար ներքին շուկայի հետ կապուած ոլորտին մէջ աշխատիլը շատ դժուար է, որովհետեւ թէ՛ շուկան փոքր է եւ թէ հոն կան մենաշնորհներ, սակաւապետեր, որոնք արդէն շատոնց իրարու մէջ բաժնած են «գործերը»։ Մենք ընդհանրապէս կ՚ակնկալենք որ դուրսէն եկած Հայը նորութիւն մը բերէ Հայաստան եւ կը քաջալերենք նո՛ր շուկաները, նո՛ր գաղափարները։