Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ճամբարի ծրագիրներուն կը հետեւին 415 արցախցի պատանիներ


11 տարի առաջ, Գանատահայ Հայդուկ եւ Այտա Շամլեանները Շուշիի մէջ հիմը դրին «Արամ Մանուկեան» ճամբարին: Ամրան ընթացքին Շուշիի եի մերձակայ կարգ մը բնակավայրերու հարիւրաւոր արցախցի երեխաներ կը հետեւին Շամլեաններու կազմակերպած դաստիակաչական ծրագիրներուն։

Անցնող օրերուն, ճամբարը իր դռները վերստին բացաւ։ Այս օրերուն աւելի քան 400 երեխաներ արձանագրուած են ճամբարին, որոնց հետ են նաեւ պատանիներէ բաղկացած օժանդակներու ջոկատը, բոլորը Ճամբարի անցնող տարիներու «շրջանաւարտներ։ Ստորեւ ներկայացուած յղումին մէջ, Արցախի պետական հեռատեսիլի կայանը տեսանիւթով մը կը ներկայացնէ ճամբարի մասին ծրագիր մը։

 https://www.youtube.com/watch?v=vIMfXKFyVzQ

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.