Պաղտատի Մէջ Բողոքի Լուռ Քայլարշաւ Դէպի Թրքական Դեսպանատուն


Ապրիլ 23ի առաւօտեան ժամը 10ին սկսաւ Պաղտատի հայութեան բողոքի քայլարշաւը դէպի թրքական դեսպանատուն:
Աւելի քան 500 հայեր՝ գլխաւորութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, քահանայ հայրերու, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ միութիւններու վարչութիւններու անդամներուն, քալեցին դէպի թրքական դեսպանատուն:
Այսպիսի միջոցառում առաջին անգամն էր որ տեղի կ՛ունենար Իրաքի հայութեան պատմութեան մէջ:
Հայերու հետ ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Իրաքի գիտութեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Ֆարես Եուսեֆ Ճաճու, Իրաքի խորհրդարանի քրիստոնեայ պատգամաւոր Եուսըֆ Սլէուա, «Էլ-Մասարադ» մշակութային եւ լրատուամիջոցներու զարգացման հաստատութեան տնօրէն ակադեմիկոս տոքթ. Սաատ Սալլում, Պասրայի մէջ քրիստոնէութեան խորհուրդի անդամ Նովակ Պետրոսեան եւ շարք մը պատասխանատուներ, նաեւ Ցեղասպանութեան մարզի 40 իսլամ գործիչներ։
Բողոքի ցոյցը լուսաբանուեցաւ իրաքեան լրատուամիջոցներու կողմէ, որոնց շարքին՝ «Իշթար», «Սոմարիա», «Ալ-Մատա» եւ «Ալ-Հուրրա», «Իրաք» եւ «Էլ-Զաման»:
Հասնելով թրքական դեսպանատան մօտ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան կարդաց իրաքահայութեան բողոքագիրը՝ ուղղուած թրքական կառավարութեան, սակայն զայն դեսպանատուն փոխանցելը չյաջողեցաւ, որովհետեւ թուրքերը չփորձեցին դուրս գալ՝ ստանալու բողոքագիրը:
Անոնք նոյնիսկ վար առած էին դեսպանատան տանիքին բարձրացած թրքական դրօշը։
Այս բոլորի պատճառով բողոքագիրը փակցուեցաւ դեսպանատան պատերուն վրայ, ինչպէս նաեւ յանձնուեցաւ լրատուամիջոցներուն:
Քայլարշաւի աւարտին, մասնակիցները վերադարձան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ այդ առիթով բակին մէջ սարքուած վրաններուն տակ ճաշակեցին հարիսայ, որ պատրաստուած էր Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան կողմէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.