Պելճիքայի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Հինգշաբթի, 23 Յուլիսին, Պելճիքայի խորհրդարանի լիագումար նիստը բացարձակ մեծամասնութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Չորեքշաբթի օր սկսած քննարկումները գրեթէ միաձանութեամբ ի պաշտպանութիւն էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին նկատմամբ, որուն դրականօրէն արձագանգած էին Պելճիքայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Այս բանաձեւին վաւերացումով, Պելճիքայի խորհդարանը կու գայ միանալու երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց արդէն ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Բանաձեւի վաւերացումը ողջունեց Արդարութեան եւ Ժողովրդավարութեան Եւրոպայի հայութեան դաշինքի նախագահ Գասպար Կարապետեան, որ Պելճիքայի խորհրդարանի այս քայլը նկատեց թրքական կառավարութեան ուղղուած պատգամ մը, թէ Եւրոպայի մէջ կեղծիքն ու ուրացումը տեղ չեն կրնար ունենալ եւ ուշ կամ կանուխ Թուքիա պարտաւորուած պիտի ըլլայ դէմ յանդիման գալու իր պատմութեան եւ անցեալին հետ:

Կարապետեան նաեւ նշեց, որ բանաձեւի հաստատումը կարելի դարձաւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան, Հայ Դատի յանձնախումբի Պելճիքայի կառոյցին եւ Պելճիքայի հայութեան յանձնախումբի համակարգուած ճիգերուն շնորհիւ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.