Բազէ Հրայրի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «100-1915-2015» գիրքը


Արարատը Բազէի ոսպնեակով

«Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր իր լուսանկարներով կ՛արխիւագրէ Հայկական պատմական յուշարձանները հայրենիքի եւ արտասահմանի մէջ։ Նոր հրատարակուած իր ալպոմը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

«100-1915-2015»-ը խորագիրն է Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած՝ աւելի քան 500 մեծադիր էջերէ բաղկացած գիրքին, որուն հեղինակն է անուանի լուսանկարիչ, մեծ

հայրենասէր Հրայր Բազէ Խաչերեանը։ Գիրքը, որ ձօնուած է հեղինակին մեծ

ծնողներուն՝ Պետրոս Պապեան Պապիքեանին, Կիւլիզար Չոլաքեանին, Ներսէս Խաչերեանին եւ Սուլթան Մամիկոնեանին, առաջին անգամ հրատարակուած է Հրայր Բազէ Խաչերեանի անձնական միջոցներով։ Երկրորդ հրատարակութիւնը հովանաւորած են Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեանները , որոնք հեղինակին հասցէագրած իրենց շնորհաւորական խօսքին մէջ հետեւեալը կը հաստատեն.

«Մեր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Հրայր Բազէ Խաչերեանին,

երկար տարիներու վրայ երկարող իր անզուգական նուիրումին եւ յարատեւ աշխատանքին համար, որոնց շնորհիւ լոյս տեսաւ պատմական բացառիկ արժէք ներկայացնող այս գործը, որ հաւասարապէս պիտի գնահատուի հայ եւ օտար ընթերցողներուն կողմէ։

«Պատմութեան ընթացքին թող յիշուին բոլոր այն մարդերը, կիներն ու երախաները, որոնք նահատակուեցան հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան ընթացքին. յուսանք որ պատմութեան մէջ նման արարքներ չեն կրկնուիր եւ մարդիկ կը սորվին ապրիլ համատեղ, փոխադարձ յարգանքով, խաղաղ ու ներդաշնակ մթնոլորտի մը մէջ, յաղթահարելով՝ կրօնական, ցեղային ¢ մշակութային բոլոր տարբերութիւնները»։

 Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է 1961ին։ Մեծ հայրը ծնունդով զէյթունցի փրկուած է ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Պէյրութ, Հրայրի ծննդավայրը։ Բազէն 1984ին գաղթած է Լիբանանէն եւ հաստատուած է Գանատա։ Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1992ին եւ ականատես եղած՝ յանուն անկախութեան արցախահայութեան մղած հերոսական պայքարին։ 1993ին, նախքան Արցախէն մեկնիլը, Հրայրը վստահեցուցած է իր ընկերներուն, որ շուտով պիտի վերադառնայ Ղարաբաղ իր աշխատանքը շարունակելու համար։ Բայց Գանատա վերադառնալէն ետք բժիշկները քաղցկեղ կը յայտնաբերեն անոր թոքերուն մէջ…։ Հակառակ մասնագէտներու հաւաստիացումին որ Հրայր միայն տասը օրուան կեանք ունի, ան, խաչին վրայ ըրած իր ուխտով գօտեպնդուած, կը խոստանայ Աստուծոյ, առողջանալու պարագային, իր ամբողջ կեանքը նուիրել աշխարացրիւ հայ եկեղեցիները լուսանկարելու աշխատանքին։ Խաչերեան պայքարած է անողոք հիւանդութեան դէմ եւ յաղթահարած զայն, զարմանք պատճառելով բժիշկներուն։ Հաւատարիմ իր ըրած ուխտին, հայրենասէր արուեստագէտը բացի պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն՝ շրջած է աւելի քան 40 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներէն մինչ¢ Աւստրալիա եւ լուսանկարած հայ եկեղեցիները։ Ան իր աշխատանքը հրատարակած է 12 լուսանկարչական գիրքերու մէջ, որոնցմէ յիշենք` ՛՛Artsakh: A Photographic Journey՛՛ (1997), ՛՛Karabagh: 100 Photos for the Independence՛՛ (2002), ՛՛Yergir՛՛ (2005), ՛՛Armenian Ornamental Art with Armen Kyurkchyan՛՛ (2010), ՛՛Armenian Ornamental Script՛՛ (2012), ՛՛One Church, One Nation՛՛ (2013)։

 

Բացի յիշեալ հրատարակութիւններէն, Հրայր Բազէ, երկար տարիներ, աշխարհի չորս ծագերուն տուած է՝ դասախօսութիւններ, կազմակերպած՝ ցուցահանդէսներ եւ համագումարներ ։

 ՛՛100-1915-2015՛՛ կոթողային գրքին ներածականը գրած է Հայաստանի Ազգային Ակադենիայի անդամ, մաթեմաթիկոս եւ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանը, որ 1980էն ի վեր ինքզինք նուիրած է՝ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու պատմութեանց ուսումնասիրութեան։ Մութաֆեան իր ներածականին մէջ, կը գրէ. «Արդէն 100 տարի անցած է երկամեակ մը տեւող ցեղասպանութենէն, որ հայ ժողովուրդի բազամահազար տարիներու ներկայութիւնը անհետացուց Արեւելեան Անաթոլիայէն, որ իր էութեամբ Արեւմտեան Հայաստաննէր։ Այս ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ տասնամեակներու վրայ, այդ ներկայութեան յիշողութիւնն անգամ ջնջելու ջանքերով»։

 Խաչերեանի գիրքին մէջ ներառնուած են նաեւ իտալացի յայտնի հայագէտ, հայագիտական գիրքերու հեղինակ, 2008էն ի վեր Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի անդամ, Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոկանի «Հայոց լեզուն եւ հայերը» յօդուածը, ծանօթ գրող, հրապարակագիր, գրականութեան դասախօս Տիգրան Գույումճեանի գրութիւնը հայ եկեղեցուոյ սրբազան մասունքներու մասին, ինչպէս նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Մշակութային ուսմանց բաժնի վարիչ Փրոֆ. Համլէտ Պետրոսեանի հայկական խաչքարերուն նուիրուած ուսումնասիրութիւնը։

 «100-1915-2015» գիրքին մէջ համախմբուած են վերջին 17 տարիներուն ի ափիւռս

աշխարհի Հրայր Բազէ Խաչերեանի առած լուսանկարները, որոնք նուիրուած են մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, բերդերուն, ամրոցներուն, դրամներուն, ասեղնագործործութեան, եկեղեցական զգեստներուն, գորգերուն, արծաթագործ եւ ոսկերիչ հայ վարպետներու արուեստի գործերուն, որմնանկարներուն, քանդակներուն, ձեռագրերուն, խաչքարերուն, քաղաքներուն, գիւղերուն եւայլն, եւայլն։ Գիրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարներու մասին տրուած են հարկ եղած տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնները՝ անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

 Հեղինակը գիրքի կողքին վրայ լատինատառ տպագրութեամբ դրած է ստորեւ նշուած տեղանունները, ընթերցողին ուշադտութիւնը հրաւիրելու համար պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ իր այցելած վայրերուն վրայ. ADANA. VAN. SIS. TOKAT. MALATYA. ANI. KUTAHYA. AGN. MOUSH. PALU. KARS. ARDAHAN. SASOUN. KHIZAN. ERZURUM. TRABIZON. SIVAS. ARARAT. KAYSERLI. TOMARZA. BITLIS. AINTAB. MARASH. KHARPERT. OLTU. URFA. ZAYTOUN.

Կրնայի դեռ երկար գրել գիրքին մէջ ձեռք-ձեռքի բռնած առինքնող լուսանկարներու մասին, բայց այս եզակի հրատարակութիւնը ճշգրիտ բնութագրելու համար նոյնիսկ հարուստ հայերէն լեզուն պէտք եղած բառապաշարը չունի…։ Անհրաժեշտ է տեսնել, զգալ եւ ապրիլ այդ հիասքանչ նկարները եւ անոնցմէ ճառագայթող մեր պապերու ոգին…։

Ինչպէս Հռոմի աւերակներուն դիմաց՝ մարդուն երեւակայութեան մէջ կը վերակառուցուին տաճառներն ու պալատները իրենց անցեալի փառաւոր տեսքով, այնպէս ալ դիտելով Հրայր Բազէի նկարները, մեր մտքին մէջ կը վերակենդանանան հայոց եկեղեցիներն ու վանքերերը, բերդերն ու ամրոցները, գիւղերն ու քաղաքները իրենց երբեմնի շքեղութեամբ։ Բազէի նկարներուն մէջ խտացած են հայոց պատմութիւնն ու հայու հոգին …։

 Հրայ Բազէ կ՛ըսէ.

 «Այս աշխատութեան մէջ հաւաքած եմ այդ ամէնը, ինչին ականատես եղայ աւելի քան 30 ճամբորդութիւններուս ընթացքին. քաղաքներ, գիւղեր, վանական համալիրներ, բնակավայերեր, կենցաղային իրեր, հմուտ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած տարբեր իրեր, բազմազան ոճի եւ գոյնի ձեռագործ ծածկոցներ եւ այն ամէն ինչը որ զիս հետաքրքրեց եւ ուզեցի բաժնել հանրութեան հետ։ 20-րդ դարու առաջին եւ մարդկութիւնը միշտ ամօթով պահող Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ անց՝ մենք դեռ ցիր ու ցան ենք եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք մեր երկրի կարօտով։

 «Այս գիրքը կը նուիրեմ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին եւ կը յուսամ համեստ ներդրում մը բերած ըլլալ հայկական անծայրածիր մշակոյթին եւ պատմութեան պահպանման եւ տարածման գործին մէջ»։

 ՛՛Ծառ ի պտղոյ իւրմէ ճանաչի՛՛ (ծառը իր տուած պտուղով կը ճանչցուի) կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ։

Վարձքդ կատար Հրայր Բազէ Խաչերեան։

Երախտագիտութեամբ կը խոնարհիմ առջեւդ պատմական եզակի արժէք ներկայացնող այս գրքի իրագործման համար, որ երկար տարիներու նուիրեալ, յարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքիդ արդիւնքն է։

 Ասատուր Կիւզելեան

Լոնտոն


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.