Օհանեան. «200 Միլիոն Տոլարի Վարկով Պիտի Ունենանք Աւելի Ժամանակակից Զէնք»


Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուող 200 միլիոն տոլարի վարկը Հայաստանին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ունենալու աւելի ժամանակակից զէնք: Այս մասին երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին  ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

«Համապատասխան համագործակցութեան շնորհիւ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Ռուսիոյ հետ հասած է նման համաձայնութեան: Զէնքի տեսակները արդէն ընտրուած են եւ ճշգրտումները կը կատարուին: Զէնքերը ժամանակակից են, աւելի շատ պաշտպանողական եւ նաեւ կանխարգելիչ, որոնք ալ հիմք պիտի դառնան զսպումի մեքանիզմներու ստեղծման համար», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը:

Յիշեցնենք, որ 26 յունիսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցած էր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի ռուսական կողմի նախագահ, Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Մաքսիմ Սոքոլովի հետ: Հանդիպման ընթացքին որոշուած էր Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին տրամադրել 200 միլիոն տոլարի չափով արտօնեալ արտահանման վարկ, որուն շնորհիւ զգալիօրէն կարելի է ընդարձակել Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի զինանոցի ժամանակակից սպառազինման տեսականին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.