Կրօնափոխութեան հետեւանքով կորսուած եւ կորսուելու դատապարտուած հայեր


Լուսանկարին մէջ Ասիյան է, որուն մայրը, 1915-ին Չունքուշի հայոց ջարդի ժամանակ ազատած է սպանդէն քիւրտի մը շնորհիւ։ Ամուսնանալով քիւրտին հետ Ասիյայի մայրը կրօնափոխ դարձած է։ 2013-ին Այսիան մահացաւ 99 տարեկանին Չունքուշի մէջ։ Ան Չունքուշի վերջին հայն էր։ 1915-էն առաջ Չունքուխի մէջ կ՚ապրէին 10 հազար հայեր… 

 

Հ­րա՞շք պէտք է, թէ՞ կազ­մա­կեր­պու­թիւն՝ կո­րուս­տը փրկե­լու հա­մար: Ան­ցեա­լին ար­տա­յայ­տո­ւած էի, Մ­խի­թա­րեան­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւն «Հայ Ընտանիք» ամ­սագ­րին մէջ, Հ. ­Յա­րու­թիւն Պզ­տի­կեա­նի 1985ին հրա­տա­րա­կած ու­շագ­րաւ յօ­դո­ւա­ծին մա­սին, ուր գլխապ­տոյտ տո­ւող թի­ւեր կը տրո­ւէին մեր թո­ւա­քա­նա­կի կո­րուստ­նե­րուն վերաբերեալ: Մ­տա­հան պէտք չէ ը­նել այն պարզ ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ տո­կա­լու եւ տե­ւե­լու հա­մար որ­պէս ազգ, համ­րան­քը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, նաեւ այ­սօր, զա­նա­զան բնոյ­թի ճնշում­նե­րուն դի­մաց: Այ­լա­պէս, որ­պէս թո­ւա­կան ուժ անն­շան դառ­նա­լով, մեծ կամ պզտիկ ցնցում­ներ ճա­կա­տագ­րա­կան կ’ըլ­լան:

 Հա­մա­ցան­ցով տե­ղե­կու­թիւն մը ստա­ցայ, նոյն «Հայ Ընտանիք»ի վե­րո­յի­շեալ թո­ւա­կա­նի յօ­դո­ւա­ծին մէջ տրուած թի­ւե­րու ամ­փո­փու­մով: Գ­րու­թե­նէն կը պար­զո­ւի, որ Հ. ­Յա­րու­թիւն Պզ­տի­կեանն է այդ յօ­դո­ւա­ծի յի­շեց­ման հե­ղի­նա­կը, միա­ժա­մա­նակ տա­լով պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ու­սում­նա­սի­րո­ղի ա­նուն­ներ: Գ­րո­ւած էր.- «1985ին, որ­պէս խմբա­գիր «Հայ Ընտանիք» ամ­սա­թեր­թի, որ տաս­նը­հինգ հա­զար տպա­քա­նա­կով լոյս կը տես­նէր Ս. ­Ղա­զա­րէն եւ մուտք կը գոր­ծէր Ս­փիւռ­քի գրե­թէ բո­լոր գա­ղութ­նե­րէն ներս, ձեռ­նար­կե­ցի 200 է­ջա­նոց տա­րե­թիւ մը նո­ւի­րել ցե­ղաս­պա­նու­թեան ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԱՄԵԱԿԻՆ, օգ­տո­ւե­լով Մ­խի­թա­րեան մայ­րա­վան­քի հա­րուստ դի­ւա­նէն եւ ան­տիպ փաս­տա­թուղ­թե­րէն, հիմ­նա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­նա­լով նիւ­թի մը շուրջ՝ ո­րու մա­սին շատ քիչ խօ­սո­ւած էր. ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐ»:

Փա­կա­գիծ. ո՞ր տե­ղա­տո­ւու­թեան հե­տե­ւանք է տաս­նը­հինգ հա­զար տպա­քա­նա­կով ամ­սագ­րին դա­դ­րե­ցու­մը: ­Հար­ցում էր:

Տ­պա­քա­նա­կի ան­կու­մը դար­ձած է ախ­տա­ւոր ե­րե­ւոյթ, երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի հա­յե­րէն թեր­թին եւ գիր­քին: Օր մը կը քննե՞նք հե­տե­ւանք­նե­րը:

Օ­րին, իս­լա­մա­ցած-իս­լա­մա­ցո­ւած հա­յե­րու հար­ցով զբա­ղող մտա­հոգ ազ­գա­յին­ներ ե­ղած են: ­Հարց՝ որ զգա­ցա­կան քա­նի մը պա­րա­գա­նե­րու չի վե­րա­բե­րիր, տե­ղա­հա­նու­թեան օ­րե­րուն ա­ռե­ւան­գո­ւած­ներ կամ ի­րենց ման­կու­թիւ­նը չյի­շող­ներ, այլ զան­գո­ւա­ծա­յին ե­րե­ւոյ­թի մը, ազ­գաբ­նակ­չու­թեան շեր­տեր՝ ո­րոնք կորսնց­նե­լով կրօ­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, նոյն հու­նով նաեւ լե­զուն, խզո­ւած են ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թե­նէ: Այս կո­րուս­տը քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րով չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր: ­Ներ­կա­յիս կը գտնո­ւինք համ­շէ­նա­հա­յե­րու հար­ցին առ­ջեւ, ո­րոնք բար­բա­ռա­յին հա­յե­րէն մը կը խօ­սին, բայց ո­րոնց հայ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, ի­րենց կող­մէ ըն­դու­նո­ւած, դեռ վերջ­նա­կան ձե­ւա­ւո­րում չու­նի, այ­սինքն համ­շէն­ցի­նե­րը, քրիս­տո­նեայ կամ իս­լամ, հայ ազ­գին մէջ ե՞ն, այդ­պէս կը զգա՞ն եւ կ’ըն­դու­նի՞ն, թէ՞ ոչ, կամ ո՞ր տո­կո­սը կը մտա­ծէ վե­րա­դառ­նալ հայ ազ­գա­յին ա­ւա­զա­նի մէջ:
Ս­տա­ցո­ւած տե­ղե­կու­թեան մէջ ա­րագ նշում­ներ կան: Կ­’ը­սո­ւի.- «­Մի­ջին դա­րու մեր պատ­միչ­նե­րը սար­սա­փա­հար գրած են, թէ ինչ­պէ՞ս 12րդ ­դա­րուն սել­ճու­քեան բռնա­պե­տու­թեան եւ ան­տա­նե­լի հար­կե­րու ճնշու­մին տակ՝ գե­րե­վա­րու­թիւն­նե­րով եւ ա­ռե­ւան­գում­նե­րով իս­լա­մա­ցած են բիւ­րա­ւոր հա­յեր։ Ա­ւե­լի ուշ՝ օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն իս­լա­մա­ցու­մը զան­գո­ւա­ծա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հա­սած է»:
Ար­ձա­նագ­րո­ւած՝ «սար­սա­փա­հար»:

Այ­սօր ալ, երբ կ’ի­մա­նանք, կրնա՞նք սար­սա­փա­հար չըլ­լալ, թո­ւա­բա­նա­կան ա­րագ հա­շիւ­ներ չը­նել եւ չխոր­հիլ, ա­ռանց դեռ հա­շո­ւե­լու բնա­կան ա­ճը, թէ ա­ռանց այդ կո­րուստ­նե­րուն ի՞նչ կ’ըլ­լար մեր համ­րան­քը, նաեւ այդ համ­րան­քին բե­րած ու­ժի նպաս­տը, որ­պէս­զի մեր դրա­ցի­նե­րը մեզ նո­ւազ ան­հան­գիստ ը­նէին, հա­յա­պատ­կան հայ­րե­նի­քը, ոչ միայն հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, բնա­կո­ւած ըլ­լար հա­յե­րով: Ազ­գագ­րա­գէտ­ներ եւ վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ հիմ­նա­ւո­րո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն չե՞ն կրնար ը­նել, ճշդե­լով այս պա­րա­գա­յին «ծա­գու­մով հայ» զան­գո­ւած­նե­րու հաս­ցէ­նե­րը եւ համ­րանք­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ հասկ­նա­լու հե­տա­խու­զու­թիւն ը­նել, թէ այդ զան­գո­ւած­նե­րը տեղ մը կը յի­շե՞ն ի­րենց «ծա­գու­մը», քա­նի որ այդ յի­շո­ղու­թիւնն է ա­ռա­ջին քայ­լը վե­րա­դար­ձի ընտ­րան­քի:
Այդ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու նախ­կին հաս­ցէ­նե­րու եւ համ­րան­քի մա­սին կը խօ­սի Հ. ­Յա­րու­թիւն Պզ­տի­կեա­նի ել-նա­մա­կով ստա­ցո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թեան ամ­փոփ յի­շե­ցու­մը:

«Ա­ռա­ջին ան­գամ Հ. ­Ղու­կաս Վրդ. Ին­ճի­ճեան, Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն (1758-1833), ե­րեք կա­րե­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց, ար­դիւնք իր ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն տեղ­ւոյն վրայ։

«Ան կը գրէ.

«- ՀԱՄՇԷ­Նի 22 գիւ­ղե­րը ի­րենց 44.000 բնակ­չու­թեամբ կ’իս­լա­մա­նան:
«- ԵՐԶՆԿԱ­յի քա­ղա­քին (հա­յե­րը) եւ 250 հայ գիւ­ղեր նոյն ճա­կա­տագ­րին կ’ար­ժա­նա­նան, մօ­տա­ւո­րա­պէս 225.000 հո­գի:
«- ԹՈԳԱՏ (ԵՒԴՈԿԵԱ)ի 190 գիւ­ղե­րը եւ քա­ղա­քին 2500 ըն­տա­նիք­նե­րը կ’իս­լա­մա­նան։
«- ՏԻՎՐԻ­Կի 2000 հայ տու­նե­րը եւ ԱՐԱԲԿԻ­Րի 84 գիւ­ղե­րը նոյն­պէս։
«­Հե­ղի­նա­կը կը յի­շէ նաեւ 1100 տուն ՀԱՅ-ՀՈՐՈՄՆԵՐՈՒ հինգ գիւ­ղե­րու մէջ եւ ԱԿՆ ԳԱՒԱՌԻ 24.000 օ­տա­րա­ցած հա­յե­րը։
«- ԹՈՐԹՈՒՄ – 30 գիւղ եւ 400 տուն՝մ­տա­ւո­րա­պէս 24.000 հո­գի։
«- ԿԱՄԱԽ գա­ւա­ռի 360 գիւ­ղեր՝­շուրջ 200.000 հո­գի եւ ՄԱՆԱԶԿԵՐՏ գա­ւա­ռէն 220.000 հո­գի։
«- ԱԽԱԼՑԽԱի 24 գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վրա­ցա­կան ծէ­սի յա­րե­լով օ­տա­րա­ցան։
«- ՃՈՐՈ­Խի բնիկ հա­յե­րը իս­լա­մա­ցան:
«- ԱՐԴՈՒԻ­Նի 50 գիւ­ղե­րու հա­յե­րը իս­լա­մա­ցան կամ վրա­ցի դար­ձան։
«Եւ այս­պէս Ին­ճի­ճեան կը պատ­մէ, ՀՌՈՄԿԼԱ­Յի, ՄԱՐԱՆ­Դի, ՏԻԱՐՊԷՔԻ­Րի շրջա­նի տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րը քրտա­ցան եւ իս­լա­մա­ցան։
«ՊԻԹԼԻ­Սի մէջ 25.000 տու­նե­րէն մնա­ցած է կ’ը­սէ միայն 5000»:

Գու­մա­րում ը­նել «սար­սափ» կ’ազ­դէ: ­Սար­սա­փէն ան­դին կը մղէ՞ մտա­ծե­լու եւ վե­րա­կանգ­նու­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեան:

Արդ, այս ազ­գա­յին հիմ­նա­հար­ցը նախ կը քննե՞նք պե­տա­կան-ա­կա­դե­մա­կան մա­կար­դա­կով: Այս մօ­տե­ցու­մը մեզ պի­տի մղէ մտա­ծե­լու, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին քսա­նա­մեա­կին մէջ չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր: Ա­պա պի­տի խոր­հի՞նք եր­թալու դէ­պի այս հա­յե­րը, գի­տա­կան եւ հիմ­նա­ւո­րո­ւած մօ­տե­ցու­մով, ուղ­ղա­կի դէ­պի այդ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, եւ ա­պա նաեւ ներ­կա­յա­նալու մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն, որ­պէս­զի դա­րե­րու հնու­թիւն ու­նե­ցող դաւ եւ ո­ճիր որ­պէս մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած յա­ջոր­դա­կան չա­րիք­ներ, մտցո­ւին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըմբռ­նու­մին մէջ:

Այս պէտք է ը­նել ոչ թէ միայն հա­տու­ցու­մի հա­մար, այլ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ազ­գի գո­յու­թեան ի­րա­ւուն­քը, իս­կա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի հե­ռան­կա­րով:

Օ­րա­թեր­թա­յին նշու­մը կը մնայ հե­տաքրք­րա­շար­ժի սահ­ման­նե­րուն մէջ, այդ­պէս է, կը մոռ­ցո­ւի: ­Տե­ղե­կու­թիւ­նը ան­պէտք է, ե­թէ պա­տաս­խա­նա­տուութիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին չքննուին հար­ցե­րը եւ եր­կա­րա­շունչ յանձ­նա­ռու ծրագ­րում­ներ չըլ­լան: ­Ճիշդ է, որ այդ մի­լիո­նա­ւոր «հա­յեր»ու վե­րա­դար­ձը ան­կա­րե­լի կրնայ թո­ւիլ, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քակր­թա­կան, կրօ­նա­կան եւ բար­քե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով: ­Բայց կրնա՞նք ան­գի­տա­նալ, չյու­սալ, ձեռ­նա­ծալ մնալ:

Ի­րա­ւունք ու­նի՞նք ան­գի­տա­նա­լու կո­րուս­տը այդ մե­ծա­թիւ զան­գո­ւա­ծին, «հայ զան­գո­ւած­ներ», ո­րոնք «ծա­գու­մով հայ» են, կրնան ըլ­լալ այ­սօր, նոյ­նիսկ երբ այդ «ծա­գում»ն­ ալ մոռ­ցո­ւած է: Ի­րա­ւունք ու­նի՞նք պա­տա­հա­ծը ար­ձա­նագ­րե­լու պատ­մու­թեան շահ-վնա­սի տո­մա­րին մէջ:

Այս հար­ցը ի հար­կէ կը կա­րօ­տի ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու:

Բայց ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ պէտք է հասկնալ, ո­ր այս հար­ցը քա­ղա­քա­կան է, ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէ ներշն­չո­ւած յանձ­նա­ռու­թեամբ:

Կ­’ը­սո­ւի, թէ ա­րա­բա­կան ցե­ղա­խումբ կայ, որ ինք­զինք կը հա­մա­րէ ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու շա­ռա­ւիղ:

Համ­շէն­ցի­ներ կը խօ­սին Ա­մա­տու­նի­նե­րու շա­ռա­ւիղ ըլ­լա­լու մա­սին:
Թե­րեւս հա­յու­թեան քա­րո­զիչ­ներ պէտք է ղրկել առ որ անկ է, ինչ­պէս ան­ցեա­լին ե­ղած են հա­ւատ­քի քա­րո­զիչ­ներ, եւ այ­սօր ալ կան, մի­սիո­նար­ներ:

Բայց նախ պէտք է նստիլ եւ խօ­սիլ, գիտ­նա­լու հա­մար, որ հար­ցը ազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր է՞, թէ՞ ոչ, մե­զի հա­մար, ­Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ: Ա­պա կը խօ­սո­ւի այդ զան­գո­ւած­նե­րու Ազ­գա­յին ­Տուն վե­րա­դար­ձի մա­սին:

Հարկ է խօ­սիլ նաեւ այդ Ազ­գա­յին ­Տան մա­սին, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ ­Կի­լի­կիոյ տա­րածք­նե­րուն մա­սին, ուր հայ ժո­ղո­վուրդ կ’ապ­րէր եւ ուր հայ ժո­ղո­վուրդ չկայ: Ի՞նչ բա­ցատ­րու­թիւն տալ այս բա­ցա­կա­յու­թեան:

Ինչ­պէ՞ս մար­դի­կը եւ պատ­մու­թիւ­նը վերս­տին դնել ի­րենց բնա­կան հու­նին մէջ, ուր­կէ պէտք չէ որ ե­լած ըլ­լա­յին:

Այս հիմ­նախն­դիր է, բիզ­նես եւ տու­րիզմ չէ:

Յ. ­Պա­լեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.