«Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Երգերու Բնորոշ Նմոյշներ»


Գողտրիկ, բայց սիրտ լեցնող, հոգի ու միտք հարստացնող հատորիկ մըն է «Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Երգերու Բնորոշ Նմոյշներ» խորագրեալ հատորը, զոր կազմած է ծանօթ երաժշտագէտ-մտաւորական Պետրոս Ալահայտոյեան, եւ իրեն պէս Հայ Երգին հանդէպ սէր, գուրգուրանք ու պաշտամունք ունեցողներուն կը հրամցնէ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան կիսուն։ Անմիջապէս ըսենք, որ կը կը ցանկանք մեր ժողովուդը, իր տարեց ու երիտասարդ սերունդներով, տեսնել պաշտողներու այս տեսակին մէջ…

Փոքրածաւալ, «Գրպանի Գիրք»ի ծաւալով եւ 192 էջերու վրայ տարածուող հատոր մըն է «…Նմոյշներ»ը, հիւսուած՝ շուրջ 50 երգերու եւ պարեղանակներու վրայ. երգերը քաղուած են Պ. Ալահայտոյեանի երգադարանի գանձարանէն։ Վանը գրկող Վասպուրականի նախա-եղեռնեան հոգիէն ու առօրեայէն ծնած երգերու շարք մըն է, իր հում ու բնական վիճակին մէջ. հում՝ իբրեւ բառ ու երաժշտութիւն. տպուած երգերուն կ՚ընկերանան խազերը. հատորին էջերը մերթ ընդ մերթ նկարազարդուած են վան-վասպուրականեան պատկերներով։ Եւ որպէսզի ընթերցողը կարենայ լիարժէքօրէն ըմբոշխնել այս փոքր գանձարանը, հեղինակը ընդգրկուած երգերը արձանագրած է երկու ձայնապնակներու վրայ, մեծ մասամբ այն երգասացներուն ձայներով, որոնցմէ քաղած է զանոնք։

Պ. Ալահայտոյեան երկրորդ անգամ ըլլալով է որ հայ ընթերցողին ու հայկական երաժշտական արուեստով հետաքրքրուողներուն կը ներկայացնէ ազգագրական երգերու նման հաւաքածոյ մը, բծախնդրութեամբ մը՝ որ կը յատկանշէ այս հեղինակը։ Շուրջ 6 տարի առաջ, ան հրատարակած էր Բալուի ու շրջակայ գօտիի ազգագրական երգերու մասին աւելի ստուար հատոր մը։ Ինչպէս 2009ի յիշեալ հրատարակութիւնը, այս հատորը եւս կազմուած է երգերով, որոնք տասնամեակներ առաջ քաղուած են Ցեղասպանութենէն վերապրող հայորդիներու հետ երգահաւաք հեղինակին հանդիպումներէն։

Հատորը կը բացուի հեղինակին հակիրճ կենսագրականով։ Հրատարակիչն է Հ.Բ. Ը. Միութեան «Վահրամ Ապտալեան Մշակութային Հիմնադրամ»ը. հեղինակը հատորը ձօնած է «Վասպուրականցի խոնարհ ուսուցչապետ եւ սրտակից ընկեր» Հերոս Գաբրիէլեանին, որ իրեն պէս երգահաւաք մը եղած է, ապա երախտիքի էջ մը ունի բոլոր անոնց, որոնք գործակցած են իրեն՝ հատորին լոյս ընծայման աշխատանքներուն մէջ. ուրախալի է, որ այս աշխատանքը պիտի շարունակուի. հեղինակը կը խոստովանի թէ կը պատրաստէ իր սիրելի ուսուցիչներէն Բարսեղ Կանաչեանի գործերը մէկտեղող հատոր մը։ Կը մաղթենք շուտափոյթ իրականացում։ 

Յառաջաբան մը ունի երաժշտագէտ Կարինէ Տէր Գէորգեան, որ սեղմ ուղեցոյց մը կ՚արձանագրէ ընթերցողին համար եւ կ՚անդրադառնայ գործին արժէքին, միաժամանակ կատարելով կարեւոր մատնանշում մը. համաձայն է հեղինակին հետ, թէ Ցեղասպանութիւնը ահաւոր աղէտ էր նա՛եւ մեր մշակոյթին համար, սակայն ահաւասիկ նման գործերով, անցեալի ստեղծագործութիւնները կը վերականգնին եւ ազնիւ մարտահրաւէր են ժամանակակից երգահաններու, որպէսզի զանոնք գեղարուեստական մշակումի ենթարկեն..

ՔԻՉ ՄԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹՒԻՆ

Հատորին «մարմին»ը կը բացուի Պ. Ալահայտոյեանի արժէքաւոր «Ներածական»ով, որ սեղմ բայց բովանդակալից կերպով կ՚անդրադառնայ հայկական ժողովրդական երգերու ծննդոցի պայմաններուն, երգի «համադամներ»ու տեսակներուն եւ արժէքին։ Այս էջերը համակող ու վարակիչ բան մը ունին. կրնանք համակարծիք ըլլալ հեղինակին այն հաստատումին, թէ իր կատարածը երաժշտագիտական գործ մը չէ, եթէ նկատի ունենանք, որ այս էջերէն կը յորդին զեղումներ (ընկալեալ մտածողութիւն է, որ գիտական աշխատանք մը զգացականութեան տուրք չի տար, բայց այս հեղինակը չի կրնար ինքզինք չըլլալ այս էջերուն մէջ…)։ Մեր մայրենիին գեղը արտացոլացնող լեզուով մը, հեղինակը հմուտ ուսուցիչի մը պէս կը բացատրէ ժողովրդական եւ ազգագրական երգին առանձնայատկութիւնները, հայ թէ օտար հանճարեղ երգահաններուն կողմէ անոնց գեղարուեստական ոլորտ փոխադրումի ուղին, երգի այս ընտանիքին արժանիքները՝ իբրեւ ժողովուրդի կեանքին, առօրեային, ուարխ ու տխուր պահերուն եւ զգացական աշխարհին դրսեւորւմը…։ Ընթերցողը վստահաբար իրեն պէս լուռ կսկիծ մը կ՚ապրի մեր այս գանձարանին հասած աղէտին յիշողութեամբ, սակայն նաեւ կ՚ունենայ այն սփոփանքը, որ ահաւասիկ բեկորներ կը փրկուին ու կը վերականգնին Պ. Ալահայտոյեանի նման երգի մշակոյթին սիրահարներու շնորհիւ։ Հեղինակին որոշ բացատրականներուն ու օգտագործած աղբիւրներուն իմացութեան ճամբով, ընթերցողը նաեւ կը համակուի հպարտութեամբ մը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի, ունինք երգահաւաքներ, որոնք հաւատարիմ աշակերտներն են Մեծն Կոմիտասին, լծուած են վաւերագրելու եւ մեր ապրող գանձարանին մէջ զետեղելու ժողովրդային գոհարները։ 

Ըսինք՝ քիչ մը մանրամասնութիւն, որովհետեւ միտք չունինք հատորը այս սիւնակին մէջ վերարտադրելու. կ՚արժէ, որ ընթերցողը անձամբ ունենայ զայն եւ վայելէ իւրայատուկ հաճոյք մը։

Հեղինակին ներածականէն ետք, հատորը կը բաժնուի երկու գլխաւոր բաժիններու. առաջին բաժինով, հեղինակը կը մատուցէ երգասաց Խաչիկ Ներսէսեանէն ընդամէնը 17 երգ, որոնցմէ 15ը ազգագրական են ու ծնունդ առած են ժողովուրդէն, այսինքն՝ անանուն հեղինակներէ, ունին պարզունակ բայց քնքուշ, հոգեխռով բովանդակութիւն, թէ՛ իբրեւ բարբառային բառ եւ թէ իբրեւ եղանակ։ Երգերու բառերուն կողքին, կան բառարան ու  երգերէն իւրաքանչիւրին մասին կարճ բացատրականներ, բնականաբար նաեւ ծանօթութիւններ՝ երգասաց Խաչիկ Ներսէսեանի մասին։ Երկրորդ բաժինը նոյնքան բացատրական չէ. երկրորդ ձայնապնակին վրայ կան 33 երգ ու պարեղանակ. երգերը քաղուած են շուրջ տասնեակ մը երգասացներէ. անոնցմէ մէկ քանիին բառերն ու խազերը կ՚ընկերանան երգերուն, սակայն այս բաժինին հարստութիւնը կուտակուած է երկրորդ ձայնապնակին մէջ…

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԴԵՐԸ

Ինչպէս ակնարկեցինք, Պ. Ալահայտոյեան համեստօրէն կը բաւականանայ ըսելով, որ ինք հաւաքողի ու փրկողի գործ կատարած է։

Հեղինակին դերն ու արժանիքը, սակայն, հոս չի սահմանափակուիր։ Թէեւ հատորին հրատարակման թուականը պարզ զուգադիպութիւն է Ցեղասպանութեան 100ամեակին ու Վանի հերոսամարտի դարադարձին, սակայն եթէ կարդանք Ալահայտոյեանի ներածականը ու համակուինք իր նշումներով, պիտի համոզուինք, որ այս էջերը մէկ մասնիկն են մեր բազմադարեան մշակոյթի գանձարանին, որուն հանդէպ մեր ժողովուրդը ունի, պէ՛տք է պահպանէ սէր, հաւատարմութիւն եւ կատարէ տիրութիւն, զանոնք չմատնէ դարաններու մէջ փոշի կուտակելու վիճակի։

Երգերը, ինչպէս նշած է հեղինակը, մէկ փոքր հայելին է մեր ժողովուրդի կեանքին ու առօրեային, պատկերներ՝ որոնք մեծ մասամբ չկան այլեւս, ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան հետեւանքով, այլ նաեւ կեանքի պայմաններուն ու կենցաղին կրած բնական փոփոխութեան ու ապրած զարգացումներուն պատճառով։ Գիւղական շրջաններու բնակիչներ հաւանաբար աւելի սրտամօտ ու հոգեհարազատ գտնեն զանոնք, սակայն այնքան ատեն, որ երէկուան ու այսօրուան մարդ արարածին հիմնական յատկանիշները եւ զգացական աշխարհը ունին մնայուն գիծեր, այս երգերը չեն մնար լոկ վաւերագրականի սահմաններուն։ 

Հատորին բովանդակութիւնը կարելի չէ տեսնել մեր գրաւոր ու երաժշտական մշակոյթի ամբողջութեան պատկերէն դուրս, այն համայնապատկերէն՝ որուն առաջին արտայայտութիւնները կը գտնենք մեր աշխարհիկ գրականութեան ու երգին վերածաղկումի առաջին օրերէն սկսեալ, այլ խօսքով, շուրջ հազարամեակ մը առաջ, երբ եկեղեցական երգին ու բառին զուգահեռ, հայկական նախազարթօնքը մեզի ժառանգ ձգած է գողտրիկ ոտանաւորներու եւ Հայրէններու ամբողջ հարստութիւն մը, մեծ մասամբ՝ անծանօթ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ Ֆրիկի ու Նահապետ Քուչակի պէս անուն կերտած հեղինակներ։ Իսկ մեր Հայրէններն ու նմանատիպ բանաստեղծութիւնները հարուստ են արուեստով. այդ էջերէն կը բուրեն բնութեան տարրերը, կը յորդին մարդկային ամէնէն նուրբ զգացումները՝ սէր, հայրենասիրութիւն, ծննդավայրի կարօտ, դաշտային աշխատանք, Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» շարքին նախերգանքը… 

Ու աւելորդ, անիմաստ կը դառնայ այն հարցումը, թէ այս բոլորը արդեօք գեղարուեստական արժէք ունի՞ն, եւ ի՞նչ է անոնց արժէքը։ Ընթերցող-ունկնդիրը, եթէ լիովին կլանուի դարերու խորքէն եկող երգերու մթնոլորտին մէջ, կը գտնէ մէկ պատասխան. այս գոհարներուն ծնունդ տուողը ժողովուրդն է, անհատ հեղինակներ կ՚արժեւորուին՝ երբ անոնց «արտադրանքը» կը բխի այդ ակէն, հում նիւթը կը բարձրացնեն գեղարուեստի տարբեր մակարդակներու, ինչպէս ըրած են Կոմիտաս եւ արեւմտեան ու արեւելեան աշխարհներու աշխարհահռչակ երգահաններ։ 

Պէտք է նաեւ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ Կոմիտասի գործը իբրեւ անկոխ ուղի չէ մնացած հայ կեանքին մէջ. Հայաստանի անկախացումէն առաջ ու մինչեւ օրս, կան ազգագրական ու ժողովրդային երգեր հաւաքողներ, որոնք նաեւ նախանձախնդիր են անոնց մշակումին ու պարերու ընկերակցութեամբ մատուցման։ Հայրիկ Մուրատեան, «Մարաթուկ» խումբն ու հայրենակցական դիմագիծով այլ խումբեր պարզ օրինակներ են շատերու շարքին։ Հայաստանի պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ մերթ ընդ մերթ բեմ կու տան նման արուեստագէտներու եւ խումբերու, խզելով այլապէս ժողովուրդին ուղեղն ու ճաշակը բթացնող յայտագիրներու «պատ»ը…

Այս ընդանուր պատկերին մէջ կը տեսնենք, ահա, Պետրոս Ալահայտոյեանի հատորներուն արժէքը, հեղինակին դերը. այսինքն՝ մեր մշակոյթի համայնապատկերին մէջ։ Ան փոքր բայց արժէքաւոր կամուրջներ կը կանգնեցնէ մեր երգի մշակոյթին երէկին, այսօրուան ու ապագային միջեւ։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.