Արցախ Այցելող Զբօսաշրջիկներու Թիւը Աճած Է


Ընթացիկ տարուան յունուար-յունիս ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն  այցելած է 5286 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4353-ի փոխարէն:

Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  քարտուղար Անի Սարգսեան:

«Այս տարի Արցախի նկատմամբ արտասահմանցի լրագրողներու հետաքրքրութիւնը աննախադէպ է. առաջին վեց ամիսներուն տուեալներով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան մէջ լրագրական հաւատարմագիր ստացած է 100 արտասահմանցի լրագրող, մինչդեռ նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին` 23», նշած է Անի Սարգսեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.