Արարատեան Թեմի Նախաձեռնութեամբ՝ 50 Միլիոն Դրամ Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն
Արարատեան հայրապետական թեմը 23 Յունիսին 350 հազարական դրամ տրամադրած է 2014-2015 թուականներուն, 1 Յունիսի դրութեամբ իրենց թեմի զաւակներէն Հայաստանի սահմանին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ առաջին կարգի հաշմանդամ դարձած զինուորներուն:
Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցած է զոհուած զինուորներու յիշատակին, ներկայութեամբ զոհուած զինուորներու հարազատներուն եւ շրջաններու քահանայ հայրերուն։
Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան բաժինի պետ Վարդան Աւետիսեանը:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք Կճոյեան սրբազան ընդունած է զինուորներուն հարազատները եւ գումարները յանձնած անոնց։
Նշենք, որ թեմը դրամական աջակցութիւնը կը տրամադրէ «Մենք մեր զինուորի կողքին ենք» ծրագիրով:
Տէր Նաւասարդ արք. Կճոյեանի նախաձեռնութեամբ այս տարի հաւաքուել է 50 միլիոն դրամ (105 հազար տոլար), որ պիտի տրամադրուի 362 ընտանիքներու: