Արցախի Շահումեանի Շրջանին Մէջ Սկսած Է Ջրելեկտրականութեան Շինութիւն
1584
0
Եղէգնուտ գիւղ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր Մեդիա».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Մարտին այցելած է Եղէգնուտ գիւղին մօտ կառուցուող ջրելեկտրակայանի շինութեան վայր: Ասիկա Շահումեանի շրջանին մէջ առաջին մեծ մասնաւոր ներդրումն է:
Շուրջ 3 միլիոն տոլար արժող ծրագիրին կը մասնակցին տասնեակ ներդրողներ, որոնց կարգին՝ օտարներ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Շահումեանի շրջանը մեծ ներուժ ունի ջրելեկտրականութեան արտադրութեան համար՝ հաստատելով, որ պետութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ այս ոլորտի զարգացման համար:
Շահումեանի շրջանի ջրելեկտրակայանի կարողականութիւնը կը գնահատուի շուրջ 80 մեկաուաթով։