Ֆեթհիյէ Չեթին. Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը կ՚օգտագործուի Էրտողան-Կիւլեն հակամարտութեան մէջ


Հարցազրոյց Ֆեթհիէ Չեթինի հետ

«Անատոլուի մէջ որու հետ որ խօսինք, անպայման կը գտնենք մէկը, որուն նախահայրերէն մէկը հայ է»


«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Հրանդ Տինքի գործով պաշտպան փաստաբան Ֆեհիյէ Չեթինի հետ, երբ վերջինս Գանատա հրաւիրուած էր իբրեւ Տինքի ոգեկոչման հանդիսութիւններու գլխաւոր բանախօս։ Հարցազրոյցի ընթացքին Ոսկան Հազարապետեան ստանձնեց թարգմանիչի պարտականութիւնը։

«Հորիզոն»-Կրնա՞ք մեզի ներկայացնել Հրանդ Տինքի դատական հարցին մէջ վերջին զարգացումները։

Ֆեթհիյէ Չեթին- բոլորս գիտենք, որ արարքը կատարողները ներկայիս բանտարկուած երիտասարդներն էին, սակայն ոճիրին ետին կանգնողները գիտնալու համար ութը տարիէ ի վեր կ՚աշխատինք։ Մենք գիտենք, որ արարքին ետին կանգնողներն են Թրքական գաղտնի սպասարկութիւններն (MIT) ու զինուորական ոստիկանութիւնը, եւ մենք կ՚աշխատինք, որ այդ մէկը փաստենք։ Պետութիւնը, այս բոլորը գիտնալով հանդերձ այդ կառոյցներու պաշտօնեաներու դատական հետապնդումը արգելակեց։ Երբ մեր դիմաց դռները փակուեցան, մենք դիմեցինք եւրոպական դատարաններուն, որոնց վճիռներուն հիմամբ յառաջ շարժեցանք։ Դատավարութեան 8-րդ տարին ենք եւ այժմ ներկայ կառավարութեան պաշտօնատարներուն դէմ դատ կը բացուի։ Վերջերս ոստիկաններու հարցաքննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ ճշմարտութիւնը թաքցուած է։ Ձերբակալուած երկու ոստիկաններ այժմ «մենք չենք, այլ անոնք են», ըսելով կը մատնեն ուրիշները, եւ այդ պատճառով ալ սկսած են բացայայտուիլ այլ գաղտնիքներ։ Առայժմ այդ ոստիկանները միայն հարցաքննութեան կ՚ենթարկուին եւ անոնց դէմ դատ չէ բացուած, եւ մենք այդ մէկը կատարելու համար կը սպասենք հարցաքննութեան աւարտին։ 

Սակայն մենք այստեղ երկու մտավախութիւն ունինք. առաջինը միայն երկու ոստիկաններուն վրայ կեդրոնանալով այս հարցի փակումն է։ Աւելի բարձր մակարդակի պաշտօնատարներու նկատմամբ տակաւին ոչինչ կատարուած է։ Երկրորդ մտավախութիւնը կը բխի վերջին վեց ամիսներու ընթացքին Կիւլենական շարժումին եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (AKP) միջեւ հակամարտութենէն, որովհետեւ մենք կը տեսնենք, որ աշխատանք կը տարուի Տինքի սպանութեան յանցանքը բերձնել այդ շարժումին անդամ կամ համակիր ոստիկաններուն ուսերուն։ Մենք մտահոգ ենք այն իրողութենէն, որ Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը կ՚օգտագործուի Էրտողան-Կիւլեն հակամարտութեան մէջ։ Մենք աշխատանք կը տանինք, որ Տինքի դատավարութիւնը այդ հակամարտութեան զոհը չդառնայ եւ ժողովուրդին ցոյց տանք, որ անիկա այդ հակամարտութեան չէ առնչուած։

«Հ»- 15 տարի առաջ, նախքան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գալը եւ բաղդատական մը կատարելով ներկայ օրերուն, խօսքի ազատութեան հարցով ի՞նչ տարբերութիւն կայ, եւ արդեօք Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութիւն գոյութիւն ունի՞։ Իսկ նոր սերունդը տեղեա՞կ է պատմութենէն։

«Ֆ.Չ.»-15 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կարելի չէր խօսիլ։ Այդ ժամանակ «ես քիւրտ եմ ըսողին» ալ գլխուն փորձանք կու գար։ 2004-ին, Հրանդ Տինքը Աթաթուրքին որդեգիր դուստրը՝ Սապիհէ Կէօքչենը հայ է ըսելուն համար թիրախի վերածուեցաւ։ Ատենօք ռազմական իշխանութիւնը ցեղասպանութեան եւ փոքրամասնութեանց հարցերուն նկատմամբ աւելի խիստ կեցուածք ունէր։ Այսօր արդէն կացութիւնը փոխուած է եւ 24 Ապրիլին 23 քաղաքներու մէջ ցեղասպանութեան ոգեկոչում տեղի պիտի ունենայ։ Թրքական պատկերասփիւռի կայան մը նշեց, որ Հրանդ Տինքի մահը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։ Անատոլուի մէջ մարդիկ պատմութեան հետ սկսած են աւելի առերեսուիլ։ Ներկայիս մանաւանդ քիւրտ քաղաքագէտներուն համար պատմութեան հետ առերեսուիլը շատ կարեւոր է։ Հակառակ այս բոլորին մամլոյ ազատութիւնը ճնշուած ու շատ սահմանափակ է։ Էրտողան ամբողջ լրատուամիջոցները կ՚ուզէ առնել իր վերահսկողութեան տակ։

«Հ»-Թուրքիոյ մէջ այսօր շատ կը խօսուի թաքուն հայերու մասին։ Ձեր կարծիքով Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերու մօտաւոր թուաքանակը ի՞նչ է։

«Ֆ.Չ.»- Կը խօսուի, որ անոնց թիւը աւելի քան 300 հազար է։ Ես կ՚այցելեմ այդպիսի ընտանիքներու եւ կը տեսնեմ, որ այդպիսի ընտանիքներու մէջ արդէն թոռներու թիւը 8-9 անձ է։ Արեւմտահայաստանի մէջ, Էլազիկի եւ Խարբերդէն հարաւ գոյութիւն ունին գիւղեր, որոնց ամբողջ բնակիչները թաքուն հայերու թոռնիկներն են։ Այժմ այս մարդիկը իրենք զիրենք ի՞նչ կը նկատեն։ Ոմանք կ՚ընդունին եւ կը պրպտեն իրենց հայկական արմատները, ուրիշներ կ՚ըսեն, որ իրենց մեծ հայրը կամ մեծ մայրը հայ եղած է, սակայն իրենք քիւրտ են, իսկ ուրիշներ ալ՝ թուրքէն աւելի թուրք եղած են։ Անոնց թիւը մեծ է, սակայն տեսակներն ալ շատ են։ Անատոլուի մէջ որու հետ որ խօսինք, անպայման կը գտնենք մէկը, որուն նախահայրերէն մէկը հայ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.