Մուսա Լերան Պարպումը, Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Անցնող դարասկիզբի Հայոց պատմութեան էջերը լեցնող Ցեղասպանութեան զարհուրանքներն ու արիւնալի կռիւները ունեցան նաեւ իրենց փայլատակումներու ադամանդեայ վայրկեանները` Մուսա Լեռ, Սասուն, Վան, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ բազում մեծ ու փոքր գիւղեր կեանքի ու մահուան պատմութիւնը հերոսներու արեամբ փորագրեցին յաւերժութեան ապառաժեայ ճակատին վրայ: Եւ այս բոլորը եկան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ինչպէ՛ս հրաշքներ կրնան գործել ժողովուրդի մը ազատատենչ զաւակները, երբ ազատութեան ոգին մշտավառ է եւ նուիրումը` անսակարկ:

Մուսա Լերան առիւծասիրտ զաւակները` վստահած իրենց պապենական սրբազան լերան, գերմարդկային քաջութեամբ, 1915 թուականի Եղեռնի համատարած սուգին մէջէն, գալիք սերունդերու յիշողութեան, Հայոց պատմութեան մատեաններուն եւ միջազգային քաղաքական շրջանակներու գիտակցութեան մէջ դրոշմեցին յաղթանակի անջնջելի էջեր:

Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, եկէք, նախ անդրադառնանք Լիբանանի Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան տուն տուող պատճառներուն:

Մուսա Լերան Պարպումը

Նկատի ունենալով, որ 23 յուլիս 1939-ին Սանճաքը վերջնականապէս Թուրքիոյ կը կցուէր Փարիզի մէջ կնքուած ֆրանքօ-թրքական դաշնագիրով, շրջանի հայութիւնը յաջորդող մէկ շաբթուան ընթացքին պէտք էր լքէր թրքական հողերը: 1938-ի աշնան եւ յաջորդող տարուան ձմրան հայերու 70 տոկոսը արդէն գաղթած էր շրջանէն: 1939 թուականի յուլիս 17-ին կը սկսի Մուսա Լերան գիւղերու պարպումը: Եւ` դարձեալ գաղթականութիւն, երբ տակաւին նախորդ գաղթականութեան յիշողութիւնը թարմ էր բազմաչարչար գիւղացիներուն մտքերուն մէջ: Մուսալեռցին` արցունքը աչքերուն, կը բաժնուէր իր հայրենի դարաւոր գիւղերէն ու լեռներէն:

Ֆրանսական բանակին հսկողութեան տակ գիւղացիները քանի մը ժամէն կ՛անցնին Քեսապի մօտէն ու կը մտնեն Սուրիա: Յուլիս 23-ին Մուսա Լերան գիւղերը արդէն իսկ պարպուած էին իրենց բոլոր բնակիչներէն: Միայն Վագըֆ գիւղին մէջ կը մնան քանի մը ընտանիքներ, որոնք կը գոյատեւեն մինչեւ այսօր:

Մինչեւ 23 յուլիս 1939 Սանճաքի Մուսա Լերան եւ Քըրըք Խանի 35 հազար հաշուող հայութիւնը, ինչպէս նաեւ 20 հազար արաբներ եւ չերքեզներ կը հեռանան Սանճաքէն եւ կը հաստատուին Սուրիա կամ Լիբանան: Մուսալեռցիներու առժամեայ բնակավայր կը դառնայ Պասիթը` Քեսապէն շուրջ 4 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք գտնուող ծովեզերեայ շրջանը:

Մուսալեռցիք Պասիթի մէջ մնացին 40 օր, ցախով կամ սաւաններով ծածկուած հիւղակներու մէջ: 40 դաժան եւ տխուր օրեր: Պասիթէն միայն ցաւալի յիշատակներ մնացին Մուսա Լերան ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Այն օրերուն, երբ մուսալեռցիք դաժան օրեր կ՛անցընէին Պասիթի մէջ, ֆրանսական իշխանութիւնները աշխատանք կը տանէին աւարտելու նոր բնակավայրի մը գնումը Մուսա Լերան ժողովուրդին համար: Մուսալեռցի ղեկավար եւ սուրիական խորհրդարանի անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեան մեծ դեր կ՛ունենայ նոր կայքի ապահովման մէջ եւ փաստօրէն կը դառնայ անոր հիմնադիրը: Կ՛ապահովուի Այնճար անունով ընդարձակ կիսանապատային դաշտը, Լիբանանի Պեքա դաշտին արեւելեան կողմը, սուրիական սահմանին մօտ, լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթայի ստորոտին: Երբ ամէն կարգադրութիւն կ՛աւարտի, մուսալեռցիք Պասիթէն նաւով նախ կը փոխադրուին Թրիփոլի, ուրկէ շոգեկառքով` Ռայաք, եւ վերջապէս` բեռնատար ինքնաշարժներով` Այնճար, 4 սեպտեմբեր 1939-ին: Եւ ահա կը սկսի Այնճար գաղթակայանի նոր պատմութիւնը:

Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

Ֆրանսական իշխանութիւնները` գործադրելով Ազգութիւններու դաշնակցութեան Գաղթականաց յանձնախումբին որոշումը, կը գնեն Այնճարի հողամասը, ուր մուսալեռցիք հիմը կը դնեն իրենց նոր արծուաբոյնին:

Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Կառուցուեցաւ Այնճար Հայաւանը

Այնճար Պեքայի դաշտին մէջ միակ գիւղն է, որուն համար նախ պատրաստուած է յատակագիծ եւ ապա` կառուցուած: Այնճարի յատակագիծը, որ կը ներկայացնէ թեւերը բաց արծիւ մը, պատրաստուած է հայազգի ճարտարապետ Յակոբ Քէշիշեանի կողմէ: Այնճար կը գտնուի Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ` գրեթէ երկու մայրաքաղաքներուն մէջտեղը, Պէյրութէն 60 քմ, իսկ Դամասկոսէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այնճարի տարածութիւնը 1800 հեկտար է, որ կ՛ընէ 18 քառակուսի քիլոմեթր: Իսկ ծովէն բարձրութիւնը` 900 մեթր: Այնճար գիւղաքաղաքը, յատակագիծին համաձայն, բաժնուած է վեց գիւղերու` Մուսա Լերան գիւղերուն անուններով:

1939-ին, երբ մուսալեռցիք Այնճար ժամանեցին, կը հաշուէին 5125 հոգի, 1205 ընտանիք: Այնճարի գլխաւոր պողոտային գագաթը կառուցուած է Ս. Պօղոս Հայց. առաքելական եկեղեցին, որուն կողքին` Ազգային «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանները: Առանձին տեղեր տրուած են Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինութեանց համար: Այնճարի մէջ տեղաւորուեցան 1050 ընտանիքներ, որոնցմէ 803-ը` հայ առաքելական, 165-ը` հայ կաթողիկէ, եւ 82-ը` հայ աւետարանական: Գաղթականները նախ հաստատուեցան Բարեգործականին տրամադրած վրաններուն տակ` բիւզանդական Քալքիս կոչուած փլատակ բերդի աւերակներուն վրայ: Նախնական տարիներուն բնութեան դաժան պայմանները, սնունդի եւ ջուրի տագնապը ծանր կացութիւն ստեղծեցին: Գաղթականներուն մէկ մասը մնաց Այնճար` անձուկ եւ մահասարսուռ պայմաններու մէջ, իսկ մաս մըն ալ, գլխաւորաբար` հիւանդ մանուկներ եւ ծերեր, հիւրընկալուեցան Պեքայի շրջակայ գիւղերու` Մեժտելի, Ռայաքի, Պար Իլիասի, Զահլէի գիւղացիներուն կողմէ, որուն համար երախտապարտ կը մնանք մինչեւ այսօր:

Այնճարի մէջ տուներու շինութիւնը սկսաւ 1940 թուականին: Իւրաքանչիւր ընտանիքի համար կառուցուեցաւ միայն մէկ սենեակ, որուն կողքին` փոքր արտաքնոց մը : Իւրաքանչիւր տան համար տրամադրուեցաւ 400 քառակուսի մեթր հողամաս տան կողքին եւ 3000 քառակուսի մեթր հողամշակութեան տարածք մը: Ասոնց զուգահեռ, սկսան եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինարարութեան աշխատանքները, որոնք արդէն իսկ սկսած էին գործել վրաններու տակ:

Իւրաքանչիւր համայնք նախաձեռնեց իր եկեղեցին եւ դպրոցը կառուցելու աշխատանքին: Սակայն նորահաստատ գաղթականներուն համար մեծագոյն խնդիրը ապրուստի հարցն էր: Այդ տարիներուն մալարիան կը սկսի սաստիկ աւեր գործել գաղթականներուն մէջ: Այնճարի հիւանդներուն մէկ երրորդէն աւելին այս հիւանդութենէն կը տառապէր, եւ մահերը բազմաթիւ էին: 1942-ի ամրան Այնճարը շատ գէշ համաճարակ մը կ՛անցընէր. միայն մէկ ամսուան ընթացքին կը մահանային 130-է աւելի գաղթականներ, իսկ առաջին երկու տարիներուն մալարիայի, փորհարութեան եւ չքաւորութեան պատճառով կը մահանան 200-է աւելի մուսալեռցիներ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Գարակէօզեան» եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ կը հիմնուին մանկախնամ կեդրոններ, դարմանատուներ, եւ կը տրամադրուին առողջապահական այլատեսակ սպասարկութիւններ:  Քայլ առ քայլ Այնճարը կը դադրի անապատ ըլլալէ ու կը սկսի ծաղկիլ` շնորհիւ հայ գիւղացիի տքնաջան աշխատանքին եւ աննկուն կամքին:

Այնճարի զարգացումը կը շարունակուի արագ թափով` մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը, որուն պատճառով Լիբանան կը մտնէ խառնակ ժամանակաշրջանի մը մէջ ու կը դադրի երկրին զարգացման ընթացքը: Վերջին տարիներուն, սակայն, խաղաղութեան հաստատումով Այնճար դարձեալ կ՛ապրի զարգացման արագ եւ աստիճանական վերելք: Գիւղը նոր տարազ կը հագնի, որ բոլորովին տարբեր էր այլեւս անցեալէն: Հին օրերու կիսանապատային, մահաբոյր գաղթակայանը կը փոխակերպուի նոր օրերու կանաչապատ, գեղատեսիլ եւ լուսաւոր գիւղաքաղաքի, կը կառուցուին արդիական քաղաքապետարանը եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնը: Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ եւ գիտութեան բարիքներէն օգտուելով` 2022-ին կը տեղադրուին արեւային վահանակներ` խնայողութեամբ ընդմիշտ լուսաւոր պահելու Այնճար հայաւանի տուներն ու փողոցները:

Հոս կ՛արժէ նշել, որ 1939-1945 թուականին, երբ մուսալեռցիք Այնճարի մէջ կ՛անցընէին իրենց ամէնէն դժուար տարիները, Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն անմիջապէս ետք` 1946 թուականին, կը հնչեն Հայաստան ներգաղթի զանգերը` հրաւիրելով սփիւռքահայերը հայրենիք` իրականացնելու իրենց դարաւոր երազը:

Ստեղծուած ընդհանուր խանդավառութենէն անմասն չմնացին մուսալեռցիք: 1946-47 Պէյրութի նաւահանգիստէն 650 ընտանիքներ Այնճարէն եւ 50 մուսալեռցի ընտանիքներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր քաղաքներէն կը ներգաղթեն Հայաստան: Մուսալեռցիք կը հաստատուին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ եւ կ՛աշխատին արդիւնաբերական մարզերու մէջ: Անոնք փայլուն յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն ուսման, գիտութեան, լուսաւորութեան եւ կրթութեան ասպարէզներուն մէջ ու այսպէսով կը մասնակցին Հայաստանի զարգացման եւ վերելքին: Հայաստանի մէջ եւս մուսալեռցիք պահեցին իրենց բարբառն ու սովորութիւնները եւ շարունակեցին ամէն տարի, սեպտեմբեր ամսուն նշել Մուսա Լերան հերոսամարտը: 1972-ին Էջմիածնի շրջանի Գինեվետ աւանը կը վերանուանուի Մուսա Լեռ, որուն բարձունքին վրայ 1976 թուականին կը կառուցուի յուշակոթող մը` յարակից թանգարանով, որ կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան մարտիկներու ազատագրական ոգին եւ քաջութիւնը:

Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւնը կը տանի բեղուն գործունէութիւն Հայաստանի մէջ` կազմակերպելով ցուցահանդէսներ, համագումարներ եւ այլն: Հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ 2015 թուականին Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանին մէջ մեծ շուքով եւ պետական այրերու մասնակցութեամբ տօնախմբուեցաւ Մուսա Լերան պանծալի հերոսամարտին 100-ամեակը:

Այնճարի Երեք Հայ Յարանուանութիւնները Եւ
Գործունեայ Միութիւններն Ու Կազմակերպութիւնները

Մուսալեռցիք մեծաւ մասամբ առաքելական համայնքի զաւակներ էին եւ ունէին մէկէ աւելի հոգեւոր հովիւներ: Այնճարի մէջ առաջին տարիներուն, հաւատարիմ` իրենց աննկուն հաւատքին, համայնքը իր եկեղեցական արարողութիւնները կը սկսի կատարել սեւ մեծ վրանի մը տակ, որ կը կոչուի վրան-եկեղեցի: 1939-ին, Այնճար հասնելէն քանի մը ամիս ետք, քանի մը արաբական լայն ու ընդարձակ վրաններ իրարու կցելով` կը բացուի նաեւ Ազգային վարժարանը, որուն վրան-վարժարան անունը կը տրուի: 1940-ին Փարիզի «Յառաջ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, ֆրանսահայութենէն կոկիկ գումար մը կը հանգանակուի եւ հիմը կը դրուի Ազգային «Յառաջ» վարժարանին: Վարժարանը ֆրանսահայութեան նուէրը կ՛ըլլայ Մուսա Լերան գաղթական ժողովուրդին: Հետագային, ի յարգանս Շաւարշ Միսաքեանի, անոր կիսանդրին կը կանգնեցուի վարժարանի շրջափակին մէջ:

1958-ին ծնունդ կ՛առնէ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը` Թաղական խորհուրդին եւ պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի ջանքերով: Շինութեան ծրագիրը  թափ կ՛առնէ օրուան բարեջան առաջնորդ եւ ապա կաթողիկոս երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Բարոյեանի օրհնութեամբ: Հաւատարիմ հայկական ճարտարապետական ոճին եւ կառուցողական աւանդութեանց` եկեղեցին կը դառնայ հայկական ճարտարապետական կոթող մը, Հայաստանէն շատ հեռու, Այնճար հայկական աւանին մէջ: Հոկտեմբեր 1960-ին կը կատարուի եկեղեցւոյ օծումը` երջնակայիշատակ Զարեհ կաթողիկոս Փայասլեանի ձեռամբ: Ս. Պօղոս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, բազմած գիւղի գագաթին, կը դառնայ լուսաւորչակերտ հոյակապ կառոյց մը: Համայնքը այսօր կը հաշուէ 500 ընտանիք: Ունի նաեւ իր երկու ազգային երեսփոխանները, որոնք կը մասնակցին Ազգային գաւառական ժողովին:

1969 թուականին հիմը կը դրուի երկրորդական վարժարանին, որ կը կոչուի Ազգային «Գալուստ Կիւլպէնկեան» քոլեճ` ի յարգանս համանուն հաստատութեան, որ մեծագոյն նուիրատուն հանդիսացած էր վարժարանի կառուցման օրերուն:

Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը

Հայ կաթողիկէ համայնքը անբաժան մասնիկն է Մուսա Լերան երեք յարանուանութիւններուն: Մուսալեռցի գաղթականներուն հետ մուսալեռցի կաթողիկէները Այնճար ժամանեցին եւ առաջին տարին ապրեցան դժուար պայմաններու տակ: Կարտինալ Աղաճանեան պատրիարքին նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ 1940-ին հիմը կը դրուի Այնճարի Անարատ յղութեան քոյրերու շէնքին եւ վարժարանին: Այնճարի հիմնադրութենէն ի վեր Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքը մնայուն կերպով կ՛ունենայ իր ժողովրդապետ վարդապետը: 1952-ին համայնքը կը կառուցէ իր այժմու եկեղեցին, որ ժամանակին հետ կը բարեզարդուի աւելիով` հայկական գմբէթով, գաւիթով եւ սրբանկարներով: 1954-ի հոկտեմբեր 11-ին, տեղի կ՛ունենայ եկեղեցւոյ  պաշտօնական օծումը` ձեռամբ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան պատրիարքին: 13 հոկտեմբեր 1973-ին համայնքը կը կատարէ «Աղաճանեան» սանուց տան բացումը: Հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ կը գործեն տիկնանց եւ Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութիւնները: Համայնքը այժմ ունի 130 ընտանիք:

Այնճարի Հայ Աւետարանական Համայնքը

Մուսա Լերան Հայ աւետարանական համայնքը, թէեւ` համեմատաբար աւելի փոքրաթիւ, սկսած է վերակազմակերպուիլ Այնճար ժամանումէն անմիջապէս ետք: 1940-ին հիմը կը դրուի Հայ աւետարանական վարժարանին, իսկ 1941-ին կը կառուցուի Հայ աւետարանական եկեղեցին: 1955-էն ետք վարժարանը կ՛ընդարձակուի ու կ՛ունենայ իր մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժինները` լուսաւոր դասարաններով, տարրալուծարանով եւ հանդիսասրահով: Վարժարանը քայլ առ քայլ կը վերածուի արդիական կրթական կառոյցի մը: 1953-ին է, որ վարժարանը կ՛ունենայ իր երկրորդական բաժինը` «Հիլֆսպունտ» զուիցերիական եւ գերմանական բարեսիրական կազմակերպութեան օժանդակութեամբ: Տնօրէնն էր օտարազգի, բայց հայախօս քոյր Հետուիկը: Վարժարանը կ՛ունենայ նաեւ իր գիշերօթիկի բաժինները, որ կարելիութիւնը կը ստեղծէ հայ պատանիներուն` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի զանազան շրջաններէն, ուսում եւ կրթութիւն ստանալու: «Հիլֆսպունտ» միսիոնարութիւնը Այնճարի մէջ կը տանի երախտաշատ եւ բազմաճիւղ գործունէութիւն: 1941-ին համայնքը կը հիմնէ իր ՋԱՆԻՑ երիտասարդաց եւ պատանեաց միութիւնները, որոնք կը տանին այլազան տեսակի գործունէութիւն` կրօնական, ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակչական բնոյթի: Նոյն տարիներուն կը կազմակերպուին նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցն ու տիկնանց միութիւնը: Համայնքը այժմ ունի 150 ընտանիք:

Այնճարի Կարեւոր Արտադրութիւնները Եւ Զբաղումները

Դարերու ընթացքին մուսալեռցիք զբաղած էին հողամշակութեամբ, սակայն Այնճարի մէջ առաջին տարիներուն անոնք զբաղեցան սանտրագործութեամբ, որ Մուսա Լերան ամենանշանաւոր արհեստներէն մէկն էր: Դանդաղօրէն սկսաւ հողամշակութիւնը, որ աւելի թափ առաւ ներգաղթէն ետք, երբ խնձորի պարտէզներուն ծառատնկումը սկսաւ:

Եւ ահա պատահեցաւ հրաշքը. մուսալեռցիին քրտինքով կիսանապատային Այնճարը վերածուեցաւ կանաչապատ եւ պտղաբեր դալարագեղ պարտէզներու: Այսօր դժուար է պատկերացնել, որ 85 տարուան մէջ այսքան փոփոխութիւն կրնար ստեղծուիլ:

Առաջին տարիներուն մուսալեռցիք Այնճարի մէջ, հողամշակութեան կողքին, զբաղեցան նաեւ անասնապահութեամբ: Ներկայիս, խնձորի պարտէզներուն կողքին, կան նաեւ տանձի, սալորի, ոսկեխնձորի, դեղձի եւ խաղողի այգիներ, զուգահեռ` այնճարցիք կը մշակեն բանջարեղէնի այլազան տեսակներ: Այնճար շուտով կը դառնայ խնձորի արտադրութեան կարեւոր կեդրոնը ոչ միայն Պեքայի, այլեւ` ամբողջ Լիբանանի: Այնճար այսօր կ՛արտադրէ շուրջ 12 հազար թոն խնձոր: 1970-ական թուականներուն Այնճարի մէջ զարգացաւ նաեւ ձկնաբուծութիւնը: Գիւղատնտեսութեան կողքին, Այնճարի մէջ զարգացան կարգ մը արհեստներ, ինչպէս` ատաղձագործութիւն, երկաթագործութիւն, ինքնաշարժի նորոգութիւն, ոսկերչութիւն եւ այլն: Գիւղին ընդհանուր զարգացման ընթացքին այնճարցիք բացին Լիբանանի յաջողագոյն ճաշարանները Այնճարի մէջ, բացին սրճարաններ եւ խաղավայրեր «Ծառերուն տակը»` ակին մօտիկ:

Մշակութային Կեանք

Մուսալեռցիք արուեստասէր եւ ուսումնասէր ժողովուրդ են: Այդ մասին ամենախօսուն երեւոյթը կրթական հաստատութիւններու երեւոյթն է, նոյնիսկ` վրաններու տակ: Առաջին քանի մը տարիներու կազմակերպչական շրջանէ մը ետք, գիւղին մէջ կը սկսի մշակութային կեանքը, որ կը յատկանշուի այլազան բնոյթի ձեռնարկներու կազմակերպումով` թէ՛ կրթական հաստատութիւններուն եւ թէ՛ գիւղին մէջ գործող միութիւններուն կողմէ: Դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ եւ թատերական ներկայացումներ առանցքը կը կազմեն Այնճար հայաւանի մշակութային կեանքին:

Արուեստի մարզին մէջ մուսալեռցի-այնճարցին հարուստ է` իր ինքնատիպ ճարտարապետներով, քանդակագործներով, նկարիչներով, երաժիշտներով, գրողներով, եւ նախանձախնդիր է սերունդէ սերունդ պահպանելու ստեղծագործ ոգին ու արուեստով բարձրանալու հմտութիւնը:

Գիւղին մէջ տիրապետող կը դառնայ գրական մթնոլորտը: Կը ստեղծագործեն մուսալեռցի եւ այնճարցի գրագէտներ ու մտաւորականներ, ինչպէս` Եդուարդ Պոյաճեան, Թովմաս Հապէշեան, վեր. Մովսէս Ճանպազեան, Պօղոս Սնապեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Բաբգէն Զանոյեան, Զուլալ Գազանճեան, Սարգիս Զէյթլեան, եւ նոր սերունդէն` Սոնիա Թաշճեան, Պետիկ Հերկելեան, Վահան Զանոյեան, Մովսէս Հերկելեան, Վահրամ Շէմմէսեան եւ ուրիշներ:

Անմասն չէ նաեւ կերպարուեստի բնագաւառը: Մուսալեռցիք կ՛ունենան նաեւ իրենց արուեստագէտները: Մշակութային կեանքը կը ծաղկէր վարժարաններէն ներս, սակայն, 1973-ին, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին հիմնումով`,մշակութային կեանքը կ՛ապրի մեծ վերելք: Այս մասին կ՛անդրադառնանք առանձին:

Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ քաղաքապետութեան երկար տարիներու թանգարան մը ունենալու երազը կ՛իրականանայ 2019 թուականին. կը հիմնուի Մուսալեռ-Այնճար ազգագրական թանգարանը, եւ անոր բացումը կը կատարուի մեծ շուքով:

Գործող Միութիւններ

Այնճարի Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն

Ինչպէս նշեցինք, Համազգային Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը կը հիմնուի 1973-ին` դառնալով 96-ամեայ կազմակերպութեան Լիբանանի 6 մասնաճիւղերէն մէկը: Այս ձեւով ծնունդ կ՛առնէ մշակութային կազմակերպուած գործունէութիւնը Այնճարի մէջ, եւ մասնաճիւղը կը դառնայ Այնճարի մշակութային կեանքին միջնաբերդը: Մասնաճիւղին գլխաւոր աշխատանքները կը կեդրոնանան երաժշտական, պարարուեստի, թատերական, նկարչական, գրական բնագաւառներու շուրջ: Կը գործէ «Կոմիտաս» երգչախումբը, որ ելոյթներ կ՛ունենայ տարբեր քաղաքներու մէջ` մեծ տպաւորութիւն ձգելով հայ եւ օտար հանդիսատեսներու վրայ: Մասնաճիւղը նաեւ կազմակերպած է կերպարուեստի ցուցահանդէսներ: Վերջին տարիներուն հիմնուած է «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի դպրոցը, ուր կը մատուցուին նկարչական դասընթացքներ սկսնակներու համար: Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան մասնաճիւղ մը կը բանայ Այնճարի մէջ` գործակցելով Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին հետ, ուր կը կազմակերպուին կերպարուեստի ցուցահանդէսներ:

2019 թուականին կը հիմնուի Ainjar Art Gallery-ին, ուր կը ցուցադրուին մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներու կերպարուեստի լաւագոյն գործերը:

Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ այս տարեշրջանին բացումը կատարուեցաւ Վարուժան Մարտիրեանի արուեստի վաստակին նուիրուած տուն-թանգարանին, որ պիտի դառնայ քանդակագործութեան եւ արուեստի մշակոյթի հարստութեան ղօղանջ Այնճար հայաւան այցելող հայորդիներուն:

Համազգային Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը ունի նաեւ գրական աշխուժ գործունէութիւն: Բազմաթիւ դասախօսական եւ այլ ձեռնարկներու կազմակերպումով հանրութիւնը ծանօթացած է լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ գրագէտներու, անոնց գործերուն եւ ստեղծագործութիւններուն: Քաջալերուած են նաեւ երիտասարդ գրողները` անոնց համար կազմակերպուելով յատուկ ձեռնարկներ: Մասնաճիւղը հրատարակած է նաեւ հատորներ եւ կառուցած է գրադարան մը` ընթերցասէր հասարակութեան համար: 2019-ին կեանքի կը կոչուի գրագէտ Պօղոս Սնապեանի անուան տուն-թանգարանը` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով գրասէր հասարակութեան մօտ:

Թատերական կեանքին մէջ եւս «Լուսարձակ 40» թատերախումբի աշխատանքներուն ճամբով մասնաճիւղը կրցած է բեմականացնել հայ եւ օտար գրողներու բազմաթիւ գործեր` քաջալերելով երիտասարդ դերասանները:

 Այնճարի Հայ Օգնութեան Միութիւն

Այնճարի մէջ գործունեայ ներկայութիւն է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղը: 1942-ին 7 հիմնադիր ընկերուհիներով հիմը կը դրուի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, որ կարեւոր դեր կը վերցնէ Այնճարի զարգացման գործընթացին մէջ: 1946-ին մասնաճիւղը կը ստեղծէ արծուիկներու փաղանգ մը, աւելի քան 100 անդամներով, որ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ գիւղին մէջ: 1960-ական թուականներուն սկիզբը մասնաճիւղը կը բանայ իր դարմանատունը: 1970-ական տարիներուն գիւղին մէջ կը գործեն շտապ օգնութեան երեք կեդրոններ: «Աղթամար» մասնաճիւղին ամենամեծ իրագործումներէն մէկը կ՛ըլլայ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն 24 ժամ բաց դարմանատունը, որ անչափելի ծառայութիւններ մատուցեց ոչ միայն գիւղացիներուն, այլեւ գիւղ` ժամանող հազարաւոր գաղթականներուն, յատկապէս եկած` Պէյրութի հայահոծ շրջաններէն: Միութեան անդամներուն թիւը կը հասնի աւելի քան 250-ի: Միութիւնը ձեռք կ՛երկարէ` որբին, անկարին, հիւանդին եւ ծերին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ գիւղի վարժարաններուն` յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերելով պատանիներու ուսման: Ներկայիս մասնաճիւղը աշխուժօրէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` ծառայելով հայրենիքին, Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, հայ ժողովուրդին եւ Այնճար հայաւանին:

ՀՄԸՄ Այնճար

Մուսա Լերան տեղահան եղած ժողովուրդը իր առօրեայ ծանրաբեռնուած պայմաններուն մէջ իսկ կ՛որոշէ հայաւանին մէջ հիմը դնել հայկական մարմնակրթական ընկերութեան մը, եւ 1945 թուականին կը հիմնուի ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղը եւ 1967-ին ան կը ստանայ պետական ճանաչում:

Իբրեւ ֆիզիքական եւ ազգային դաստիարակութեան իւրայատուկ դպրոց` Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը գիւղի երկսեռ երիտասարդութեան համար կը դառնայ հոգեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան օճախ, որ իր դերը ունեցաւ առողջ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ: Անմիջապէս կը կազմուի սկաուտական առաջին խումբը: Այնճարի ՀՄԸՄ-ը այսօր իր մարզական բազմաթիւ խումբերով, իր սկաուտական կազմերով, իր գեղեցիկ ու արդիական ակումբով ու մարզադաշտով ոչ միայն Այնճարի, այլեւ ամբողջ լիբանանահայութեան հպարտութիւնը կը դառնայ:

Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերը արձանագրած են փայլուն յաղթանակներ եւ նուաճումներ` պատիւ բերելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ համայն հայութեան:

Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Այնճարի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղ Եւ «Յառաջ» Պատանեկան Միութիւն

Իր հիմնադրութենէն` 1973-էն անմիջապէս ետք, ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղը լծուեցաւ զանազան ձեւի աշխատանքներու` միաժամանակ դաստիարակելով երիտասարդները յեղափոխական նկարագրով, առօրեայ ապահովական աշխատանքներով եւ հայանպաստ քարոզչութեամբ: Մասնաճիւղը կը կառուցէ իր կեդրոնը: Կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, բանակումներ, արշաւներ եւ դպրոցներու աշակերտութեան համար ձեռնարկներ: Քայլ պահելով հայ ազգային իրականութեան հետ` մասնաճիւղը կը դառնայ Այնճարի երիտասարդութեան տրոփող սիրտը, որ կ՛արձագանգէ հայ ժողովուրդի բոլոր պատմական վերիվայրումներուն:

Այնճար հաստատուելէն ետք մուսալեռցի ժողովուրդը իր հանապազօրեայ հացին հետ միասին մտահոգ էր նաեւ իր զաւակներուն կրթութեամբ: Ազգային «Յառաջ» վարժարանի հիմնումէն անմիջապէս ետք հիմը դրուեցաւ նաեւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան` 1943 թուականին, որպէս բնական յաջորդը Մուսա Լերան պատանեկան միութիւններուն: ՀՅԴ պատանեկան միութիւնը դաստիարակեց հազարաւոր պատանիներ, որոնք մեծցան մեր պատմութեան եւ հերոսներուն աւանդներով ու ոգիով: Անոնք դարձան ապագայ հայ կեանքի գործիչները ոչ միայն Այնճարի, այլեւ հայասփիւռ աշխարհի չորս ծագերուն:

Այս բոլոր աշխատանքներուն ոգին ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, որ իր շրջահայեաց քաղաքականութեամբ, իր յանձառութեամբ ու հետեւողական աշխատանքով ղեկավարեց գիւղին կեանքը լաւ ու փոթորկոտ օրերուն եւ դարձաւ ամբողջականօրէն հայ քաղաքապետարանին եւ միութիւններուն գլխաւոր մղիչ ուժն ու հովանաւորը: Եթէ այսօր Այնճարը պահած է իր հայկական դիմագիծը, եթէ ան ունի միակ հայ քաղաքապետարանը սփիւռքի մէջ, ապա այս յաջողութիւնը կը պարտինք այնճարցիի անխորտակ կամքին ու գաղափարի նուիրուածութեան:

Սակայն Այնճարի 85-ամեայ պատմութեան մէջ տիրապետող մնաց Մուսա Լերան բարբառը: Ժողովուրդը միշտ պատմեց իր պապենական գիւղերուն մասին մուսալեռեան հնադարեան բարբառով: Ապրեցաւ անցեալը եւ զայն անբաժան մէկ մասնիկը դարձուց ներկային: Մուսա Լեռէն երբ հեռացաւ մուսալեռցին, չմոռցաւ իր 18 հերոս նահատակներու աճիւններէն ու հողէն բուռ մը իրեն հետ տանիլ` իբրեւ յաւերժական մասունք:

Այնճարցիներ մեծ խանդավառութեամբ ամէն տարուան սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին տօնեցին հերոսամարտի յաղթանակի օրը: Դուրս գալով Այնճարի նեղ սահմաններէն` յաղթանակի նախաձեռնութիւնը վերածեցին ազգային տօնախմբութեան, որուն մասնակցեցան հեռու եւ մօտիկ բոլոր հայորդիները:

Մուսա Լերան հերոսածին զաւակներն ու թոռները հայրենիքի եւ սփիւռքի հեռաւոր գաղութներուն մէջ նաեւ կը տօնախմբեն Մուսա Լերան հերոսամարտի տարեդարձները, եւ անոնց ընդմէջէն կը խոնարհին բոլոր այն ազատամարտիկներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց արիւնով գծեցին եւ պաշտպանեցին Մուսա Լերան, Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները:

Փա՜ռք ու պարծա՛նք Մուսա Լերան առիւծասիրտ զաւակներուն, ու յարգա՛նք մոխիրներէն յարութիւն առած հայ ժողովուրդին:

Ծնունդդ շնորհաւոր, 85-ամեայ դալարագեղ Այնճար հայաւան:

Պատի՛ւ եւ երախտագիտութիւն` մեզ հիւրընկալող Մայրիներու երկիր Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին:

 

 

Comments are closed.