Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի Հայկական Եկեղեցիներու Դէմ. DIHA


Թուրքիոյ քրտական DIHA լրատուական գործակալութիւնը ընդարձակ յօդուածով մը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տարածքին լքուած վիճակի մէջ յայտնուած եւ գանձագողերու թիրախ դարձած հայկական եկեղեցիներ:

Ըստ News.am-ի՝ DIHA-ն առաջինը կը ներկայացնէ Էրզրում (Կարին) նահանգի Ազիզիէի շրջանի Կէոզքօյ կոչուող գիւղի հայկական Սուրբ Մինաս եկեղեցին:  2012 թուականին գիւղին մէջ որոշակի շինարարական շխատանքներու արդիւնքով եկեղեցիին շուրջը բացուած է, որմէ ետք ան սկսած է աւելի արագ աւերուիլ գանձագողերու յարձակումներուն հետեւանքով: Պարզուած է, որ մօտաւոր 17-րդ դարի եկեղեցին երկար ժամանակ իբրեւ ախոռ օգտագործուած է, իսկ պատերուն հայերու հասցէին գրուած հայհոյանքներ կան, որոնք ցոյց  կու տան ատելութիւնն ու թշնամանքը հայերու հանդէպ:

Էրզրումի զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի վարչութեան պատասխանատուներէն մէկը, որ չէ ցանկացած անունը յայտնել, շեշտած է, թէ Սուրբ Մինաս եկեղեցին չի վերանորոգուիր եւ խնամուիր, քանի որ ան մասնաւոր սեփականութիւն է` պնդելով, թէ իրենք եկեղեցիներուն դէմ ոչինչ ունին:

Թէեւ թուրք պաշտօնեան նշած էր, թէ մասնաւոր սեփականութիւն է, որուն համար ալ չեն վերանորոգեր, DIHA-ն ներկայացուցած է Էրզրումի տարածքին գտնուող եկեղեցիներ, որոնք մասնաւոր չեն, սակայն չեն վերանորոգուիր եւ ձգուած են բախտի քմահաճոյքին:

Ապուռնասի եկեղեցի- կը գտնուի Թորթումի Շէնեուրթին կից Ապուռնաս գիւղին մէջ:

Պաղպաշի եկեղեցի- կը գտնուի Թորթումի Պաղպաշ գիւղին մէջ:

Տէմիրճիներու (Դարբիններու) եկեղեցի- կը գտնուի Էրզրում քաղաքի կեդրոնը, Դարբիններու շուկային դիմաց: Այժմ որպէս մզկիթ կը գործուի:

Խնուսի եկեղեցի- կը գտնուի Խնուսի շրջանին մէջ, Եկեղեցւոյ ձոր կոչուող վայրին մէջ: Եկեղեցին այսօր լրիւ քանդուած վիճակի մէջ է:

Քալէ եկեղեցի (Բերդի եկեղեցի)- կը գտնուի Իսպիրի կեդրոնը, Իսպիրի բերդին վրայ: Կարծիք կայ, որ եկեղեցին կառուցուած է 1223-1225 թուականներուն: Մեծ մասը փլած վիճակի մէջ է:

Քամհիսի եկեղեցի- կը գտնուի Շէնքայայի շրջանի Եանըք քաւալ (Քամհիս) գիւղին մէջ: Աւերուած վիճակի մէջ է:

Քեվանքի եկեղեցի- կը գտնուի Բասենի Քեվանք (Թաշ քայնաք) գիւղին մէջ: Մեծ մասը աւերուած է:

Մեքսորի եկեղեցի- կը գտնոի Թորթումի Շէնեուրթի Մեքսոր (Ճիհանլը) գիւղին մէջ:  Մասնակի աւերուած վիճակի մէջ է:

Փանճիրոթի եկեղեցի- Շէնքայայի կից Ինջէ չայ (Փանջուրոթ) գիւղին մէջ:  Ամբողջովին աւերուած է:

Փեռնակի եկեղեցի- կը գտնուի Օլթուէն 28 քմ հիւսիս-արեւելք` Իրի օղլու գիւղին մէջ, որուն հին անուն Փեռնաք է: Մեծմասամբ աւերուած վիճակի մէջ է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.