Կռփամարտ. Ուլի Վեկներ Դժգոհ Է Արթուր Աբրահամի Մարզավիճակէն


11815_arthurԻնչպէս կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթը, WBO-ի վարկածով միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ անոր մարզիչին` Ուլի Վեկների միջեւ տարակարծութիւններ ի յայտ եկած են:

«Ես իրեն ըսի, որ 42 վայրկեանի մէջ 10 քմ վազէ, որմէ ետք հասկցայ, որ ան լաւ մարզավիճակի մէջ չէ», ըսաւ Վեկներ:

Իսկ Աբրահամ ըսաւ. «Ատիկա բաւական դժուար եւ ծանր փորձ մըն էր ինծի համար, որմէ ետք ես գրեթէ մահացած էի»:

Շարունակելով իր մեղադրանքները` Վեկներ ըսաւ. «Յաջորդ օրը` վազքէն ետք, ան պէտք էր գար մարզասրահ, որպէսզի հանգստացնէր մկանները: Սակայն ատոր փոխարէն ան առանց յարգելի պատճառի սրճարան գնաց»:

ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ 34 տարեկան Արթուր Աբրահամ 21 փետրուարին, Պերլինի մէջ (Գերմանիա) պէտք է պաշտպանէ իր տիտղոսը` ընդդէմ 32 տարեկան անգլիացի Փոլ Սմիթի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.