Մուսա Լերան գիւղերէն՝ Այնճար – 75-Ամեակ
Պատմական Կիլիկիոյ Մուսա Լերան հայութիւնը 100 տարի առաջ մերժեց ենթարկուիլ Օսմանեան Թուրքիոյ տարագրման հրահանգին եւ զէն ի ձեռին լեռ բարձրացաւ ինքնապաշտպանութեան համար: Երկամսեայ մաքառումէ ետք, Մուսա Լերան հայութիւնը կը փրկուի ֆրանսական ռազմանաւերու կողմէ: Ֆրանսացիները Մուսա Լերան հայութիւնը կը փոխադրեն Եգիպտոս: 1919-ին Մուսա լեռցիք կը վերադառնան Սանճաքի ինքնավար մարզ: 1936-ի մարդահամարով 220 հազար հաշուող Սանճաքի բնակչութեան 28 տոկոսը արաբախօս ալեւի էր (62 հազար): Թուրքերը՝ 85 հազարով կը կազմէին բնակչութեան 40 տոկոսը, իսկ 25 հազար հայերը կը կազմէին բնակչութեան 11 տոկոսը: Մնացեալ բնակզութեան մաս կը կազմէին սիւննի արաբներ, քրիստոնեայ արաբներ, քիւրտեր եւ հրեաներ:
Վահրամ Լ.Շեմմէսեան «Ասպարէզ»-ի անգլերէն յաւելուածին մէջ մէջ կը գրէ, որ այս տարի մուսալեռցի հայերով բնակուած Այնճարի 75-ամեակն է։ Այնճար կը գտնուի Լիբանանի Պեքաայի հովիտին մէջ, 950 մեթր բարձրութեան վրայ, Պէյրութ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ, Սուրիոյ սահմանին մօտ։ Ի՞նչ է այս հայկական գիւղաքաղաքին ծննդոցը։ Առաջին օրերուն (1939-1941) ի՞նչպիսի մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է։ Ասոնք են այն գլխաւոր երկու հարցումները, որոնց այս յօդուածը կը պատասխանէ։
Ամէն ինչ ընթացք առաւ համաշխարհային երկու պատերազմներուն միջեւ ինքնավար նահանգ Ալեքսանտրեթի Սանճաքին մէջ, որուն բնակիչներուն նկատառելի մէկ մասը հայ բնիկներ ու տեղահանուածներ էին, որոնց շարքին էր Մուսա Լերան բնիկ ժողովուրդը։ 1936-ին սկիզբ առած քաղաքական ճգնաժամ մը ցնցեց Սանճաքի բնակչութիւնը, երբ ինքնավար նահանգը ֆրանսական հոգատարութենէն թրքական գերիշխանութեան փոխանցումը իրարանցում ստեղծեց։ Այդ մէկը արաբներու, ալեւիներու եւ քրիստոնեաներու համար ահազանգային մակարդակներու հասաւ, երբ 1938-ին խեղաթիւրուած ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք, Սանճաքի օրէնսդիր մարմինին մէջ գոյացաւ թրքական մեծամասնութիւն մը։ Մէկ տարի ետք՝ Թուրքիա շրջանը իրեն կցեց։ Այդ քայլը, շրջանի հայերու մեծամասնութեան, ներառեալ այլ ազգային խմբաւորումներու, մղեց ապաստանելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարեր տարածքներու մէջ։ Մուսա Լեռէն ելքը տեղի ունեցաւ 23 յուլիս 1939-ին տեղի ունեցած կցումէն առաջ։ Գաղթականները ժամանակաւորապէս Քեսապի եւ Լաթաքիոյ միջեւ գտնուող Ռաս ալ-Պասիթի մէջ բացօթեայ տարածք մը բնակեցան՝ մինչեւ իրենց համար մնայուն տուն մը գտնուի։
Թրքական կառավարութիւնը ֆրանսացիներէն խնդրեց հայ գաղթականները թուրք-սուրիական սահմանին մօտ չբնակեցնել։ Ֆրանսացիները ընդառաջեցին եւ նկատի ունեցան շարք մը ընտրանքներ, ներառեալ Լիբանանի մէջ բնակեցման չորս վայրեր.
1) Թրիփոլիի վերահսկող լեռներուն մէջ,
մասնաւորաբար Սիր եւ Պախուն գիւղերուն շուրջ,
2) Հըրմէլի շրջանին մէջ Որոնդէս գետի երկայնքին,
3) Պաալպէքի արեւմուտքը, Շըմըսթար, Հատիս եւ Պուտայէ գիւղերուն շուրջը,
4) Հարաւային Լիբանանի մէջ, Հերմոն լերան ստորոտին, Մարժաայուն եւ Ռաշայա քաղաքներուն միջեւ։ Այս վայրերէն Հերմոնը կը նկատուէր ամէնէն յարմարը, ոչ միայն որովհետեւ պատրաստ տարածք կար, այլ նաեւ հայերը «չափաւորականացնող տարր մը պիտի ըլլային եւ հանդարտեցման ազդակ մը վայրի մը մէջ, ուր մնայուն խնդիրներ կան քրիստոնեաներու եւ ոչ քրիստոնեաներու միջեւ»։ Սակայն տարբեր պատճառներով այս վայրերէն ոչ մէկը ընտրուեցաւ։
Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական գաղութատիրական իշխանութիւները ի վերջոյ բանակցեցան հանգստեան կոչուած թուրք բանակայինի մը՝ Ռուշտի Խոճա Թումայի հետ, որ Պեքաայի հովիտին մէջ 1540 հեքթար տարածութեան մը սեփականատէրն էր։ Թէեւ Ռուշտի Պէյը բարձր գումար մը պահանջեց՝ ան պատրաստակամ էր «նկատարելի զեղչ» կատարելու՝ մեկնելով «հայրենասիրական զգացումներէ», եթէ թրքական կառավարութիւնը այդ մէկը իրմէ խնդրէ։ Հողը զեղչուած գինով գնուեցաւ։
Ռաս ալ-Պասիթէն Այնճար փոխադրութիւնը տեղի ունեցաւ 3-16 սեպտեմբերին։ Գաղթականները նաւով Թրիփոլի փոխադրուեցան, ուրկէ Ռայաք, ուր հայերէ բաղկացած դիմաւորման խմբակ մը կերակուրներ, պտուղներ եւ զովացուցիչներ տրամադրեց։ Ռայաքէն անոնք բեռնակարգերով փոխադրուեցան դէպի վերջին հանգրուանը՝ Այնճար, որ անհիւրընկալ հողամաս մըն էր, ժայռոտ, ճահճային եւ փշոտ, կիզիչ ամառով եւ ցուրտ ձմեռով։ Սակայն տուեալ պայմաններուն տակ այլընտրանք մը չունենալով՝ մուսալեռցիները ստիպուած էին իրենց նոր կեանքը այդտեղ կառուցել։
1940-ին նոր եկողները 1060 ընտանիք կամ 4521 անձեր էին, որոնք Մուսա Լերան հետեւեալ վեց գլխաւոր գիւղերէն էին. Խըտըր Պեկ՝ 1050 անձեր, Պիթիաս՝ 915, Հաճի Հապիպլի՝ 904, Քապուսիէ՝ 754, Եողունլուք՝ 601, Վագըֆ՝ 295։
Անոնք խիտ կերպով բնակեցան հին քաղաքի մը փլատակներուն շուրջ 250 մեթր երկայնք եւ 200 մեթր լայնք տարածքի մը մէջ, ապագայ գիւղին եզերքը։ Պէյրութի մէջ Հայկական ազգային միութիւնը եւ ֆրանսական գաղութատիրական իշխանութիւնները անոնց տրամադրեցին վրաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կրնային 12 անձեր պատսպարուիլ։
Ֆրանսական գաղութատիրական իշխանութեան հասարակական աշխատանքներու ծառայութիւնը գծեց ապագայ գիւղին յատակագիծը, որ արծուակերպ էր՝ Մուսա Լերան պապենական գիւղերը արտացոլացնող վեց անջատ բաժիններով։
Բնակեցման համար ընտրուած տարածքը կ՚երկարի մինչեւ Լիբանանը Սուրիայէն անջատող Ժապալ Այնճարի լանջերը։ Հասարակական աշխատանքներու ծառայութիւնը նաեւ որոնեց Այնճարի կից յաւելեալ 50-60 հեքթար հողատարածք մը, ատոր վրայ գիւղին մէկ մասը երկարելու համար։ Գիւղին համար յատկացուած տարածքը կը ներառէր երեք անջատ տեղեր եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ երեք յարանուանութեանց (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական) կեդրոնատեղիներ։ 19 սեպտեմբերին տեղի ունեցած նուազուրդի մը իբրեւ արդիւնք շէնքերու կառուցումը վստահուեցաւ ֆրանսական «Սենրափթ է Պրիս» ընկերութեան։
Բնակարաններու կառուցման սկզբնական ծրագիրը երկու սենեակէ, խոհանոցէ եւ լուացարանէ մը բաղկացած տուներ շինելն էր։ Սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմը սկսելուն պատճառով ֆրանսացիները ստիպուեցան իրենց ծախսերը կրճատել, հետեւաբար ծրագիրը նուազեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար 400 քառակուսի մեթրի վրայ կառուցուած մէկ սենեակի եւ արտաքին լուացարանի։ Հարկ էր մինչեւ 15 Դեկտեմբեր 1939 1250 բնակարաններ կառուցել։ Այդ մէկը անկարելի եղաւ հետեւեալ պատճառով. Ներքին առումով գաղթականներու հասարակութիւնը կը կառավարուէր Գէորգ Գալուստեանի ղեկավարութեամբ կոմիտէի մը կողմէ, որ բաղկացած էր Մուսա Լերան վեց հայկական գիւղերու իւրաքանչիւրէն մէկական ներկայացուցիչէ մը։ Սակայն նկատի ունենալով, որ այս յանձնախումբը բաւարար վարկ եւ ազդեցութիւն չունէր իր կամքը պարտադրելու, կրցաւ միայն հարկ եղած 1000 աշխատաւորներուն կէսը ապահովել։ Մարդուժի եւ կարգապահութեան պակասը խանգարեց կառուցման աշխատանքը։ Այնպէս, որ 15 Նոյեմբերին միայն 15 բնակարաններ կառուցուած էին։ Կացութիւնը սկսաւ բարելաւուիլ, երբ ֆրանսացիները ֆրանսական բանակի Պաալպէքի մէջ հաստատուած Օտարականներու լեգիոնի առաջին տեղակալ Մովսէս Տէր Գալուստեանէն խնդրեցին Այնճարի մէջ կարգ ու կանոն հաստատել։
(Շար1)