Հայ Զինուոր Մը Գերի Կ՛ինայ Թշնամիին Ձեռքը
1485
0
\n
\n ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբեր 27ի առաւօտուն Ատրպէյճանի բանակը հաղորդագրութիւն մը տարածած է, ուր կ՛ըսուի, որ Աղդամի ուղղութեամբ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները անյաջող թափանցման գործողութիւն մը կատարած են, որու հետեւանքով աատրպէյճանցիները գերի վերցուցած են Պաշտպանութեան Բանակի զինուոր Արսէն Բաղդասարեանին:
\n Աւելի ուշ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի մամուլի ծառայութիւնը հերքած է հայկական կողմի թափանցման գործողութեան մասին տեղեկութիւնը, սակայն նշած է, որ Արսէն Էդուարդի Բաղդասարեանը՝ «հանդիսանալով ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, պարբերաբար ինքնակամ լքել է իր մշտական տեղակայման վայրը, ինչի համար հրամանատարութեան որոշմամբ, կարգապահական խախտումներ կատարելու հիմնաւորումով, ժամանակաւորապէս հեռացուած է եղել ծառայութիւնից»:
\n \n