Հասան Ճեմալ Երեւանի Մէջ Երկրորդ Թէժ Հանդիպումը Ունեցած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրած ոճրագործներէն Ճեմալ փաշայի թորան՝ Հասան Ճեմալի երեւանեան հանդիպումներուն ընթացքին առկայ է լարուած մթնոլորտ: Երիտասարդ հայ թրքագէտները Հասան Ճեմալի «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքի հայերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսէն (որուն ընթացքին ներկաները բողոքեցին հարցումներ ուղղելու առիթ չտրուելուն համար-Խմբ.) մնացած հարցումներն ու իրենց անհանգստութիւնները կարելիութիւն ունեցան ուղղելու եւ արծարծելու 12 Դեկտեմբերին։ Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին ուսանողները յստակ կերպով վերահաստատեցին իրենց պահանջատիրութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական պատմական հողերը վերադարձնելու հաստատակամութեան գծով:
Հանդիպումին սկիզբը Արեւելագիտութեան բաժանմունքի փոխղեկավար Ռուբէն Մելքոնեան Ճեմալին յիշեցուց, որ հաւաքուածները եկած են ոչ թէ անոր ծափահարելու, այլ զիրենք յուզող հարցումներուն պատասխաններ ստանալու համար: «Թէպէտ ողջ հանդիպման ընթացքում թուրք լրագրող, գրող Հասան æեմալը պարբերաբար կրկնում էր, որ պատրաստ է պատասխանելու ցանկացած հարցի, այդուհանդերձ շատ դէպքում ակնյայտօրէն շրջանցում էր հարցի բուն պատասխանը՝ ինչ-ինչ թռուցիկ յայտարարութիւններ անելով, ինչը, բնականաբար, յարուցում էր երիտասարդների զայրոյթը», գրած է «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը։ Ուսանողներէն մէկը ուզելով փոխանցել այն պատգամը, որ հայ վրիժառուները ահաբեկիչներ չեն, ինչպէս օր մը առաջ յայտարարած էր Ճեմալ, հանդիպման սկիզբը պարզած է պաստառ մը, որուն վրայ գրուած է թրքերէնով. «Բոլորս Նեմեսիս ենք, բոլորս Ծաղիկեան ենք»։
Ներկաներուն հարցադրումներուն մէջ կարմիր թելի նման շեշտուած էր այն միտքը, որ հայ ժողովուրդը արդէն վաղուց դադարած է միայն «ցեղասպանութիւն» բառը արտաբերելով բաւարարուելէ եւ կ՛առաջադրէ հարցը իրաւական դաշտ փոխանցելու եւ փոխհատուցում պահանջելու խնդիրը: Անդրադառնալով փոխհատուցման խնդիրին՝ Հասան Ճեմալ սկիզբը խուսափեցաւ յստակ որեւէ պատասխան տալէ՝ նշելով, թէ ինք Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չի ներկայացներ եւ որեւէ բան փոխհատուցելու լիազօրութիւններ չունի: Հանդիպման աւարտին միայն ան նշեց. «Ես այսօր կը խօսիմ որպէս Հասան Ճեմալ, որպէս գրող: Ես պետութիւն չեմ: Սակայն եթէ ես ըլլայի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, ես նախ ներում կը հայցէի հայերէն, երկրորդ՝ կ՛ընդունէի Ցեղասպանութիւնը, երրորդ՝ դասագիրքերը կը վերաշարադրէի, չորրորդ՝ հայկական մշակոյթը, հայկական հետքերը նորէն ի ցոյց դնելու համար քայլերու կը ձեռնարկէի, հինգերորդ՝ բոլոր ուզողներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն կու տայի, վեցերորդ՝ կը նստէի եւ կը խօսէի փոխհատուցման մասին»։

Ներկաները փորձեցին հասկնալ՝ արդեօք Հասան Ճեմալը Ատրպէյճանի ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետեւորդն է, որ իր գիրքին մէջ շարադրած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ատրպէյճանական թէզերը: Ի պատասխան այս հարցումին՝ Ճեմալ նշեց, որ տեղեակ է, թէ ատիկա ինչ նուրբ հարց է հայերուն ու Հայաստանի համար՝ փորձելով զայն համեմատել Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին հետ: Պնդելով, որ չի հանդիսանար ներկայ Ատրպէյճանի ջատագովն ու կողմնակիցը՝ այդուհանդերձ թուրք հեղինակը խուսափեցաւ այս նիւթին մասին յաւելեալ խօսելէ։
Ճեմալ իրեն ուղղուած հարցումներուն շեշտադրումներէն մեկնած ընդգծեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ ուսանողները զինք կը քննադատեն այս կամ այն խնդիրը այլ ձեւով մեկնաբանելուն համար, ապա Թուրքիոյ մէջ եւս ինք քննադատութեան կ՛արժանանայ Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար՝ կոչուելով «հայրենիքի դաւաճան»: Ան քանի մը անգամ կրկնեց հետեւեալ միտքը. «Եթէ ես կատարեմ այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնցմով ձեզի հաճելի կը թուիմ, ատիկա խօսքի ազատութիւն չ՛ըլլար: Խօսքի ազատութիւնը այն է, երբ կ՛արտայայտեմ միտքեր, որոնք կրնան քեզի համար այդքան ալ հաճելի չըլլալ»:
Հանդիպման աւարտին խօսք առաւ նաեւ Ճեմալ փաշայի մահապատիժը կազմակերպած հայ վրիժառուներէն մէկուն՝ Արտաշէս Գէորգեանի թոռը՝ Արմէն Գէորգեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հասանին՝ Ցեղասպանութեան հարցին գծով իր դիրքորոշման համար: «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների մէջ ամենակարեւորը հաւատն է: Ես հաւատացի այս մարդուն, հաւատացի, որ նա ամէն բան անում է ի սրտէ եւ գիտակցաբար», նշեց Գէորգեան՝ կարեւոր նկատելով Ճեմալի ներդրումը Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցին քննարկման գործին մէջ: Շեշտելով, որ կան հարցեր, որոնց գծով հայերուն եւ Հասան Ճեմալի կարծիքները չեն համընկնիր, այդուհանդերձ Գէորգեան ընդգծեց, որ խնդրին թշնամաբար մօտենալը ճիշդ չէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.