Առաջին Ալիքը Անվճար Հասանելի Է Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի Եւ Քանատայի Հայերուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը արդէն իսկ անվճար հասանելի դարձած է Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Քանատայի հայերուն ու մայր ցամաքամասի բոլոր բնակիչներուն: Հանրային կայանը արդէն իսկ կը հեռարձակուի Կալաքսի 19 արբանեակով, որ բաւական նշանաւոր եւ ճանչցուած է Հիւսիսային Ամերիկայի, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Նոյն արբանեակով կը սփռուին այլ նշանաւոր ալիքներ եւս, ինչպէս՝ Ժազիրա եւ Russia Today կայանները:
Առաջին ալիքի հասարակութեան հետ կապի բաժինէն յայտնած են, որ նոր կարելիութիւն ստեղծուած է նաեւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին համար: Անոնք CH18.10 եւ CH20.5 ալիքներով, վերգետնեայ ոչ քոտերով հեռարձակմամբ կրնան դիտել Առաջին ալիքի բոլոր հաղորդումները՝ ժամային տուեալ գօտիին համապատասխան՝ Հայաստանի մէջ ուղիղ հեռարձակումէն 12 ժամ անց: Ասիկա պատկերասփիւռի կայանի զարգացման ռազմավարութեան կարեւորագոյն քայլերէն մէկն է, որովհետեւ կարելիութիւն կու տայ սփիւռքահայութեան հետեւելու իր ծրագիրներուն։
Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մեր հայրենակիցները Առաջին ալիքին միանալու համար իրենց տարածաշրջաններուն համապատասխան թեքնիք տուեալներուն կրնան ծանօթանալ այցելելով կայանի կայքը՝ http://www.1tv.am/hy/satellites:
Առաջին ալիքը այսպիսով կը սփռուի Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.