Ստրկութեան Համաշխարհային Վարկանիշ. Հայաստանը 81րդ է 197 Երկիրներու Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Մորիթանիան, Ուզպեքստանն ու Հայիթին աշխարհի այն առաջին երեք երկիրներն են, ուր աշխատանքի պարտադրուած ամէնէն աւելի տարածուած է։ Այս մասին նշուած է «Ուորք ֆրի ֆաունտէյշըն» իրաւապահ կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ, որ հրապարակուած է 18 Նոյեմբերին։ Այս մասին կը գրէ «Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը:
Ըստ «Ուորլք ֆրի ֆաունտէյշըն» վարկանիշին, որ կը նշէ ստրուկներու թիւին յարաբերակցութիւնը բնակչութեան ընդհանուր թիւին համեմատ, Մորիթանիոյ մէջ այս ցուցանիշը կը կազմէ 4 տոկոս (160 հազար մարդ), Իւզպեքիստանի մէջ 3.9 տոկոս (1.2 միլիոն մարդ), Հայիթիի մէջ՝ 2.3 տոկոս (140 հազար մարդ):
Հայաստանի վարկանիշը 81 է, Իրան 60րդ դիրքի վրայ է, Վրաստան՝ 78րդ, Ատրպէյճան՝ 94րդ, Թուրքիան՝ 105րդ: Ռուսիոյ վարկանիշը 32 է:
2014ին աշխարհի մէջ բռնի ուժով աշխատանք պարտադրուած է 35.8 միլիոն մարդու՝ 2013ին 29.8 միլիոնի փոխարէն, ըստ զեկոյցի հեղինակներուն: Անոնց հաշիւներով, աճը կապուած է աւելի ճշգրիտ տուեալներու եւ տեսութեան աշխարհագրութեան ընդլայնման: Վերլուծութիւնը կը վերաբերի աշխարհի 167 երկիրներու:
«Ժամանակակից աշխարհին մէջ ստրկութիւնը կրնայ բազում դրսեւորումներ ունենալ՝ կրթութենէ զրկուած երեխաները, որոնք ստիպուած են աշխատելու փոքր հասակէն, աշխատակիցներ, որոնք չեն կրնան ձգել աշխատանքը մեծ պարտքերու պատճառով, կիներն ու աղջիկները, որոնք կ՛օգտագործուին որպէս իրաւազուրկ ու անվճար տնային տնտեսուհիներ», նշուած է զեկոյցին մէջ։ Զեկոյցի հեղինակները յստակեցուցած են, որ ստրկութեան խորագիրին տակ են նաեւ երեխաներու առեւանգումները՝ մարտական գործողութիւններու ընթացքին օգտագործելու համար:
Ըստ «Ուորք ֆրի ֆաունտէյշըն»ի՝ ստրկական պարտադրանքի օգտագործման ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրուած է Իրլանտայի եւ Իսլանտայի մէջ՝ 0.007 տոկոս իւրաքանչիւր երկրի մէջ (300 եւ 23 մարդ համապատասխանաբար): Պետութեան կողմէ ստրկութեան նկատմամբ հակազդեցութեան բարձրագոյն ցուցանիշը Հոլանտայի մէջ է, ամէնէն ցածը՝ Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.