Ճատրակ. Մամիկոն Ղարիպեան` Եւրոպայի Ախոյեան

\n

1029_Gharibyan-MamikonԵրէկ` չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Պաթումի մէջ (Վրաստան) աւարտեցաւ Եւրոպայի տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերու ճատրակի ախոյեանութիւնը:

\n

Հայաստանի 63 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս ախոյեանութեան:

\n

Անոնցմէ գիւմրեցի Մամիկոն Ղարիպեան միակն ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երբ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:

\n

Աղջկանց 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Մարիամ Մկրտչեան 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ փոխախոյեան:

\n

Իր կարգին, փոխախոյեան հանդիսացաւ Արամ Յակոբեան (14 տարեկանէն վար), որ ապահովեց 7,5 կէտ:

\n

 

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.