Արցախի Մէջ՝ Կործանուած Գիւղի Մը Վերածնունդը


Արցախեան վերակերտուած գիւղի մը մէջ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կառուցեց համայնքային կեդրոն մը, ուր բնակիչները կը մասնակցին գիւղի հանրային կեանքին, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն եւ բժշկական տարրական խնամք կը ստանան:
Ահա հայուն ծանօթ պատմութիւն մը. յանկարծ ազերի արիւնարբու զինուորներու ու աւազակներու հրոսախումբ մը կը խուժէ հայկական գիւղ մը եւ աներեւակայելի վայրագութեամբ կը քանդէ ամէն ինչ ու կը ջարդէ ժողովուրդը: Այս էր, որ պատահեցաւ Մարաղայի մէջ. արցախեան գիւղ մը, որ հիմնուած էր Պարսկաստանի իրենց նոյնանուն համայնքէն ժամանակին հոս գաղթած հայերու կողմէ:
«Ամնեսթի Ինթըրնեշընըլ»ի տեղեկագրութեամբ, ատրպէյճանական ուժերը հարիւր գիւղացի «սպաննած» էին Մարաղայի մէջ: Բայց կար աւելին. կոտորածով չբաւարարուած՝ ազերի զինուորները գլխատած ու այրած էին գիւղացիները՝ անճանաչելի դար-ձնելով անոնց մարմինները, ինչպէս պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը պիտի հաստատէր նախճիրէն ետք գիւղը այցելելով: Թէեւ հազարաւոր հայեր զոհուեցան Արցախի ազատամարտին ընթացքին, Մարաղայի ջարդը, յատկապէս, ազերի բարբարոսութեան ամէնէն ցցուն ու սրտաճմլիկ օրինակը պիտի դառնար:
Սակայն կային վերապրողներ, որոնք մազապուրծ փախչած էին սպանդէն: Ժամանակ մը ետք, անոնք հիմնեցին գիւղ մը՝ այժմ ատրպէյճանական գրաւման տակ եղող իրենց բնակավայրէն ոչ շատ հեռու, եւ զայն կոչեցին Նոր Մարաղա: Այդ օրէն ի վեր, անոնք վերսկսան իրենց կեանքը շինելով տուն եւ դպրոց, մշակելով հողը. եւ այսպիսով, մնացին իրենց հին գիւղին մերձ, թերեւս օր մը հոն վերադառնալու յոյսի նշոյլ մը կենդանի պահելով եւ վստահաբար ազերիի քանդիչ բնազդին դէմ արհամարհական կեցուածքով մը:
Նոր Մարաղայի համայնքի կեանքը աւելի եւս կազմակերպ եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը համայնքային բազմաբնոյթ կեդրոն մը կառուցեց գիւղին մէջ, նոր եռանդ ներշնչելով անոր 516 բնակիչներուն:
Համայնքային կեդրոնը կը պարփակէ դահլիճ մը՝ զանազան ձեռնարկներու ու ժողովներու համար, համակարգչային սենեակ մը՝ համացանցային կապով, եւ բուժարան մը, ուր գիւղացիները բժշկական կենսական խնամք կրնան ստանալ: Համայնքային կեդրոնին մէջ են նաեւ գիւղապետարանի գրասենեակները, ուր գիւղապետն ու իր անձնակազմը հանդիպումներ կ՛ունենան գիւղացիներուն հետ, այսպիսով՝ հանրային կեանքին մէջ գործօն մասնակցութիւնը քաջալերելով:
Ինչպէս հիմնադրամի բոլոր նմանատիպ ծրագիրները, Նոր Մարաղայի համայնքային կեդրոնը կառուցուած է բարձր չափանիշներով եւ բովանդակ օգտագործման համար օժտուած է բոլոր անհրաժեշտ յարմարութիւններով, ներառեալ՝ ջեռուցային եւ օդափոխիչ համակարգեր, սենեակներու ու սրահի կահաւորում եւ համակարգչային սարքաւորումներ:
Գիւղը ունի նաեւ Նահատակաց կոթող մը, որ բացի հին Մարաղայի ջարդի զոհերուն յիշատակը վառ պահելէ, գիւղացիները կը յուշէ աչալուրջ մնալ, տրուած ըլլալով իրենց համայնքի սահմանամերձ, հետեւաբար՝ վտանգաւոր դիրքը:
Հակառակ իրենց ողբերգական անցեալին, Նոր Մարաղայի բնակիչները այսօր կ՛ապրին աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով, մշակելով հողը, զբաղելով անասնապահութեամբ, աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով համայնքի կեանքին: Իսկ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, աշխարհի տարածքին իր նուիրատուներու նեցուկով, կրցած է սատարել գիւղի վերակերտման՝ համայնքային կեդրոնի կառուցման շնորհիւ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.