Նախարարներ Կուտյիր եւ Ափփըլ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն գանատահայութեան


Հոկտեմբեր 7-ին, Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատահայ քաղաքական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Օթթաուայի Գանատայի Խորհրդարանէն ներս քաղաքական հանդիպումներ ունեցան խորհրդարանականներու եւ յատկապէս Կառավարութեան երկու նախարարներու՝ Կէրի կուտյիրի եւ Թիմ Ափփըլի հետ։

Նախարարներու հետ հանդիպումները կեդրոնացան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս՝ Սուրիահայութեան հետ առնչուող վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին երկու նախարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին գանատահայութեան։ Քննարկուեցան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համագանատական շարք մը ծրագիրներ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.