Թուրք Մտաւորականներ Կը Պահանջեն Ետ Հաւաքել Հակահայ Դասագիրքերը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մօտաւորապէս 90 թուրք մտաւորականներ, արուեստագէտներ ռւ ակադեմեականներ ստորագրեցին հաղորդագրութիւն մը՝ պահանջելով դպրոցներու մէջ գործածուած ու հայերու կամ այլ ցեղային խմբաւորումներու դէմ ատելութիւն սերմանող դասագիրքերը ետ հաւաքել ու հայ աշակերտներէն ներողութիւն խնդրել, այդ դասագիրքերուն մէջ հայերու դէմ գրուած սուտերուն ու ատելավառ տեղեկութիւններուն համար։
«Այս գիրքերը պէտք է ետ հաւաքուին։ Երբ մուտք կը գործենք 2015, ա՛յս է դէպի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն գացող ճամբան», ըսին անոնք։
Ստորագրող մտաւորականներէն մէկն է Թաներ Աքչամը, որ արդէն այս հարցը օրակարգի բերած էր չորս յօդուածներով։ Ան ըսաւ. «Մեր մտաւորականներուն այս ելոյթը մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքա՛ն անհրաժեշտ է պատրաստել դասագիրքեր, որոնք ցեղային կամ կրօնական հաւաքականութիւններու միջեւ պիտի քաջալերեն ո՛չ թէ թշնամութեան ու ատելութեան զգացումներ, այլ պիտի հրահրեն միասնաբար ու բարեկամաբար ապրելու փափաքը. դասագիրքեր ո՛չ թէ պիտի խօսին սուտերու մասին, այլ պիտի պատմեն ճշմարտութիւնները։ Պատմութեան նկատմամբ պարկեշտ ըլլալը նախապայման է բարեկամութեան ու հաշտութեան համար։ Կը յուսամ, որ ստորագրութեան այս արշաւը կ՛ընդունուի որպէս հասարակաց ճիչ մը՝ ի հաշիւ այն նոր դասագիրքերուն, որոնց կարօտն ունինք»։
Ստորագրող անունները յայտնի անուններ են արդէն։ Ահա՛ անոնցմէ քանի մը անուն՝ Ատալեթ Աղաօղլու, Ահմետ Ալթան, Ահմետ Հաքան, Ահմետ Ինսել, Այշէ Կիւնայսու, Այշէ Հիւր, Պասքըն Օրան, Ճենկիզ Աքթար, Տարօն Աճէմօղլու, Տենկիր Միր, Մեհմետ Ֆուատ, Տենիզ Թիւրքալի, Ֆերհատ Քենթել, Հատի Ուլուէնկին, Հալիլ Պերքթայ, Հասան Ճեմալ, Իսմեթ Պերքան, Մեհմետ Ալթան, Մուրատ Պելկէ, Օրալ Չալըշլար, Օրհան Փամուք, Օյա Պայտար, Էօմեր Լաչիներ, Փերիհան Մաղտեն, Ռոնի Մարկուլիես, Սելիմ Տերինկիլ, Շահին Ալփայ, Շանար Եուրտաթափան, Թաներ Աքչամ, Ուֆուք Ուրաս, Վետաթ Թիւրքալի, Եասեմին Չոնկար, Եավուզ Պայտար եւ բազմաթիւ ուրիշներ։

«ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԵԿՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷæ Ի՞ՆՉ Է 1915ԻՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒ ՇԱՌԱՒԻՂՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ»

Որքա՛ն ալ խօսուի «Նոր Թուրքիա»ի մը եւ Հայկական Հարցին մէջ նոր մերձեցումներու մասին, Թուրքիոյ մէջ կան խմբակցութիւններ, որոնց մտայնութիւնը մազաչափ չի փոխուիր Հայկական Հարցին մասին։ Անոնց տեսակէտով՝ հայերը վնասակար են, պէտք է զգոյշ ըլլալ բոլոր հայերէն, որոնք 1915ի տեղահանուածներու շառաւիղներն են եւ որոնք Թուրքիա կու գան նոյնիսկ զբօսաշրջական նպատակներով։
Այս մասին կը մտածենք, երբ մամուլի մէջ կը կարդանք հետեւեալ լուրը.
Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Նեւզատ Քորքմազ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալայի հարցագիր յղելով՝ հարցուցած է, թէ Սուրիայէն Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներուն մէջ արդեօք ստուգուա՞ծ է, թէ քանի հոգին 1915ի հայկական տեղահանութեան հետեւանքով Թուրքիայէն ղրկուած հայերու ժառանգորդներ են։ Ան ըսել կ՛ուզէ, որ եթէ սուրիացի ապաստանեալներուն մէջ 1915ին տեղահան եղողներու յաջորդներ կան, ապա անոնք այսօր կրնան վնասակար դեր կատարել Թուրքիա վերադառնալով։
Ըստ երեսփոխանին՝ Թուրքիոյ ապահովութիւնը մեծ վտանգի մը հետ դէմ յանդիման կը մնայ, որովհետեւ իշխանութիւնները ուշադրութեամբ չեն պրպտեր ապաստանեալներու ինքնութիւնն ու Թուրքիա ապաստանելու դիտաւորութիւնը։ Անոր համաձայն՝ ապաստանեալներու շարքին կան Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ «ահաբեկիչներ» կամ անոնց զօրակցող ուժեր, ինչպէս նաեւ 1915ին տեղահանուածներու ժառանգորդներ։ Ան մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ երբ ապաստանեալ այդ հայերուն հարցուի, անոնք պիտի պատասխանեն, որ Սուրիա պիտի չվերադառնան, որովհետեւ վերադարձած են իրենց մեծ հայրերուն ծննդավայրը։
«Մինչ հայկական Սփիւռքը կը պատրաստուի 1915ի «ցեղասպանութեան» հարիւրամեակի գործունէութիւններուն, արդեօք նախարարութիւնը կը խորհի՞, թէ հայերու այս նոր ներթափանցումը կրնայ մաս կազմել հարիւրամեակի այդ նախաձեռնութիւններուն», հարց տուած է Քորքմազ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.