ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՈՒԽՏԱՎԱՅՐԷՆ

Տէր Զօրի համազգային ուխտավայրէն, Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Տէր Զօր… կա՞յ իր երակներուն մէջ հայու արիւն ունեցող հայ մը աշխարհի տարածքին, որ չի գիտեր թէ Տէր Զօրը վայր ըլլալէ անդին՝ հոմանիշ է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Արդարեւ, կարելի չէ ամբողջական ճանաչումը ունենալ հայոց ժամանակակից պատմութեան եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան, առանց Տէր Զօրին, որ դարձաւ հազարաւոր հայերու մահուան կարաւանին վերջին կայանը։

Երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան ենթարկուած Տէր Զօր եկած եմ տէրզօրացեալ, սակայն յարութիւն առած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատարմութիւնը վերանորոգելու մեր նահատակներու յաւերժախօս պատգամին ու արդար դատին։

Տէր Զօր եկած եմ մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնելու Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդին ու պետութեան, որոնք իրենց հայրենիքին մէջ ընդունեցին ցեղասպանի արիւնոտ սուրէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները՝ իրենց հայրենիքը, հացն ու ջուրը կիսելով անոնց հետ եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով մեր ժողովուրդի պայքարին։

Տէր Զօր եկած եմ մեր բարձր գնահատանքը յայտնելու բոլոր այն պետութիւններուն, կառավարութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ կանգնելով հայ ժողովուրդի արդար դատի կողքին։

Տէր Զօր եկած եմ աշխարհին ըսելու, որ կարելի է Տէր Զօրի Նահատակաց ուխտավայրը որպէս քարեղէն իրականութիւն քանդել, սակայն կարելի չէ Տէր Զօրի խորհուրդը ու ոգին քանդել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Տէր Զօրը մեր հաւաքական ժողովուրդի յիշողութեան մէջ արմատացած է. ան հոմանիշ է Ցեղասպանութեան, միաժամանակ՝ յարութեան. մահուան, միաժամանակ՝ կեանքի։ Հազարաւոր հայեր անցան Տէր Զօրէն, ոմանք ինկան Տէր Զօրի աւազներուն վրայ, ոմանք խեղթամահ եղան Եփրատ գետին մէջ. իսկ վերապրողները աշխարհի տարածքին շարունակեցին իրենց պահանջատիրական պայքարը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման։

Տէր Զօրը «Համազգային Ուխտատեղի» հռչակեցինք տարիներ առաջ, եւ արդարօրէն, անիկա կը մնայ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան ազգային ուխտատեղին, մեր դատին, մեր հաւատքին, վճռակամութեան, պայքարին ու տեսլականին ներշնչարանը։

Այսօր, քարուքանդ վիճակի մէջ կը գտնուի մեր ժողովուրդին կողմէ շինուած այս ուխտատեղին, որովհետեւ նոյն ցեղասպանն է անցած այս վայրէն եւ դարձեալ ցեղասպանութեան ենթարկած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքին ու կամքին արտայայտութիւնը եղող այս կառոյցը։ Սակայն, մենք չենք յուսահատած. մենք վճռած ենք վերաշինել Տէր Զօրի ուխտատեղին։ Նայեցէք մեր ժողովուրդի պատմութեան. ուրիշներ քանդած են, մենք՝ վերաշինած. ուրիշներ յուսահատութիւն ցանած են մեր կեանքէն ներս, սակայն մենք յոյս ներշնչած ենք մեր ժողովուրդին. ուրիշներ մահով շրջապատած են մեզ, մենք կեանքին կառչած ենք։

Այսօր եկած ենք Տէր Զօր Պէյրութէն, Դամասկոսէն, Հալէպէն, Քէսապէն, Լաթաքիայէն, Գամիշլիէն եւ Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն. Մեզի հետ եկած են հոգեւոր հայրեր, պետական երեսփոխաններ, Ազգային Իշխանութեան անդամներ, համայնքային պատասխանատուներ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները։

Եկած ենք յանուն մեր ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր հայու՝ մեր հաւատարմութեան ու յանձնառութեան ուխտը վերանորոգելու։

Եկած ենք Տէր Զօր մեր վճռակամութիւնը վերահաստատելու՝ թէ համազգային ճիգով մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրը։

Եկած ենք Տէր Զօր մեր համազգային պայքարը շարունակելու, մեր կամքը ամրացնելու՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր իրաւունքներու հատուցման։

Փառք ու պատիւ Տէր Զօրի գողգոթայէն անցած եւ յարութիւն առած մեր ժողովուրդին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

25 Մայիս 2022

Տէր Զօր, Սուրիա

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.