Թուրքիան ու ISIS-ը Զինակիցնե՞ր Են


Geopolitical Analysis and Monitoring կայքգջը կը գրէ, որ ներկայիս, երբ ամերիկեան ուժերը Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի (ISIS) դէմ ռազմական գործողութիւններ կը կատարեն՝ Օպամայի վարչակազմը պէտք է ՏԱՀԵՇ-ը բոլոր ճակատներու վրայ ճնշէ՝ թիրախ դարձնելով անոր ֆինանսաւորում ու զէնքեր մատակարարողները։ Կը կարծուի, որ այդ բոլորին առնչուած է Միացեալ Նահանգներու դաշնակից ու ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան։ Թուրքիոյ դերակատարութեան յստակացումը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն կը ծառայէ։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի որդին կը ֆինանսաւորէ մարդկային իրաւանց, ազատութեան ու մարդասիրական օդանդակութեան հասարակական կազմակերպութիւն IHH-ը (Foundation for Human Rights and Freedoms and Humanitarian Relief), որ ծանօթ է իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներու կատարած իր իր օժանդակութեամբ։

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ եւ ականաւոր դէմքեր Թուրքիոյ եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապը բազմիցս լուսարձակի տակ առած են։ Ըստ անոնց, Մարդկային իրաւանց ու ազատութեանց եւ մարդասիրական օժանդակութեան հիմնարկը (IHH) նշանակալից դերակատարութիւն ունի։ Նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդին՝ Պիլալ Էրտողան նշեալ հիմնարկի վարչութեան հետ կապեր ունի եւ իր հօր քաղաքական ցանցը կþօգտագործէ կազմակերպութեան համար դրամահաւաք կատարելու համար։ Կարգ մը աղբիւրներ կþըսեն, որ Պիլալ նոյնիսկ IHH-ի վարչութեան անդամ եղած է, սակայն IHH-ի կայքը ներկայիս անոր անունը չի նշեր։

1 Յունուար 2014-ի IHH-ին պատկանող բեռնակառք մը կանգնեցուեցաւ Ատանայի մօտ ոստիկանութեան անցարգելի մը վրայ։ Ան բեռցուած էր զէնքերով ու զինամթերքով եւ կþուղղուէր Սուրիա։ Իսկէնտէրունի պետական դատախազը փորձեց քննութիւն կատարել, սակայն քննութիւն կատարել արգիլուեցաւ։ Երբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին ու ՄԻԹ-ի կողմէ արդարադատութեան աշխատանքի խանգարման համար դատական հայց ներկայացուց զինք գործեն վտարեցին։ Բեռնակառքը կանգնեցուցած ոստիկանները գործէ արձակուեցան։ Կառավարիչը յայտնեց, որ գործողութիւնը »պետական գաղտնիք« մըն էր։

Սուրիա ուղղուող երկու փոխադրակառքերու մէջ եւս զինամթերք յայտաբերուեցաւ։ Ատանայի ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքէն ոստիկաններ զինամթերքի լուսանկարները փոխանցեցին լրատուամիջոցներուն։ Անոնք եւս գործէ վտարուեցան։

Յունուար 2014-ին, կառավարութիւնը Թուրքիոյ վարկը փրկելու փորձով մը ճնշում գործադրեց IHH-ի վրայ։ Թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին 23 անձեր, ներառեալ Քայիտայի բարձրաստիճան գործիչներ, որոնք կապ ունէին IHH-ի հետ։ Անոնց շարքին էր Միջին Արեւելքի մէջ Քայիտայի փոխ ղեկավարը, որ Կուանթանամոյի նախկին բանտարկեալ մըն է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ Քայիտայի ներկայացուցիչ Հալիս Պայանչուք։ IHH-ի դէմ քայլը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի լուծման »Ժընեւ-2« խորհրդաժողովէն առաջ, ուր կը նախատեսուէր, որ Թուրքիա յառաջատար դերակատարութիւն ունենայ։

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներ տակաւին կը պնդեն, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ ժիհատականներուն՝ անոնց Թուրքիայէն Սուրիա մուտքը դիւրացնելով, զէնքեր տրամադրելով եւ վիրաւոր զինեալներ թրքական պետական հիւանդանոցներու մէջ դարմանելով։

ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ 10 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԵՆ

Թուրք երեսփոխաններ նամակ մը յղեցին նախագահ Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի ՏԱՀԵՇ-ի հետ կառավարութեան կապերուն եւ IHH-ի գործունէութենէն կառավարութեան տեղեակ ըլլալուն մասին պաշտօնական բացատրութիւն մը պահանջելով։

Երեսփոխաններ կը հաղորդեն, որ առանց թիւի բեռնակառքեր շարունակ Սուրիոյ սահմանակից Ատանա, Քիլիս, Այնթապ եւ Կեսարիա քաղաքներուն մօտէն կþանցնին։ Անոնք կը հաւատան, որ բեռնակառքերը զէնք կը փոխադրեն։ Քիլիսի բնակիչները կը նշեն, որ թուրք պաշտօնատարներուն եւ սահմանին սուրիական կողմը գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու միջեւ սովորական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին։

Ըստ թուրք բժիշկի մը, թրքական հիւանդատարներ վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներ կը փոխադրեն։ Վիրաւորները պաշտօնական թուղթեր կամ անձագիրներ չունին։ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հոգայ անոնց դարմանումին ծախսերը։ Ապրիլ 2014-ին հրապարակուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի տխրահռչակ մէկ հրամանատարին՝ Ապու Մուհամատի Իսկէնտէրունի հիւանդանոցին մէջ դարմանուելու ընթացքին լուսանկարը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.