ԿՈՉ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ


Շաբաթ 20 Սեպտեմբերին, Ուինիփեկի մէջ, իր դռները հանրութեան պիտի բանայ Մարդկային Իրաւանց Գանատական Թանգարանը: Բացման հանդիսութեան պիտի հետեւին համերգներ ու այլ ձեռնարկներ, որոնք պիտի երկարին մինչեւ Կիրակի 21 Սեպտեմբեր:

Ինչպէս արդէն ծանօթ է, թանգարանը ունի յատուկ բաժին նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան: Ան նաեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է ՀՀ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին հետ, մարդկային իրաւանց ու կրթութեան ոլորտներուն մէջ միացեալ ծրագրեր իրականացնելու:

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի առաջադրանքներէն մին՝ թանգարանի բացման արարողութեան, հայկական ներկայութիւն ապահովելն է: Մեր բաղձանքն է, որ այդ պատմական օրը, մեր համայնքի պաշտօնական հրաւիրեալներու կողքին՝ ներկայութիւն ըլլան նաեւ մեր գաղութի անդամները առհասարակ:

Այս առթիւ, կոչ կ’ուղղենք բոլոր անոնց որոնք կարելիութիւնն ու փափաքը ունին այս երթին իրենց մասնակցութիւնը բերելու, միանա’ն մեր պատուիրակութեան ու սատարեն Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի մեկնարկի միջոցառումներէն մին հանդիսացող այս նախաձեռնութեան:

Արձանագրութեան եւ այլ մանրամասնութեանց համար կապուիլ հետեւեալ թիւերուն-

Արեւմտեան Գանատա՝ Հայր Հրանդ Թահանեան (604) 626 9627

Օնթարիօ՝ Տարօն Քեսքինեան (416) 670 7965

Քեպէգ՝ Հայկ Թրավըլ (514) 284 7676

Մարդկային Իրաւանց Թանգարանի բացման օրուան մասին տեղեկութիւնները ստանալ անոր կայքէջէն՝ www.humanrights.ca

 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՐՄԻՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.